«ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ԿԸ ՆԱԽԱՆՁԻ» Կ՛ԸՍԷ ՉԱՂԼԱՅԱՆ
Թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայան յայտարարած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կը նախանձի:
«Սարքոզիի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին պատճառը այն է, որ ան կը նախանձի այն տնտեսական յաջողութիւններուն, որոնց հասած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, եւ այդպիսով կը փորձէ Ֆրանսայի մէջ տիրող տնտեսական իրավիճակէն ուշադրութիւնը շեղել եւ ծածկել տնտեսական մարզին մէջ իր ձախողութիւնը», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական


