Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը` Այդ Ուրոյն Համալսարանը

Յետադարձ եւ այժմէական ակնարկ մը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 80-ամեայ ասպարէզին` բաւ է նշմարելու համար այն ընդարձակ գործունէութիւնը, որ ունեցած է կազմակերպութիւնը եւ անոր ընդմէջէն այն յատուկ դերը, որ խաղացած է հայ կնոջ կեանքին մէջ` սատարելով ոչ միայն դրսեւորելու կնոջ բնազդային բարեսիրական եւ մարդասիրական զգացումները, այլ նաեւ` դառնալով մղիչ ուժը հայ կնոջ դաստիարակման, ինքնազարգացման, փթթումին, մտային կարողութեանց դրսեւորման եւ այդ բոլորին գործնական ներդրումին` ի նպաստ հայ հաւաքականութեան շահերուն եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարելաւման ու զարգացման յառաջխաղացքին:

Յաճախ խօսուած է այն բոլոր բարեսիրական եւ խնամատարական գործունէութեանց մասին, որոնք տարած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչը` առանց յստակօրէն անդրադառնալու, որ ան լիբանանահայ իրականութեան մէջ եղած է միակ կնոջական այն մեծ համալսարանը, որուն «ուսման» հետեւած են ամենախոնարհ գիտութեամբ բաւարարուած կնոջմէն մինչեւ այլ բարձրագոյն ուսման հիմնարկներ կամ համալսարաններ աւարտած անդամուհիներ եւ համակիրներ, ուր ամէնքն ալ դաստիարակուած ԼՕԽ-ական մէկ յայտարարով, դարձած են առաւել ուսումնական անհատներ:

Օգնութեան խաչը իր «համալսարանով» կը տարբերի միւս բոլորէն յատկապէս այն տուեալով, որ աւելորդապաշտ յաւակնութիւններ չունենալով` իր համալսարանականներուն փոխանցած է լուռ եւ համեստ գործելակերպի ճաշակն ու արժէքը:

Դիտեցէք այն հարիւրաւոր գործիչներու հաշուական գիտութիւնն ու կարողութիւնը, որ ճշգրտօրէն կը հետապնդէ կազմակերպութեան նիւթական գործառնութիւնը: Դիտեցէք այն հարիւրաւոր պատասխանատուները, որոնք իրենց ընկերային եւ առողջապահական հարցերու մէջ ձեռք բերած հմտութեամբ կարողութիւնը ունին դիմագրաւելու ամենաչնչինէն մինչեւ ամենաբարձր  խնդիրները, եւ` մեծ ճարտարութեամբ գտնելու անոնց լուծումները: Ի՛նչ ըսել տակաւին հարիւրաւոր ընկերուհիներու այն շարքերուն, որոնք զբաղեցան հայ կնոջ ընդհանուր զարգացմամբ, ասուլիսներու կազմակերպման ընթացքին զարգացնելով նախ ինքզինքնին, կատարելով ուսումնասիրութիւններ ու ապա այդ հաւաքները օժտելով համալսարանական ամպիոններու դասախօսներով եւ մասնագէտներով գիտութիւն բաշխելով եւ համալսարանական մթնոլորտ ստեղծելով հազարներու հասնող ունկնդիրներուն, ապահովելով անոնց զարգացումը: Երկար է շարքը այն իրագործումներուն, որոնք միայն ԼՕԽ-ի «համալսարանը» կրնար ներշնչել իր անդամուհիներուն, որոնց շարքին են բոլոր դարմանատուները, ընկերաբժշկական կեդրոնները, Ձեռարուեստի կեդրոնը, ընկերային ծառայութեան թէ օժանդակ հիւանդապահուհիներու եւ նախնական դարմանումի դպրոցները, սեմինարները, վարչական գիտութեան դասընթացքները եւ այլ:

Ով անցած է ԼՕԽ-ի ծառայութեան թէ գործունէութիւններու շարքերէն, վստահաբար տակաւին կրնայ թուել զարգացման այլ աղբիւրներ, որոնք մասնաւորաբար հեռու չեն համալսարաններու ակունքներէն:

Այսօր «համալսարանը» տակաւին բաց է բոլորին առաջ, եւ հոն կրնան իրենց գիտութիւնը զարգացնել բոլոր անդամուհիներն ու համակիրները անխտիր, մէկ պայմանով. 80 տարիներու ղեկավարները իրենց զիրար գերազանցող ձգտումներով եւ մտային թռիչքներով հաստատեցին եւ արժեւորեցին այդ անզուգական «համալսարանը»: Մերօրեայ ու ապագայի ղեկավարութեան կը մնայ այդ «համալսարանին» վարկը ոչ միայն պահելու, այլեւ աւելի եւս բարձրացնելու ձգտումը, եւ նախորդներու համեստութեամբն ու զոհաբերումով ապահովելու հայ կինը արժեւորող նոր «համալսարանական»-ներ հասցնելու հայակերտ առաքելութիւնը:

Եթէ անցեալով հպարտանալը արդար իրաւունք է, ներկան եւ ապագան նոյնքան եւ աւելի փայլուն ապահովելը` ԼՕԽ-ականի պարտաւորութիւն:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES