ԸՆԿԵՐ ՍԵԴՐԱԿ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
2012-ը հազիւ թեւակոխած` ընկ. Սեդոն բաժնուեցաւ իր ընկերներէն եւ հարազատներէն: Եօթանասունամեայ ընկերը երիտասարդ տարիքէն արդէն երդուած էր իր պատկանած կուսակցութեան ճամբով ծառայել ազգին: Ան պատանեկանի վարիչ եղած էր երկար ժամանակ` դաստիարակելով սերունդ մը ամբողջ, որոնցմէ ոմանք արդէն պատասխանատու դիրքերու վրայ են: Աւելի ուշ, ան տարիներ շարունակ «Ազիրեան» ակումբի թաղային յանձնախումբի որպէս անդամ` միշտ ալ լսած էր թաղեցիներուն մտահոգութիւնները եւ առաջնորդած` բարւոք լուծումի: Եղած էր շրջանի ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի անդամ: Տարիներ իր բնակած վայրի Սիսի քաղաքապետարանի շէնքերու կից գտնուող «Բաբգէն Սիւնի» կեդրոնի վարչութեան ատենապետը եղած եւ հսկած էր շրջանը: Ան, ակմբային կեանքի կողքին, չմոռցաւ եկեղեցին, իր ծուխի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին մաս կազմեց, ուր իր զաւակներն ալ դպրաց դասին մէջ կը ծառայեն մինչեւ այսօր:
Ընկ. Սեդրակ Գարամանուկեան ընկերային, խանդավառ, անխոնջ աշխատող եւ գործը հետապնդող ընկեր մըն էր, շուրջիններուն համար իր ներկայութիւնը միշտ ալ ցանկալի էր, իր խոհեմ խօսքերով եւ ցուցմունքներով նոր սերունդին վստահութիւն կը ներշնչէր: Սակայն վերջին ամիսներուն անհանգստութեան պատճառով ընկերոջ թափը նահանջեց, բայց իր այցելուներուն առջեւ միշտ ալ կը մնար եռանդուն, հաւատալով, թէ դաշնակցականին գործը կանգ չ՛առներ, որովհետեւ իր յաջորդները կը շարունակեն նոյն ճամբով:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկ. Սեդօ:
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

