ՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ԱՆՑՈՒՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Վաղը բացումը կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւն` ճանաչումէն հատուցում» թեմայով միջազգային համագումարին: Էջ 6-ով «Ազդակ» կը հրատարակէ համագումարին զեկուցաբերներուն անուանացանկն ու ներկայացւելիք նիւթերը: Նկատի ունենալով նիւթերուն մասնագիտական բնոյթը, համագումարին ծրագիրը բացառապէս կը հրատարակենք բնագրային հարազատութեամբ` անգլերէնով:
Նկատի առնուած թեմաները կը հաստատեն, որ իրաւաքաղաքական առումով բովանդակային նոր սկիզբ կը տրուի պահանջատիրական աշխատանքներուն: Միջազգային օրէնքի լոյսին տակ հայկական հարցերը հետապնդելու ուղիներու մատնանշումին ծառայող մասնագիտական հաւաք է ըլլալիքը, որ վստահաբար պիտի ծառայէ հատուցման համընդհանուր թղթածրարի մը պատրաստութեան առաջադրուած աշխատանքին: Այլ խօսքով` պահանջատիրական աշխատանքներու իրաւաքաղաքական պատրաստուածութեան:
«Ազդակ» օրը օրին պիտի լուսաբանէ համագումարին նիստերը` մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնելով այնտեղ արծարծուած տեսութիւններն ու քննարկումները:
«Ա.»