Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 54-56
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, փոխադրուեցաւ «Տեմիրճեան» կեդրոն, Սքոր-Պորտ-ի խանգարումին պատճառով:
Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 56-54 արդիւնքով (11-10, 25-24, 43-39 եւ 54-56)
Նաթալի Սվաճեան նշանակեց 23 կէտ, իսկ Լէյլա Ֆարես` 19:
ՀՄԸՄ-էն բացակայ էր վիրաւոր մարզիկ Սանտրա Նաժըմ (անորոշ թուականով):
Մրցումին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի մեծ թիւով համակիրներ, որոնք քաջալերեցին իրենց կազմը` շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Ռիատի Պէյրութ – Մութթահետ 112-84
Պըժժէ – Շանվիլ 80-83
Անիպալ – Սաժես Պէյրութ 79-84