Ս.ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ – ՏՈՀԱ, ՔԱԹԱՐ
ԳԱՐՈԼԻՆ ՄՍՐԻԷ – ՍԵՐՈԲԵԱՆ
Վերջերս, տնտեսական պայմաններու բերումով Քաթար տեղափոխուած հայերը, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, թիւի արագընթաց աճ կ՛արձանագրեն: Ուստի, երբ այնտեղ տակաւին անգոյ է զիրենք մէկ յարկի տակ հաւաքող հայ եկեղեցին, անոնք հարկադրուած են հայերէնահունջ իրենց պատարագը մատուցել այլ քրիստոնեայ համայնքի մը եկեղեցւոյ մէջ` յարմարելով մէկ կողմէ այդ եկեղեցւոյ պարագաներուն եւ միւս կողմէ` համայնքը այցելող եւ օրուան պատարագը մատուցող հոգեւոր հովիւներու կարելիութիւններուն:
Սուրբ Ծնունդէն երկու շաբաթ ետք էր միայն, որ Քաթարի հայերը կրցան նոյն առիթով պատարագ մատուցել զիրենք ջերմապէս հիւրընկալող Քաթարի ղպտի Համայնքի եկեղեցւոյ մէջ:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Արսէն Հալաճեան բացատրեց,որ 2001 թուականին, երբ տակաւին եկեղեցական կառոյցներ չկային, հայեր տարին երկու առիթներով` Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յարութեան, պատարագ կը կատարէին պանդոկներու մէջ:
Ներկայիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի առաջարկով ու ղպտիներու պապին վաւերացումով, տարին երկու անգամ պատարագ կը մատուցուի ղպտիներու եկեղեցւոյ մէջ:
Ան նաեւ յստակացուց, թէ այս մէկը պիտի շարունակուի մինչեւ հայ եկեղեցիի մը կառուցումը, որուն հողատարածքի խոստումը տրուեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալթանիի կողմէ` վեհափառ հայրապետին, վերջինին 2011 թուականի փետրուար ամսուան ընթացքին Քաթար պաշտօնական այցի ժամանակ:
Հետեւաբար միայն աշխատանքով, հետապնդումով ու նիւթական ներդրումներով է, որ կարելի է պատուած տեսնել մեր եկեղեցական կառոյցը:
Օրուան պատարագը մատուցեց ու քարոզեց Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Պատարագի աւարտին ան փոխանցեց, թէ Քաթարի հայ համայնքը նոր ձեւաւորուող համայնք մըն է, եւ այստեղ կան հայորդիներ, որոնք գիտակից իրենց ինքնութեան եւ աւանդոյթներուն` կը փորձեն հայօրէն ապրիլ իրենց կեանքը:
Ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իբրեւ ծառայական առաքելութիւն, իր հոգեւորականներու միջոցով, հոն է, ուր կայ հայ ժողովուրդը:
Ան հաստատեց, որ ինք հաւատացող է եւ յոյսով, որ վերջապէս Քաթարի հայ գաղութն ալ իր համայնական եւ հոգեւոր տունը պիտի կառուցէ` մէկտեղուելու անոր երդիքին տակ:
Պատարագին նաեւ իր սիրալիր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ, Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեանը, որ իր կարգին մաղթեց, որ Քրիստոսի ծնունդը ըլլայ ծնունդը քրիստոնէութեան, որովհետեւ քրիստոնեան այն մարդն է, որ արդարօրէն կը կատարէ իր պարտականութիւնները` հաւատալով Աստուծոյ գոյութեան: Նաեւ մաղթեց, որ Քրիստոնէութիւնը բոլորիս համար ըլլայ մահէն վերստին կեանքի վերադառնալու տօն:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան մօտաւորապէս 125 հայորդիներ, հակառակ որ համայնքին թիւը այսօր առնուազն յիշեալ թիւին քառապատիկն է: Պատճառը կը կայանայ երբեմն չտեղեկացուելու, երբեմն ճանապարհներու հեռաւորութեան ու առիթը ճիշդ թուականին չյիշուելու մէջ:
Յոյսով ենք, թէ օրէ օր ալ աւելի կազմակերպուող ու ձեւաւորուող այս հայկական համայնքը, շնորհիւ իր ազգային ու եկեղեցական պարտականութեան գիտակից զաւակներուն, մօտ ապագային իրեն շնորհուած հողատարածքին վրայ պիտի կառուցէ իր մնայուն տունը` հայ եկեղեցին:


