Հայրենի Կեանք

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԱԾ Է
ԻՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻՆ

Փետրուար 18-ին «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կրթական ակումբին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկին բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Վահան Յովհաննիսեան: Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ ակումբին հիմնադրման նպատակն է հայ երիտասարդութեան մօտ երկրին մէջ առկայ հարցերուն որոշակի սերմանումը, ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներու միջոցով տարաբնոյթ հարցերու շուրջ կարծիքներու ձեւաւորումը:

Ակումբին միջոցով երիտասարդութիւնը կարելիութիւն պիտի ունենայ անմիջական շփումներով կապ հաստատել եւ զինք յուզող  հարցերուն պատասխանները ստանալ իւրաքանչիւր ոլորտի պատասխանատուէ կամ մասնագէտէ»: Վ. Յովհաննիսեան խօսքը եզրափակած է` շեշտելով, որ «ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կրթական ակումբը եւս բեմ մըն է` համագործակցութեան դաշտ ստեղծելու եւ գիտակից ու կրթուած երիտասարդութեան շնորհիւ քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորելու ճանապարհին», յայտնած է ան:

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԿԸ ՏՕՆԵՆ

19 փետրուարին ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւններու Երեւանի մարզի կրտսեր խումբերը նշեցին Բուն Բարեկենդանի տօնը:

Պատանիները նախապէս պատրաստած էին թատերական ներկայացումներ եւ պարային ելոյթներ: Անոնք նաեւ ծպտուած էին` տարբեր դիմակներով ու հագուստներով: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական շուրջպարներու եւ խաղերու ընդմէջէն:

Այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպէր նաեւ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան: Այս առիթով ալ պատանիները բեմադրութեան համար ընտրած էին մեծ բանաստեղծին հեքիաթներէն «Բարեկենդան»-ը «Կիկոսի մահը» եւ «Չարի վերջը»:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ խանդավառ, հայկական եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆԵԱԼ
ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 13 փետրուարին այցելեց Հայաստանի զինեալ ուժերու կառավարման կեդրոն, ուր ծանօթացաւ կառավարման մեքենայացուած համակարգի արհեստագիտական միջոցներուն: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան, այնուհետեւ նախագահը խորհրդակցութիւն ունեցաւ զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմին հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Հայաստանի նախագահին զեկուցեց զինեալ ուժերու բարեփոխումներու ընթացքը` զարգացման ծրագիրին համաձայն: Նախարարին զեկուցումէն ետք նախագահ Սարգսեան ընդունեց զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի զեկուցումը պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի մարտական պատրաստակամութեան վերաբերեալ: Մարտական պատրաստակամութեան մարտավարաշարային պարապմունքներու ծիրին մէջ իրականացուող զինեալ ուժերու սպայակոյտի միացեալ հրամանատարական վարժութիւններուն ընթացքին Սերժ Սարգսեան ընդունեց զեկուցումներ զօրատեսակներու, զօրամիաւորումներու հրամանատարներու կողմէ իրականացուող միջոցառումներուն վերաբերեալ:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԹԻՆ
ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ՆԱԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Վարդանանց տօնին առիթով 16 փետրուարին Երեւանի Ս. Զօրաւոր եկեղեցիէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդականին. մասնակիցներու կարգին էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Երթին մասնակից հոգեւորականները, երիտասարդները, հասարակական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները քալած են դէպի Խանջեան փողոցը, ուր Վարդան Մամիկոնեանի արձանին յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցած է օրուան խորհուրդը ներկայացնող մշակութային ձեռնարկ:

 

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ Է
ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԸ

Երեւանի Մատենադարանի նոր շէնքին մէջ 21 փետրուարին կազմակերպուած է Մայրենի լեզուի օրուան նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Ձեռնարկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրամանագիրով Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ Արթուր Ութմազեան եւ Սարգիս Նաճարեան պարգեւատրուեցան վարչապետին յուշամետալով, որ յանձնեց Հրանուշ Յակոբեան:

Յայտնենք, որ 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն փետրուար 21-ը յայտարարած է Մայրենի լեզուի միջազգային օր:

Ձեռնարկին Երեւանի քաղաքապետին Տարօն Մարգարեանին ուղերձը կարդացած է քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան  նախագահ Գայեանէ Սողոմոնեան: Հանդիսութիւնը վարած են Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներ Ազատ Գասպարեան եւ Սիլվա Եուզպաշեան:

Նշենք, որ ձեռնարկին ծիրին մէջ նոյն օրը Երեւանի պետական համալսարանի լրագրական բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած է գիտաժողով: Ասկէ բացի, Օշականի մէջ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ շարք մը պաշտօնեաներ ծաղիկներ դրած են Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին:

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՊՐԻԼԷՆ «ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ»-Ի
ԱՊՐԱՆՔԱՅԻՆ ՆՇԱՆԸ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱԴՐՈՒԻ
ՀԴՄ ԿՏՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐՁԵՐԵՍԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի Արաբկիրի տարածքային մասնաճիւղին մէջ յունուար 14-ին կայացած վիճակահանութեան յաղթող յայտարարուած 315 ՀԴՄ կտրօնները ներկայացած 80 անձերէն 40-ը «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-էն ստացան «Էմ. Թի. Սի. Թաչ 551» բջիջային հեռախօս, իսկ միւս 40-ը` «Էմ. Թի. Սի. քոննեքթ տայմոնտ» 3 ճի. մոտեմ, ներառեալ «Էմ. Թի. Սի. քոննեքթ անսահմանափակ» յետվճարային սակագնային ծրագիր ամսական 0 դրամ ամսավճարով` 6 ամիս համացանցէն օգտուելու կարելիութեամբ: Խրախուսական նուէրներ յանձնուած են «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնին` Ռալֆ Երիկեանին կողմէ: Նկատի առնելով վերջին օրերու անբարենպաստ եղանակային պայմանները, ձեռնարկին հրաւիրուած էին բացառապէս Երեւանի եւ յարակից մարզերու բնակիչները: Խաղարկութեամբ շահած մնացեալ 220 անձերը նուէրները պիտի ստանան «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի տարածքային սպասարկման կեդրոններէն, փետրուար 15-էն սկսեալ:

Յիշեցնենք, որ յունուար 14-ին կայացած վիճակահանութեան արդիւնքներով, որուն մասնակցած էին 2011(ա) թուականի դեկտեմբերին ՀԴՄ կտրօնները ներկայացուած է մօտաւորապէս 1700 ՀԴՄ կտրօն եւ անոնցմէ 315-ը վերը նշուած մեքենաներն ու «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի տրամադրած սարքերը շահեցան` ըստ առաւելագոյն քանակով նիշերու համընկման եւ գործարքներու առաւելագոյն արժէքներու: Յունուարին կայացած խաղարակութեան շահած են նաեւ 4 թիւերու համընկնումով կտրօնները:

«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնն է Հայաստանի մէջ եւ 2011-ի տուեալներով, Հայաստանի մեծ հարկատուներու ցանկին մէջ կը զբաղեցնէ երրորդ հորիզոնականը: Ընկերութիւնը որդեգրած է թափանցիկ գործելաոճ եւ յարգանք օրէնքի հանդէպ, որ կը դրսեւորուի հարկային պարտաւորութիւններու անթերի կատարումով նաեւ: Այս տարուան ապրիլէն «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի ապրանքային նշանը պիտի տեղադրուի ՀԴՄ կտրօններու դարձերեսին վրայ:

Անցեալ 3 տարիներու ընթացքին Պետական եկամուտներու կոմիտէն յաջողած է զգալի ձեռնարկներ իրագործել մանրածախ առեւտուրի հարկային հսկողութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ` աշխուժացնելով հանրային մասնակցութիւնը ՀԴՄ կտրօն պահանջելու գործընթացին մէջ:

ՀԴՄկտրօններու վիճակահանութիւններու իբրեւ արդիւնք` 2009-ին իբրեւ պարգեւ տրամադրուած է, մօտաւորապէս 800 հազար ՀԴՄ կտրօններու համար, մօտաւորապէս 720 միլիոն դրամ, իսկ աւելի քան 314 հազար չշահած կտրօններու խմբաքանակներու համար վճարուած է մօտաւորապէս 5,8 միլիառ դրամի նուէր պոնիւս:

2011-ին Պետական եկամուտներու կոմիտէին կողմէ մեր համաքաղաքացիներուն իբրեւ նուէր արդէն տրամադրուած է 180 ինքնաշարժ. ուստի, ՀԴՄ կիրարկման հանրային հսկողութեան յաւելեալ խրախուսման նպատակով, բացի ամսական խաղարկուող 15 ինքնաշարժերէն, քաղաքացիները իբրեւ նուէր պիտի ստանան նաեւ բջիջային հեռախօսներ, մոտեմներ եւ «Էմ. Թի. Էս. քոնեքթ անսահմանափակ» յետվճարային սակագնային ծրագիր` ամսական 0 դրամ ամսավճարով` մօտաւորապէս 6 ամիս համացանցէն օգտուելու կարելիութեամբ»: Բջիջային հեռախօսները, մոտեմները եւ համապատասխան սակագնային ծրագիրը տրամադրած է «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻՆ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ
ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին Ֆրանսայի տեղական մարմինը Շուշիի մէջ կը կառուցէ արհեստից վարժարան: Կրթօճախը կեանքի պիտի կոչուի Եզնիկ Մոզեանի կտակած գումարներով եւ պիտի կրէ ֆրանսահայ բարերարին անունը:

Երկյարկանի նորակառոյց ուսումնարանը, որ ընդհանուր 4050 քառ. մեթր մակերես ունի, նախատեսուած է 225 ուսանողի համար: Անիկա պիտի ունենայ հանրակրթական առարկաներու եւ արհեստներու ուսուցման համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները, կահաւորուած դասարաններ, սարքաւորումներով եւ պարագաներով յագեցուած տարրալուծարաններ, արհեստանոցներ, գրադարան, պահեստատեղ` օժանդակ նիւթերու պահպանման եւ պահեստաւորման համար, ինչպէս նաեւ` կեդրոնական ջեռուցում: Արդէն սկսած են կառոյցի հողային աշխատանքները:

«Ուսումնարանը նախագծուած է ֆրանսական նմանատիպ մասնագիտական կրթօճախներու օրինակով` հիմնուելով հիմնադրամին Ֆրանսայի գրասենեակին մասնագիտական յանձնախումբին առաջարկներուն վրայ: Դպրոցին մանկավարժական կազմը պիտի վերապատրաստուի ժամանակակից ամէնէն արդիւնաւէտ ուսումնական մեթոտներով դասաւանդելու նպատակով», տեղեկացուցած է Եզնիկ Մոզեանի ընտանիքին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Այդաբինեան, որ նաեւ ծրագրին գլխաւոր համակարգողն է:

Եռամեայ կրթութիւն ստանալէ ետք ուսումնարանի սաները ձեռք պիտի բերեն փականագործի, մետաղագործի, զոդողի, ամրագործի, որմնադիրի, ներկարարի, տանիքագործի, ծեփողի, սալիկապատողի, ատաղձագործի, ելեկտրական մասնագէտներու եւ այսպիսով պիտի համալրեն տեղական աշխատանքային շուկան, ուր վերոյիշեալ մասնագէտներուն շատ պակասը կայ:

«Ուսումնարանը պիտի ունենայ գիշերօթիկ բաժին եւ պիտի կարենայ իր յարկին տակ ընդունիլ նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի մարզերէն եկած ուսանողներ: Անիկա պիտի ունենայ շրջանին մէջ իր տեսակին մէջ ամէնէն առաջատար կրթօճախը դառնալու բոլոր նախապայմանները», նշած է «Հայաստան» հիմնադրամին Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:

«Արցախը այսօր բանիմաց արհեստաւորներու մեծ կարիք ունի: Այս ուսումնարանը հիանալի կարելիութիւն կը ստեղծէ բոլոր անոնց համար, որոնք ունին համապատասխան նախասիրութիւններ, կ՛ուզեն ձեռք բերել մասնագիտութիւն եւ ըլլալ մրցունակ», յայտնած է Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Քաջիկ Խաչատրեան:

«Այս իր նախադէպը չունեցող նախաձեռնութիւն է հիմնադրամին պատմութեան մէջ», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Ան շարունակած է` ըսելով. «Կը յուսանք, որ մեր ֆրանսահայ բարեկամին նուիրատուութեան շնորհիւ պիտի ունենանք ոչ թէ սոսկ ուսումնական հաստատութիւն, այլ նաեւ` կրթօճախ, ուր բարձրորակ արհեստաւորներու բազմաթիւ սերունդներ պիտի պատրաստուին»:

Յայտնենք, որ արհեստից վարժարանը կը կառուցուի Շուշիի արեւելեան թաղամասին մէջ, որ կը յաւակնի դառնալ ուսումնական թաղամաս, որովհետեւ այնտեղ կեդրոնացած են ընկերային գիտութիւններու եւ երաժշտական դպրոցներ, ինչպէս նաեւ` Արցախի պետական համալսարանի գիւղատնտեսական բաժանմունքը:

 Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES