Գիտութիւն Եւ Մարդ. Գիտական Համաշխարհային Խորհրդաժողով Մը Սուր Կերպով Կը Զգուշացնէ

ՎԱՆՔՈՒՎԸՐԻ ՄԷՋ ՄԷԿՏԵՂՈՒԱԾ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԳԻՏՈՒԹԵՆԷՆ, ԵՒ ԹԷ` ԱՍԻԿԱ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Ուշագրաւ նիւթ մը ծնունդ առած է Վանքուվըրի մէջ վերջերս տեղի ունեցած գիտութեան տարեկան խորհրդաժողովէն. թէ` աշխարհը դարձեալ պէտք է հաւատայ գիտութեան, այլապէս աշխարհի փրկութեան համար ուշ ենք:

Գիտութիւնը «շրջափակուած է». այս զգուշացումը տեւաբար կրկնուած է Գիտութեան յառաջդիմութեան ամերիկեան ընկերակցութեան կազմակերպած ժողովին ընթացքին: Խօսքը ուղղուած է ակադեմականներու եւ կրթական գործիչներու, որպէսզի իրենց աշխատանքներուն աւելի լաւ ձեւով հաղորդակից դարձնեն հանրութիւնը:

Գիտական լուծումներու կարիքը կայ դարմանելու համար համաշխարհային տագնապներ, սկսեալ` սննդեղէնի տագնապէն, մինչեւ` ջուրի տագնապ եւ կենսոլորտային աւերներ: «Սակայն ներկայիս հանրութիւնը չի հասկնար գիտութիւնը», յայտարարած է կլիմայական փոփոխութեան ամերիկացի առաջատար մասնագէտ եւ ՆԱՍԱ-ի գիտաշխատող Ճէյմս Հանսըն:

«Երկրագունդը շտապ օգնութեան կարիքը ունի, եւ քիչեր կը գիտակցին ասոր», յայտարարած է ան:

Հնգօրեայ ժողովը կը կրէր «Աշխարհը հարթելով, գիտութեան հաղորդակից համաշխարհային ընկերութիւն մը կառուցելով» վերնագիրը: Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 8000 գիտնականներ` 50 երկիրներէ:

«Այս ժողովը կը միտի մարդոց համոզելու, որ հաւատան գիտութեան, երբ մտահոգիչ թիւերը չեն յաջողիր համոզել զանոնք», յայտարարած է Սայմըն Ֆրէյզըր համալսարանի նախագահ Էնտրու Փեթըր, որ նաեւ ժողովին նախագահներէն է:

Խորհրդաժողովին ընթացքին մասնագէտներ քննած են փշոտ հարցեր, ինչպէս` գրաքննութիւն, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական խմբաւորումներու ընդդիմութիւն` եղափոխութեան տեսութեան եւ կլիմայական փոփոխութեան դասաւանդումին, եւ ընդհանրապէս` կրթական տկար մակարդակներ:

«Պէտք է ապագայի ծրագիր մը մշակենք, նկատի ունենալով կլիմայական փոփոխութեան վտանգը` 9-10 միլիառ բնակչութեան համար», յայտարարած է հանրային առողջապահութեան շուէտացի մասնագէտ Հանս Ռոսլինկ, որ հռչակաւոր է ԵուԹիուպի վրայ հրապարակուած տգիտութեան դէմ պայքարող իր տեսերիզներով:

Ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով աղիւսակներու վրայ, որոնք ցոյց կու տան, թէ մարդկային հաւաքականութիւնները ինչպէ՛ս փոխուած են արհեստագիտութեան զարգացումին առընթեր, եւ թէ` ինչպէ՛ս առանց գիտութեան ընտանիքի մը փոքր զաւակներուն մեծ մասը կը մեռնի, Ռոսլինկ միամտութիւն որակած է այն մտածելակերպը, թէ մարդկութիւնը կրնայ շատ դիւրութեամբ ետ երթալ պատմութեան մէջ:

«Կը զայրանամ, երբ մարդիկ կ՛ըսեն. անձրեւային անտառներու բնակչութիւնը կ՛ապրի միջավայրի եւ անոր մէջ ապրող անասուններու եւ բոյսերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը: Այդպէս չէ՛: Այս հաւասարակշռութեան մէջ կը մեռնին անոնք», կը նշէ Ռոսլինկ:

Գիտութեան յառաջդիմութեան ամերիկեան ընկերակցութեան նախագահ Նինա Ֆետորոֆ, որ կենսագիտութեան եւ կենսագիտական արհեստագիտութեան անուանի մասնագէտ մըն է եւ այս տարի արդէն կ՛աւարտէ նախագահութեան իր շրջանը, ըսած է, թէ գիտութեան դէմ հետզհետէ աճող տրամադրութիւնները «հաւանաբար կը գտնուին մեր հոգեբանութեան մէջ»:

«Հաւատալիքներու համակարգեր, մանաւանդ երբ կը կրեն վախի երանգ մը, դիւրութեամբ փուլ չեն գար», կ՛ըսէ ան` նշելով, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ «տարուէ տարի հետզհետէ նուազ թիւով մարդիկ կը հաւատան կլիմայական փոփոխութեան»:

Ֆետորոֆի մատնանշումները յատուկ արձագանգ գտած են գիտնականներու շրջանակներուն մէջ: Անոնք կը կատարուին այնպիսի ժամանակներու, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կը դիմագրաւէ բուռն յարձակողական մը` հանրապետական հաւանական մրցակիցէ մը, որ մարտահրաւէր ուղղած է անոր կենսոլորտային քաղաքականութեան «կեղծ աստուածաբանութեան» դէմ:

«Ընդհանրական ջերմացումին կ՛ակնարկեմ ո՛չ թէ իբրեւ կլիմայական գիտութիւն, այլ` քաղաքական գիտութիւն», յայտարարած էր քրիստոնեայ պահպանողական Ռիք Սանթորիում, որ սրընթաց մագլցում կ՛արձանագրէ յառաջիկայ նոյեմբերէն սկսեալ Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարին ընթացքին Պարաք Օպամայի դէմ իբրեւ գլխաւոր թեկնածու ներկայանալու ճամբուն վրայ:

Կլիմայական փոփոխութեան նկատմամբ սկեպտիկ մօտեցումը եւ անոր ժխտումը տիրական կերպով կը շարունակուին Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հարցախոյզեր ցոյց կու տան, թէ երկիրը երկփեղկուած է ընդհանրական ջերմացումի վտանգին նկատմամբ իր կեցուածքներուն մէջ:

իտութեան յառաջդիմութեան ամերիկեան ընկերակցութեան կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին նոր զարգացումներ արձանագրուեցան այն տարակարծութիւններուն մէջ, թէ արդեօք պէ՞տք էր հրապարակել ամերիկացի եւ հոլանտացի գիտնականներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը թռչունի կրիփի եղափոխուած ժահրի մը վերաբերեալ, որ կարողութիւնը ունի տարածուելու մարդկութեան մէջ:

Անցեալ շաբաթ Ժընեւի մէջ Աշխարհի առողջապահութեան կազմակերպութեան ժողովին ընթացքին թռչունի կրիփի մասնագէտներ համաձայն գտնուած էին վիճելի ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակելու գաղափարին, սակայն` միայն ապագային, վտանգներու վերլուծումի յաւելեալ աշխատանքներէ ետք:

Մինչ այդ այս ժահրին ուսումնասիրութեան ժամկէտը երկարաձգուած է:

Անցեալ տարի ամերիկեան իշխանութիւններ գիտնականներէ խնդրած էին չհրապարակել իրենց ուսումնասիրութեան մանրամասնութիւնները, այն մտավախութեամբ, թէ տեղեկութիւնները կրնային օգտագործուիլ չար նպատակով եւ պատճառ դառնալ մահացու կրիփի մը համաճարակին:

«Համաձայն չեմ գիտութիւնը կասեցնելու,- յայտարարած է Ֆետորոֆ` Վանքուվըրի մէջ:- Որքան աւելի բան գիտնանք հարցի մը մասին, այնքան աւելի լաւ կրնանք դիմագրաւել չնախատեսուած հետեւանքները»:

 Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES