ԺԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԱՐԴԸ` ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԿԵՐԻՆ ՊԷՍ

Առածը կ՛ըսէ, որ երկու երնէկ միատեղ չեն ըլլար:

Բայց ես, խօսելով Ժան Աւագեանի մասին, պիտի փաստեմ, որ ոչ միայն երկու, այլ հազար եւ երկու երնէկ միատեղ կ՛ըլլան:

Անդրադառնալով իր արտաքին տեսքին եւ ապա` կարեւորագոյնը, թափանցելով իր հոգիին խորքերը` պիտի տեսնէք անոր նկարագրի բազմաճիւղ արժանիքները, ձիրքերն ու շնորհքները, կրկին համոզուելով` պիտի հաստատենք Աստուածաշունչի առաջին իսկ էջերուն յիշատակուած խօսքը:

«Աստուած մարդուն ստեղծեց իր իսկ պատկերին նման»:

Յիշելով Ժան Աւագեանին եկեղեցասէր ոգին, ամուր հաւատքն ու երկիւղածութիւնը, յատկապէս` մաքուր հոգին, որ անմիջական կապ ունէր եկեղեցւոյ հետ, այս անգամ պիտի հաստատենք Վ. Թէքէեանին խօսքը` «Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»:

Ջիւանիին հետ պիտի համաձայնինք, երբ ուզենք խօսիլ Ժան Աւագեանին կենցաղին ու վարքին մասին` «Բարի, գեղեցիկ, առաքինի` ընկերը մարդուն»:

Եւ եթէ գուսան Շահէնը նոյն ժամանակաշրջանին ապրած ըլլար, ոչ միայն Պ. Սեւակին, այլ նաեւ Ժան Աւագեանն ալ պիտի ընդգծէր իր երգով:

«Որպէս մի ծաղիկ հողից դուրս ելայ,
Կեանքին ժպտացի, անցայ գնացի:
Հալէպի սոխակն եմ, երգեցի նոր-նոր,
Կեանքս տուեցի, անցայ գնացի»:

Իսկ եթէ Շիրազը հանդիպած ըլլար Ժան Աւագեանին, թերեւս պզտիկ փոփոխութեամբ իր գրութիւնը այսպէս պիտի ներկայացնէր:

«Հայր Աստուածը մեր տան»:

Երեւի Գուսան Աշոտը հանդիպեր էր Ժան Աւագեանին եւ ահա, անկէ ետք էր, որ ներշնչուելով` պիտի երգէր`

«Օճախդ շէն, այգիդ ընդմիշտ դալար է,
Մայր Արաքսի նման սէրդ վարար է,
Ո՛վ Այգեպան, դու իմաստուն իմ Հայրիկ»:

Վերջապէս գուսան Շերամը հիացած պիտի ըսէր:

«Այնպէս մի հրեշտակ տեսայ,
Բայց, աւա՜ղ, շուտ զրկուեցայ»:

Որովհետեւ, իսկապէս պրն. Ժանը հրեշտակի պէս ապրեցաւ եւ հրեշտակի պէս մահացաւ:

Երկա՜ր տարիներ իր քաղցր ձայնը հնչեց մեր բեմերէն եւ եկեղեցւոյ խորանէն:

Երգելով բոլոր գուսանները եւ բանաստեղծները` տարիներ շարունակ հանդիսացաւ ո՛չ միայն «Զուարթնոց» երգչախումբին, այլ ամբողջ հալէպահայութեան ձայնարուեստի ծաղկեփունջին կարմիր վարդը:

Վարձքդ` կատար,
Ձայնդ` անսպառ,
Մատաղդ` գառ,
Ճրագդ` վառ…
Քեզ ո՜վ չսիրեց
Պրն. Ժան Աւագեան

ՍԵՒ ԿԱՐԻՃ

Share this Article
CATEGORIES