ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ

ՊՈԼԻՍ

ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

8 յունուարին, վեցամսեայ վերանորոգումէն ետք, Պոլսոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բացումը:

1392-ին հիմնուած Պոլսոյ ամենահին հայկական եկեղեցին համարուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը վերանորոգուեցաւ Պոլսոյ Շիշլիի քաղաքապետարանին կողմէ:

Երեք եկեղեցիներու միասնութեամբ կազմուած կառոյցը սեփականացման պատճառով կորսնցուցած է կառոյցին մեծ մասը, որմէ ետք 1962-ին դարձեալ կառուցուած է:

Ներկայ վերաշինութեամբ իրականացան արտաքին երեսի եւ ներքին յարդարանքները:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ  Արամ արք. Աթէշեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Շիշլիի քաղաքապետին` եկեղեցին քաղաքապետարանի միջոցներով վերանորոգելու համար, որմէ ետք օրուան խորհուրդին համար յուշանուէրներ յանձնեց Շիշլիի եւ Միւնիխի քաղաքապետներուն:

 

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
ԿԱՐԴԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
2012 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ

22 յունուարին Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանի տնօրինումով, յընթացս Ս. պատարագի, Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ եկեղեցիներուն մէջ  կարդացուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը, որով ան 2012 տարին կը հռչակէ «ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ», յատկապէս այն մտադրութեամբ որ այս տարի կը լրանայ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակը, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ քաղաքամայր Երեւանը հռչակուած է գիրքի մայրաքաղաք:

Հայրապետական իր հռչակագրին մէջ վերլուծական համապարփակ հայեացքով կը ներկայացնէ հայ գիրքին կարեւոր տեղն ու դերը մեր ազգի գոյատեւման իմաստով, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, ուր հայրենի հողէն զրկուած մեր ժողովուրդի զաւակները վեհափառ հայ գիրքը ունին իբրեւ զօրեղ կռուան` իրենց լեզուն եւ ինքնութիւնը պահպանելու համար: Այնուհետեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը ներկայացնէ տպագրութեան գիւտը կանխող ժամանակաշրջանէն սկսած, մինչեւ տպագրութիւնը Աստուածաշունչ մատեանին, եւ անոր հետեւող 500-ամեայ ճանապարհը հայ գիրքի տպագրութեան: Ան յատկապէս կը յիշէ այդ ճամբուն վրայ իր կարեւոր տեղը ունեցող իրանահայ գաղութը` Նոր Ջուղայի տպարանով, ուր 1638 թուականին առաջին անգամ ըլլալով տպագրուած է «Սաղմոսարան»-ը:

Հռչակագիրը ապա կը ներկայացնէ Հայ եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը հայ գիրքի տպագրութեան ոլորտին մէջ, իսկ եզրափակիչ հատուածին մէջ ան կոչ կ՛ուղղէ համայն հայ ժողովուրդին, որ 2012 տարուան ընթացքին ուշադրութիւնները կեդրոնացուին հայ գիրքին վրայ:

Հռչակագիրը կարդալէ ետք, կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբը կոչ ուղղեց ժողովուրդին` ամբողջական մասնակցութիւն բերել տարուան ընթացքին բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու կողմէ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն` նուիրուած Հայ գիրքի տարուան:

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կողմէ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուելէ ետք, Թաւրիզ հասնելու յաջորդող օրերուն, Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ թեմի կառոյցներուն` կազմակերպութիւններու, միութիւններու, յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու հետ:

Թեմի ազգային երեսփոխաններուն հետ հանդիպումը, Թաւրիզի եւ Ուրմիայի մէջ, առիթ հանդիսացաւ յառաջիկայ աշխատանքներու շուրջ միտքերու փոխանակման, ինչպէս նաեւ թեմի կանոնագրի որոշ հարցերու յստակեցումին: Թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ ժողովական աշխատանքները ընդգրկեցին առօրեայ գործնական այն աշխատանքները, որոնք օրակարգի վրայ հրատապ հարցերը կը ներկայացնեն:

Այնուհետեւ, հայր սուրբին հետ հանդիպումներ ունեցան թեմի կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցող բոլոր կառոյցները` «Արարատ» մարզամշակութային միութիւնը, Թաւրիզի հայկական դպրոցներու տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, հոգաբարձութիւնը եւ Ծնողական խորհուրդը: Հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ ՀՕՄ-ի, «Ռոստոմ-Գասպար գրադարան»-ի վարչութեան, Թաւրիզի եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբի, «Հ. Ոսկանեան Ազգային Սրահ»-ի վարչութեան, Հայ համալսարանականներու միութեան, Վանքերու ուխտագնացութեանց Կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Եկեղեցիներու խնամակալ մարմինի անդամուհիներուն հետ:

Ուրմիոյ մէջ իր ժողովրդային պաշտօնական անդրանիկ հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր ծանօթացման հանդիպում կառոյցներուն` երեսփոխաններուն գործխորհուրդի անդամներուն եւ յարակից մարմիններուն հետ:

Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին, հայր սուրբը շեշտեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ընդգծելով, որ այդ է միակ ճանապարհը աշխատանքներու արդիւնաւորման: Ան բոլոր կառոյցներուն թելադրեց հանդիսաւոր շուքով նշել վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած «2012` Հայ գրքի տարի»ն, որ հայոց լեզուի պահպանումին ու յառաջդիմութեան կարեւոր լծակներէն մէկն է:

24 յունուարին կաթողիկոսական փոխանորդը ընդունեց Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան ներկայացուցիչները, Թեմական խորհուրդի անդամներուն, եւ Թաւրիզի նոյնանուն մասնաճիւղի վարչութեան ներկայութեան, իսկ

26 յունուարին, Ազգային առաջնորդարանի «Գնդ. Էմիլ Յակոբեան» Դահլիճին մէջ, գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Յեղափոխութեան 33-ամեակի տօնակատարութեանց կազմակերպչական ժողովը` մասնակցութեամբ թեմի բոլոր կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

 

ԹԵՀՐԱՆ

ՆՈՒՆԷ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԱԿ-ի Երէցներու միութեան 19-20 յունուարին Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ հանրայայտ երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի դուստր մեներգչուհի Նունէ Պատալեան:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով  Հանրային-հասարակական բաժանմունքի պատասխանատու Արմինէ Գրիգորեան ներկայացուց Նունէ Պատալեանի կենսագրութիւնը եւ երաժշտական գործունէութիւնը: Ապա արուեստագիտուհին երկու բաժինով կատարեց հայերէն,  պարսկերէն եւ արեւմտաեւրոպական դասական ու ժողովրդական երգեր:

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՆ
ՄԻՆՉԵՒ 3 ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակման առիթով,  20  յունուարին Սասուն քաղաքամասի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս ծիրէն ներս իրականացուող վերջին ձեռնարկը:

Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ Մանուկներու տարուան յանձնախումբին, ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, մինչեւ 3 տարեկան մանուկները օրհնուեցան: Օրհնութեան ժամանակ բոլոր մանուկներուն բաժնուեցան խաչեր: Թեմի առաջնորդը կոչ ուղղեց ծնողներուն` նախանձախնդիր ըլլալ մանուկներու քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ:

Հայ մանուկներու տարուան յանձնախումբի պատասխանատու Այրինա Նորաւեան նկատել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մանուկները համախմբելով` համայնքներուն մէջ ծնունդներու թիւը ճշդել եւ ծնողներուն հետ կապ հաստատել:

Նախքան օրհնութիւնը` «Նայիրի» սրահին մէջ մինչեւ 3 տարեկան մանուկներու հետ առնչուած առողջապահական խորհուրդներու եւ անոնց կեանքին մէջ հայրերուն ունեցած դերակատարութեան մասին ելոյթ ունեցան Սպահանի պետական համալսարանի հիւանդապահութեան ճիւղը աւարտած Ալիս Խաչեան եւ Թեհրանի Բժշկական համալսարանի մէջ ուսանած հոգեբան Հրայր Դանիէլեան:

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ

20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

26 յունուարին Յունաստանի զինուած ուժերու «Սպայի տան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:

Հայաստանի զինուած ուժերու վերակազմաւորման, հայ-յունական պատմական դարաւոր զինակցութեան եւ ներկայ երկկողմ ռազմական համագործակցութեան մասին ամփոփ ելոյթով հանդէս եկաւ  Հայաստանի ռազմական կցորդ,  գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան: Շեշտուեցաւ  հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան կայունութիւնը:

Այնուհետեւ ազգային ռազմական պարերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի պարախումբը:

 

ՌՈՒՍԻԱ

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

27 յունուարին, Ռուսիոյ Հանրային-քաղաքական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կազմակերպման համար Մոսկուայի մէջ ձեռնարկներու համակարգման յանձնաժողովի հիմնադիր նիստը, որուն հրաւիրուած էին հանրային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ փորձագէտներ: Հաստատուեցաւ յանձնաժողովին կազմը, ստեղծուեցան աշխատանքային խումբեր, որոշուեցաւ  յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք ձեռնարկներուն ցանկը:

Յանձնաժողովը աշխուժօրէն պիտի համագործակցի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համապատասխան պետական ու հասարակական կառոյցներուն հետ:

 

ՎԻԵՆՆԱ

«ԵՐԿԻՄԱՍՏ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ» ԹԵՄԱՅՈՎ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

18 յունուարին Վիեննայի «Քալչըր քոնթեքթ օսթրիա» կեդրոնի ցուցահանդէսային համալիրին մէջ ներկայացուեցաւ հայ արուեստագէտներ Կարինէ Մացակեանի, Մհեր Ազատեանի եւ Կարէն Ալեքեանի նկարներու ցուցահանդէսը` «Երկիմաստ սահմաններ» խորագրով: Ցուցահանդէսը իրականացուեցաւ Աւստրիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի դաշնային նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Արթիսթ ին ռեզիտընս» ծրագրի շրջանակներուն մէջ` աջակցութեամբ «Քալչըր Քօնթեքթ Օսթրիա» կեդրոնին:

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 24 փետրուար:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՄԱՐՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի,   կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ Պըրպենքի «Աղբալեան» կոմիտէին անցնող շաբաթներուն Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խրախճանք մը, որուն ընթացքին ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան երկու դաշնակցական գործիչներու յանձնեց Արցախէն ու Հայաստանէն փոխանցուած շքանշաններ:

Իզմիրեան խօսք առնելով յայտարարեց, որ Արեւմտեան Ամերիկան եղաւ այն օրինակելի շրջաններէն, ուրկէ բազմաթիւ կամաւորներ Արցախի ազատութեան պատերազմին իրենց նուիրական մասնակցութիւնը բերին: Ապա ան «Արցախի ազատագրութեան պայքարին մէջ կատարած յատուկ ծառայութիւններու համար» ԼՂՀ «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահին կողմէ շնորհուած  «Մայրական երախտագիտութեան շքանշան»-ը յանձնեց բանաստեղծ,  հասարակական գործիչ Խոսրով Ասոյեանի, իսկ  Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հրամանով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանը յանձնեց արցախեան ազատամարտին մասնակցած Սագօ Սահակեանի:

Իզմիրլեան ներկաներուն յիշեցուց, որ անցեալ տարիներուն նաեւ, Արեւմտեան շրջանէն այլ կամաւորներ շքանշաններ ստացած են` իբրեւ գնահատանք արցախեան ազատագրական մարտին իրենց մասնակցութեան:

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ»
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ`

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՅԴ 121-ԱՄԵԱԿԻՆ

22 յունուարին  «Կլենտէյլ հայ սքուլ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդիս հետ,  ժողովուրդիս համար» նշանաբանով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 121-ամեակի տօնակատարութիւնը:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Աւետիք Իզմիրլեան: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան էութիւնն ու իր գործի ամբողջ ներուժը ամփոփուած են իր գաղափարական համակարգին մէջ, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի անհատի ազատագրութեան, եւ ազգի ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Իզմիրլեան  նկատել տուաւ,  որ տակաւին շատ ընելիքներ կան հայ մարդու ազատութիւնը ապահովելու իր իսկ հայրենիքին մէջ: Ան շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը աւելի քան 120-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին գործած է ու պիտի գործէ` հաստատ մնալով իր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ժողովուրդի մը գոյատեւումը առաջին հերթին պայմանաւորուած է գաղափարի հանդէպ անոր ունեցած հաստատ հաւատքով ու այդ  գաղափարի պաշտպանութեան ու յաղթանակին ի խնդիր անոր անդադար պայքարով:

Անդրադառնալով  Հայ դատի պահանջատիրութեան` ան բացատրեց, որ կը գտնուինք պատմական հանգրուանի մը մէջ, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչման հանգրուանէն քայլ մը անդին` պատմական իրաւունքներու վերականգնումի` հատուցման պահանջի հանգրուանին մէջ ենք, աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները կը շարունակուին,  որուն ցայտուն վերջին յաջողութիւններէն մէկն է, տասնամեակներու ընթացքին քաղաքականօրէն հասունցած ֆրանսահայ գաղութի Հայ դատի ճիգերուն որպէս արդիւնք, Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով Հայ դատի կողմէ տարուող աշխատանքները իրենց լրումին պիտի հասնին նոյնինքն ցեղասպանին` Թուրքիոյ կողմէ իր յանցանքի ընդունման, եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման ճամբով:

ՀԵԴ-ի խօսքը փոխանցեց Դաւիթ Առաքելեան,  որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր,  նաեւ ցուցադրուեցան երկու տեսաերիզներ` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբիա ծաւալած քաղաքական գործունէութեան եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան մասին:

«ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԵՃԻ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Մաշտոց» քոլեճի հիմնադրութեան 20-ամեակին եւ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի համալսարանական ղեկավարութեան 35-ամեայ վաստակին նուիրուած համագաղութային ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ ամիսներուն. անոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 19 փետրուարին,  Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ,  ուր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պիտի ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ իր լուսանկարները, իսկ Յասմիկ Գլըճեան` իր խաչատիպ հայկական տառերը:

Ցուցահանդէսին պիտի յաջորդէ մշակութային տօնակատարութիւն մը` մասնակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Այտընեան» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ` Կրեկ Սարոյեանի եւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Նորա Ռումեան-Պայրամեանի: Յայտագիրին նաեւ մաս պիտի կազմեն արուեստագէտներ` Անահիտ Հալապի,  Մարինէ Ապտաշօ, Սալբի Քելեշեան, Մարալ Բարսեղեան, Սօսի Քէշիշեան, Վաչէ Մանկրեան,  Կարօ Սիւլահեան եւ Մայքըլ Արապեան: Գլխաւոր բանախօսն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս դոկտ. Հրայր Տեքմեճեան:

«Մաշտոց» քոլեճը 1992-էն ի վեր ունեցած է 4916 շրջանաւարտներ, որոնցմէ 4605-ը անցած են աշխատանքի ասպարէզ: Քոլեճը կազմակերպած է գաղութային 212 ձեռնարկներ, ներկայացուցած է պատկերասփիւռի 1172 յայտագիրներ,  հաստատած է քոյր համալսարաններու դրութիւնը Հայաստանի չորս համալսարաններու հետ, պատուած է արժանաւոր 98 հայեր, նաեւ 12 մտաւորականներ ալ արժանացած են «Պատուոյ դասախօս» կոչումին, իսկ 10 առաջնորդներ` «Պատուոյ դոկտորա»-ի տիտղոսին: Քոլեճը ցարդ կազմակերպած է 7 ուխտագնացութիւններ դէպի բռնագրաւեալ Հայաստան, իսկ անոր կրթական ծրագիրին մաս կը կազմէ 20 մասնագիտութիւն:

 

ՔԱՆԱՏԱ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Վերջերս, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գեղարուեստական «Հայաստան ասելիս….» երեկոն:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թամար Տօնապետեան (ասմունք), Սոնա Գալթակեան (ջութակ), Թալին Գըլըպոզեան (դաշնամուր), Այլին Հերոսեան (սոփրանօ), Մատիանա Թորոսեան (քանոն), Ջիվան Ստեփանեան (տուտուկ), Լոռի Նաճարեան (պար) եւ Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբը:

Գեղարուեստական յայտագիրը բաժնուած էր չորս մասերու. ա- «Լեռներ հայրենի», բ- «Հայաստան ասելիս…» գ- «Եղեռն եւ վերածնունդ», եւ դ- «Իմ արմատները…»: Մասնակցողները մեկնաբանեցին իւրաքանչիւր բաժնին նուիրուած երգեր, արտասանութիւններ եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններ:

Աւարտին Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Արշօ Արապաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԱՆՈՒՆՈՎ
ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

29 յունուարին, Չիլիի Պուէրտօ Ուիլիըմս բնաւանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» անունով  հրապարակի բացում եւ զետեղուեցաւ Հայաստանէն բերուած խաչքարը: Պուէրտօ Ուիլիըմսի հայկական խաչքար նուիրելու գաղափարը կը պատկանի արժանթինահայ գործարար, «Քորփորասիոն Ամերիկա» ընկերութեան նախագահ Էտուարտօ Էրնեկեանի:

Բացման հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկան գործարար Էտուարտօ Էրնեկեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ դեր ծովակալ Ումբերտօ Ռամիրես Նաւարօ:

Այնուհետև Էտուարտօ Էրնեկեան, դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ պատուաւոր հիւպատոս Էտուարտօ Ռոտրիկես Քուառաչի, դեր ծովակալ Ումբերտօ Ռամիրես Նաւարոյի ուղեկցութեամբ այցելեցին Պուէրտօ Ուիլիըմսէն  75 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հոռն հրուանդանը, ուր «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմը հոն գտնուող մատուռին նուիրած էր հայկական խաչ մը, եւ խաչի կողքին զետեղեցին յուշատախտակ մը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES