ԲԱԼՈՒ – ՁՈՒԿԵՐ. ԱՐԱԾԱՆԻ ԳԵՏԻ ՁՈՒԿԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ` ԸՍՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ

Համացանցային լայն ու համապարփակ աշխարհին մէջ ուրախութիւն է տեսնել նաեւ հայկական անցեալին, ներկային, պատմութեան ու արժէքներուն վերաբերող կայքէջերու ստեղծումը: Այս առումով իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Յուշամատեան կայքէջը` www.houshamadyan.org, որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց է թէ՛ տարած աշխատանքով եւ թէ՛  ապագայի ծրագիրներով:

«Յուշամատեանը անունն է հանրօգուտ (ոչ-շահաբեր) միութեան մը, որ հիմնուած է Պերլինի մէջ 2010 թուականին: Ան իր դիմաց ունի հիմնական յանձնառութիւն մը` հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ապրած կեանքին յիշողութիւնը:

Մեր հետազօտութիւնները կ՛ընդգրկեն Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան բոլոր մարզերը, ինչպէս ընկերային պատմութիւն, առօրեայ կեանքի պատմութիւն, տեղական մանրապատմութիւն, բարբառներ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նիւթական մշակոյթ, եւ այլն: Այս իմաստով ալ մեզ համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն օսմանեան հայերուն վերաբերող մշակութային արժէք ունեցող իրերու  հաւաքումն ու պահպանումը, ինչպէս օրինակ պատմական նշանակութեամբ երաժշտական ձայնագրութիւններ, հին լուսանկարներ, գեղանկարներ, հին ֆիլմեր, քարտէսներ, եւ այլն», կը գրեն «Յուշամատեան»ի պատասխանատուները` իրենք իրենց մասին խօսելով:

Նշենք, որ կայքէջը նաեւ բաց հրաւէր մըն է` ուղղուած բոլոր այն այցելուներուն, որոնք կը փափաքին իրենց սեփական նիւթերը Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դնել: «Մենք պատրաստ ենք ընդունելու ամէն տեսակի նիւթեր (յօդուածներ, գիրքեր, արխիւային նիւթեր, լուսանկարներ, քարտէսներ, ձայնագրութիւններ, ֆիլմեր, եւ այլն), որոնք կրնան նորութիւններ բերել մեր ձեռնարկած աշխատանքին: Այս հարցով կարելի է ուղղակի ելեկտրոնային նամակ մը յղել մեր հասցէին` [email protected] եւ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս անհրաժեշտ բոլոր բացատրութիւնները տալու ուղարկուելիք նիւթին գործածութեան պայմաններուն ու հեղինակային իրաւունքներուն մասին»:

Բաւական հարուստ եւ խոստմնալից կայքէջ մըն է այս մէկը, որմէ արտատպում կատարած էինք նաեւ նախորդ շաբթուան ընթացքին` Մարաշի մասին երկու նիւթերով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Յուշամատեան»-ին մէջ տեղ գտած բաւական հետաքրքրական յօդուած մը` Բալուի ձուկերուն մասին, որոնցմով նշանաւոր էր շրջանը:

«Ա.»

Բալու քաղաքը՝ Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած

Հաւանական է, որ այս ցանկը ամբողջական չէ: Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), ծնած ու մեծցած` Արածանիի (Մուրատ չայ, Արեւելեան Եփրատ) ափին գտնուող Թըրխէ (այժմ` Քեքլիքտերէ) գիւղին մէջ, զայն պատրաստած է ըստ իր յիշողութեան, այնպիսի ժամանակ մը, երբ այլեւս կ՛ապրէր շատ հեռու իր հայրենի բնաշխարհէն: Ան մօտէն ծանօթ էր ձուկերու այս տեսակներուն, մանաւանդ որ յաճախ ձկնորսութիւն կ՛ընէր Արածանի գետին մէջ: Այստեղ նշուած ձուկերուն անունները հայերու կողմէ տրուած անուանումներ են: Աւելի՛ն. հաւանական է, որ այս գործածուած անունները յատուկ են Բալուի շրջանին:

Թոսթոս

Անիկա իր միսին մէջ բնաւ փուշ չունի, բացի անշուշտ ողնայարին ու թեւերուն ոսկորներէն: Համեղ է ու իւղալի, բայց ոչ` այնքան դիւրամարս: Ունի սղոցաձեւ լողակներ, որոնց հարուածները կրնան վտանգաւոր ըլլալ: Գոյնը սեւի մօտ է, մանաւանդ` անոր կռնակի բաժինը, իսկ փորը աւելի շատ մոխրագոյն է: Գլուխը տափակ է, ունի կախուած շրթունքներ եւ երկար պեխեր: Թոսթոսին ամէնէն մեծ տեսակը կրնայ մէկ քիլոյէն քիչ մը աւելի կշռել [1]:

Սանտրիկ

Տափակ է եւ փշոտ: Մանրակազմ է եւ Արածանիի մէջ` շատ առատ: Ամէնէն մեծը 300 կրամէն աւելի չի կշռեր:

Մոզ

Ձկնորսութիւն Եփրատի ջուրերուն մէջ

Կը համարուի Արածանիի ամէնէն ընտիր ձուկը: Կազմուածքով գեղեցիկ է, նաեւ` մսոտ, քիչ փշոտ, համեղ եւ դիւրամարս: Ձկնորսներուն ամէնէն փնտռած ձուկն է: Շրթունքները կախուած են իր դունչէն: Իր ժողովրդականութեան պատճառով մոզին իւրաքանչիւր չափը կը կրէ իր յատուկ անունը: Այսպէս, ամէնէն փոքր տեսակը կը կոչուի մագոգ, կրկին չափը ունեցողը` զրտըք, աւելի մեծը` պալտըր, իսկ ամէնէն մեծ տեսակը` ռատամ: Այս վերջինը հազուադէպօրէն կ՛որսացուի: Անոր ծանրութիւնը կը գնահատուի 19-20 քկ.: Պալտըր տեսակը կրնայ կշռել 7-9 քկ.: Այս ձուկերը երբ գետին մէջ որեւէ տեղ մը սիրեն, կրնան հարիւրներով այնտեղ լեցուիլ: Սարգիսեան կը պատմէ, թէ ինչպէս անգամ մը Թըրխէէն համագիւղացի ձկնորսներ 45 հատ պալտըր տեսակի մոզեր կ՛որսան ու չորս էշերու վրայ բեռցուած` կը փոխադրեն զանոնք գիւղ [2]:

Խատ

Կռնակին վրայ կ՛երեւին համաչափ գիծեր, իսկ փորին կողմը դեղնագոյն է: Հաւանական է, որ իր անունը խատուտիկ բառին կրճատումը ըլլայ: Անիկա առատ է Արածանիի մէջ: Մանրակազմ է, միսը փշոտ է, իսկ համը` ախորժելի: Խատը կը կշռէ մօտ կէս քկ.:

Չոր անկաճ (ականջ)

Շատ առատ է Արածանիի մէջ: Ձկնորսներուն մօտ մեծ յարգ չունի, նկատի ունենալով, որ անիկա փշոտ եւ անհամ է: Ի տարբերութիւն միւս ձուկերուն, այս մէկուն գլուխը չեն ուտեր` անոր ականջներուն չորութեան եւ լեղիութեան պատճառով:

Դըռ

Չափազանց մսոտ  ու գէր է: Նոյն այս յատկանիշներուն պատճառով այս ձուկը բաւական դանդաղաշարժ է: Անոր անունը անցած է նաեւ գիւղացիին առօրեայ բառապաշարին մէջ: Այսպէս ան դըռ կ՛անուանէ իր դանդաղ ու ծանրաքայլ ձին, ջորին, գոմէշը, եզը կամ էշը: Գոյնը ճերմակի կը զարնէ: Այս ձուկին մեծ տեսակները կրնան մինչեւ 20 քկ. կշռել:

Շրպութ (կամ շապպօթ)

Ասոր գոյնն ալ ճերմակի կը զարնէ: Մէջքի հաստութիւնը աննկատելի է, գլուխէն մինչեւ պոչը նոյն համաչափութիւնը ունի: Մեծապէս դժուար որսացուող ձուկ մըն է: Ան իր գլխու հարուածներով կրնայ ուռկանները պատռել ու դուրս գալ անոնց մէջէն [3]: Ասոր միսին համը գրեթէ հաւասար է մոզին համեղութեան:

Օձաձուկ

Բալուի մէջ սովորութիւն չկայ զայն որսալու: Այս պատճառով ալ Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ ինք անկարող է անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ [4]:

1.- Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 225:

2.- Նոյն, էջ 226:
3.- Նոյն, էջ 227:
4.- Նոյն, էջ 228:

Share this Article
CATEGORIES