ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Բարեկենդանի առիթով Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ, այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին առնելու համար անոր օրհնութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն  ողջունեց մանուկներուն այցելութիւնը, օրհնեց զանոնք եւ իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց հանգիստը ու զբաղումը ձգած` նուիրուած են հայ մանուկի հոգեւոր, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան` Կիրակնօրեայ վարժարանին ճամբով: Ներկայ էին նաեւ փոքրիկներուն ծնողները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն` ըսելով. «Ձեր զաւակները պէտք է յանձնէք հայ դպրոցին ու Կիրակնօրեայ վարժարանին, որպէսզի անոնք հոն ստանան քրիստոնէական ու հայեցի առողջ դաստիարակութիւն»:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայ մանուկի տարուան եւ ըսաւ. «Ճիշդ է, 2011 տարին Հայ մանուկի տարի էր, սակայն մեզի համար ամէն տարի հայ մանուկի տարի ու ամէն օր հայ մանուկի օր պէտք է դառնայ, որովհետեւ հայ մանուկն է մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ապագան: Այս խորունկ համոզումով մենք պէտք է գուրգուրանք հայ մանուկին վրայ եւ դաստիարակենք ու կազմաւորենք զայն` ընտանիքէն, դպրոցէն ու եկեղեցիէն ներս»:

Share this Article
CATEGORIES