Գիտութիւն Եւ Մարդ. Գիտութիւնը Կը Շրջէ Այն Տեսակէտը, Թէ Մարդիկ Ի Ծնէ «Չար» Են

ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿԸ ՇԵՇՏՈՒԻ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱՏՈՒՐ ԲՆՈՅԹԸ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ԳՐԷ.

Կենսաբանական ուսումնասիրութիւններ հետզհետէ կը շրջեն այն տեսակէտը, թէ մարդկութիւնը մրցունակ, նախայարձակ եւ «բիրտ» է, ինչպէս յայտնած է ստնաւորներու վարուելակերպի առաջատար մասնագէտ մը` Գիտութեան յառաջդիմութեան ամերիկեան ընկերակցութեան տարեկան խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Վանքուվըրի մէջ:

«Մարդիկ շատ հակամէտ են ընկերային վարուելակերպ զարգացնելու», յայտարարած է Աթլանթայի Էմըրի համալսարանին մէջ կենսաբանութեան դասախօս Ֆրանս տը Վալ:

Փիղերէ մինչեւ մուկերու նման ստնաւոր անասուններու վրայ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ կենսաբանական հիմք մը գոյութիւն ունի գործակցութեան նման վարուելակերպերու մէջ», ըսած է տը Վալ, որ հեղինակն է «Տի էյճ աֆ էմփըթի. նէյչըր՛զ լեսընզ ֆոր է քայնտըր սոսայըթի» (կարեկցանքի դարը. բնութեան դասեր` աւելի ազնիւ ընկերութեան մը համար) գիրքին:

Տակաւին մինչեւ 12 տարի առաջ գիտնականներու հասարակաց տեսակէտը այն էր, թէ մարդը «չար» է իր խորքով, սակայն ձեւով մը զարգացուցած է բարոյականութեան ծածկոյթ մը, թէեւ` շատ բարակ», ինչպէս յայտնած է տը Վալ` 50 երկիրներէ ժամանած գիտնականներու եւ լրագրողներու:

Սակայն մարդոց եւ առաջնակարգ ստնաւորներու զաւակները կը ծնին «բարոյական» գիտական արժանիքներով, որովհետեւ գիտութեան դիտանկիւնէն` անոնք կարիքը ունին գործակցելու իրարու հետ` արտադրելու եւ փոխանցելու համար իրենց ծիները, ինչպէս բացատրած է ան:

Ուսումնասիրութիւններ փաստած են հակառակը 19-րդ դարէն ի վեր տիրող այն կարծիքին, զոր կը պաշտպանէին Թոմըս Հենրի Հաքսլիի նման գիտնականներ: Անոնք կը վիճէին, թէ բարոյականութիւնը բացակայ է բնութեան մէջ, եւ թէ` անիկա մարդուն կողմէ ստեղծուած բան մըն է, ըսած է տը Վալ:

Սխալ են նաեւ այն ընդհանրացած ենթադրութիւնները, որոնց համաձայն, այս դաժան տեսակէտը պաշտպանած է Չարլզ Տարուին, այսպէս կոչուած` եղափոխութեան հայրը, աւելցուցած է ան:

«Տարուին շատ աւելի խելացի էր, քան` իր հետեւորդներէն շատերը», ըսած է տը Վալ` մէջբերելով անոր «Մարդուն սերումը» գիրքէն այն մասը, որ կը բացատրէ, թէ այն անասունները, որոնք զարգացուցած են «ընկերային ակներեւ բնազդներ, անխուսափելիօրէն ստացած են բարոյական զգացողութիւն մը կամ` խիղճ»:

Տը Վալ հանդիսատեսներուն ցոյց տուած է գիտաշխատանոցներու մէջ նկարուած տեսերիզներ. անոնցմէ մէկը ի յայտ կը բերէ զգացական խոր ընկճուածութիւն` կապիկի մը քով, որուն կը զլացուի այն համեղ բանը, զոր կը ստանայ այլ կապիկ մը: Ուրիշ մը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս առնէտ մը կը հրաժարի տուրմի իր բաժինէն, որպէսզի օգնէ այլ առնէտի մը` խոյս տալու իր թակարդէն:

Նման ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ անասուններ ընկերային բնատուր հակումները ունին «փոխադարձելու, արդարութեան, կարեկցանքի եւ մխիթարելու», ըսած է հոլանտացի կենսաբանը:

Երբ տը Վալի հարց տրուած է, թէ արդեօք կարեկցանքը իբրեւ բնատուր յատկանիշ ընդունիլը կը շրջէ՞ այն սուր մրցակցութիւնը, որուն վրայ հիմնուած են դրամատիրական տնտեսական եւ քաղաքական համակարգերը, ան կատակած է. «Ես միայն կապիկները դիտող մըն եմ»:

Սակայն ան լրագրողներուն յայտնած է, թէ ուսումնասիրութիւններ նաեւ ցոյց կու տան անասուններու կողմէ իրենց ծանօթ եւ իրենց հաւաքականութեան մաս կազմող այլ անասուններու նկատմամբ կարեկցանքի արտայայտութիւններ, իսկ այս բնատուր հակումը մարտահրաւէր մըն է` մարդկային համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ:

«Մարդկութեան մէջ «բարոյականութիւնը» զարգացած է փոքր հաւաքականութիւններու մէջ,- ըսած է տը Վալ:- Անիկա մարտահրաւէր մըն է… Փորձառական բան մը` մարդկութեան համար, հաւաքականութեան մը յատուկ համակարգ մը կիրարկելու ամբողջ աշխարհին վրայ»:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES