ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ. ԱՏԵՆԱՄԱՐԶԱՆՔ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ

Հայ աւետարանական քոլեճի Հայկական ակումբին նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 յունուար 2012-ի հերթական ատենամարզանքը նուիրուած էր Ֆրանսայի ծերակոյտին տուած ցեղասպանութիւններու դատապարտումը քրէականացնող որոշումին:

Հայաստանի ու Ֆրանսայի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վիգէն Իգնատոսեան (ԺԲ. կարգ), որմէ ետք սահիկներու ցուցադրութեամբ ծերակոյտի որոշման պատմութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ դատի միջազգայնացման գործընթացը ներկայացուց Էնժի Քիրեճեան (ԺԱ. կարգ):

Դպրոցի  երկարամեայ տնօրէն, բազմավաստակ պատմաբան ու Հայոց ցեղասպանութեան ու Հայ դատի հոլովոյթի մասնագէտ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան համառօտ ակնարկ մը նետեց Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման պատմութեան վրայ` սկսելով առաջին օրերէն: Ան մատնչելի կերպով բացատրեց այն ջանքերը, որ թափեցին  հայկական ազգային մարմիններ` հասնելու համար այսօրուան պատմական ձեռքբերումին, որ կարեւոր հանգրուան մըն է, բայց վերջ մը չէ, նշեց դոկտ. Մսըրլեան, շարունակելով, որ նոյնինքն Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան դիմագրաւելիք ու յաղթահարելիք:

Ատենամարզանքի փակումը կատարեց Հայկական ակումբի խորհրդատու դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ կոչ ուղղեց աշակերտներուն զինուելու գիտելիքով ու ազգային ոգիով, որովհետեւ հերթը իրենց պիտի հասնի` մղելու նման պայքարներ ու արձանագրելու նոյնատիպ նուաճումներ:

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES