1 Մարտ 2002 – 1 Մարտ 2012. Պուրճ Համուտի Հանրային Գրադարանին Առաջին Տասնամեակը

ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

1 մարտ 2002:

Սովորական օր մը` համալիբանանեան կեանքի տարեգրութեան մէջ:

Այդ օր յիշատակութեան արժանի ոչ մէկ արտակարգ միջադէպ խանգարեց լիբանանցի քաղաքացիներուն առօրեան. ո՛չ առեւանգում, ո՛չ մահափորձ, ո՛չ հրթիռարձակում, ո՛չ ռմբակոծում եւ ո՛չ ալ օդանաւային արշաւանք:

Ընթացիկ առօրեայ մը` համալիբանանեան կեանքին մէջ:

Լիբանանահայերուս համար, սակայն, այդ օրը յատկանշուեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ հաստատուած Պուրճ Համուտի հանրային առաջին գրադարանի բացման հանդիսութեամբ: Այդ օր քանի մը հարիւր ազգայիններ եւ հայրենակիցներ խճողած էին գրադարանին սրահը եւ վարժարանին աստիճանները` ականատես եւ ականջալուր ըլլալու համար մշակութային յատկանշական եւ եզակի կեդրոնի մը ծնունդին:

Ըստ ձեւի, սովորական ծնունդ մը` ուրիշ ծնունդներու պէս. սակայն, ըստ էութեան, ըստ տարողութեան եւ ըստ նշանակութեան, իր չափէն ու ծաւալէն շատ աւելի տարողունակ ու կենսական` յատկապէս մեր հայահոծ թաղամասի ընթերցասէր հասարակութեան եւ աշակերտական միջավայրերուն համար ընդհանրապէս, թէ՛ իր մատուցած գործնական ծառայութիւններով եւ թէ՛ իր իրագործած աննախընթաց նախաձեռնութիւններով, մասնաւորաբար` մատենագիտական բնագաւառէն ներս:

Սակայն, այդ բոլորին անդրադառնալէ առաջ, ճշդենք անոր «տեղը» եւ փորձենք արժեւորել անոր «դերը» լիբանանահայ «գրադարանային ցանց»-ին մէջ:

Սկսելու համար` մէկ ձեռքի մատներուն վրայ կարելի է հաշուել ներկայիս մեր գաղութին մէջ գործող գրադարանները. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մատենադարան-գրադարան, Հայկազեան համալսարանի գրադարան, Զմմառի կաթողիկէ միաբանութեան գրադարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի գրադարան եւ Պուրճ Համուտի հանրային գրադարան,  եթէ հաշուի չառնենք ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը: Ներողամիտ եղէք,  եթէ կը սխալինք, ասոնց մէջէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ հաստատուած Պուրճ Համուտի հանրային գրադարանին է, որ առաւելաբար կը պատշաճի հանրային կոչումն ու առաքելութիւնը` իր որդեգրած հանրակրթական քաղաքականութեան, ընձեռած դիւրութիւններուն եւ մատուցած  ծառայութիւններուն շնորհիւ:

Այդպէս ուզած էր ատենին զայն հիմնողը`  վարժարանին նախորդ տնօրէն Յակոբ Բագրատունին եւ այդ ուղիով է, որ կը շարունակէ ընթանալ ներկայ տնօրէնը` Վիգէն Աւագեանը, հաւատալով եւ համոզուած ըլլալով գործի շարունակականութեան եւ հետեւողականութեան իսկապէ՛ս կենսական, օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ սկզբունքին: Հազուադէպ երեւոյթ մը` մեր իրականութեան մէջ, ուր նոր եկողը յաճախ կը քանդէ հինը, կանգնելու համար իր սեփականը` ըստ պատկերի իւրում:

Ատոր համար ալ մեր նախաձեռնութիւնները յաճախ կը մնան կիսաւարտ կամ անաւարտ:

Հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղամասին մէջ հանրային գրադարան մը հիմնելու գաղափարին մէջ հիմնական նախագործօն էր սփիւռքահայութեան այդ բաբախող ու տրոփող սիրտը ճառագայթող նոր դիմագիծով (մշակութային) օժտելու մտահոգութիւնն ու տագնապը, որ միաժամանակ կը մեկնէր մեր նոր սերունդը յոռի եւ ախտավարակ երեւոյթներէն տակաւ հեռացնելու հեռանկարէն` անուղղակի դաստիարակութեան եւ զարգացումի ճամբով. որովհետեւ մեր նոր սերունդի դժբախտութեան առաջնահերթ եւ գլխաւոր (եթէ ոչ ամէնէն կենսական)  գործօններէն մէկը անոր գիրքերէն եւ ընթերցումէն հեռանալն է:

Այս բոլորին կողքին, ցարդ ի՞նչ նորութիւններ բերած եւ ի՞նչ իրագործումներ կատարած է Պուրճ Համուտի հանրային գրադարանը:

Անկախ առօրեայ եւ ընթացիկ գործնական աշխատանքներէն, ան, առաջին հերթին, իբրեւ նախընթաց, իր հայերէն գիրքերու հեղինակային այբբենական մատենացանկը դրած է ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ` քոլեճին կայքէջին ճամբով:

Հայ մատենագիտութեան մէջ նոյնպէս նախընթաց մը եւ կարեւոր ներդրում է հայ պարբերական մամուլի հինգ («ԱԿՕՍ», «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ», «ՄԵՀԵԱՆ», «ՄԻՋՆԱԲԵՐԴ», «ՎԷՄ») ներկայացուցիչներու համահաւաք եւ համադրական մատենագիտութիւնը, որ արդէն իսկ ոմանց կողմէ որդեգրուած է իբրեւ նոր աշխատելաձեւ:

Նոյն բնոյթի իրագործում մըն է հայ ազգային-յեղափոխական դէմքերու մատենագիտութիւնը:

Շուտով հրապարակ կ՛իջնէ նաեւ «ԴԷՄՔԵՐ» (հայ մշակոյթի եւ պատմութեան նշանաւոր դէմքերը) շարքը:

Նախընթացներու շարքին հանրակրթական առումով եւ ընթերցողին հասնելու իմաստով գործնական եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մըն է խտասալիկային «Առձեռն գրադարան»-ը, որ շատ մը գործնական դժուարութիւններ լուծելու կոչուած է արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն շնորհիւ: Իրագործուած է նաեւ «Առձեռն գրադարան»-ի ֆրանսերէն տարբերակը:

Խտասալիկային իրագործուած հիմնական գործերու շարքին կը պատկանին յատկապէս պատմաքաղաքակրթական երկու նախաձեռնութիւններ. «Առձեռն թանգարան» (կերպարուեստի այլազան բնագաւառները միատեղ. անոնց պատմական հոլովոյթը պատկերազարդ, գլխաւոր արուեստագէտներու մենագրութիւններ եւ անոնց պաստառներու ընդարձակ հաւաքածոներ, ճարտարապետական կոթողներ, դարաշրջաններ եւ այլն): Երկրորդը` «Համահաւաք ընդհանուր պատմութիւն» (նախապատմական հնագոյն դարաշրջաններէն մինչեւ մեր օրերը յարակից եւ զուգահեռ բնագաւառներու  եւ այլ օժանդակ նիւթերու մէկտեղումով):

Ի դէպ, արհեստագիտութեան բերած գործնական հնարաւորութիւններուն շնորհիւ` Պուրճ Համուտի հանրային գրադարանը կրցած է նաեւ համացանցէն հաւաքել կարեւոր եւ հիմնական գիրքերու ձայնային տարբերակներ, որոնք նոյնպէս տրամադրելի են ընթերցող-ունկնդիր հասարակութեան. ինչպէս` The BIBLE (King James version), La BIBLE (Darby), One Thousand and One Nights, Iliad, Odyssey, Bunyan: the Pilgrim’s Progress եւ այլն:

Հայ մատենագիտութեան եւ գրադարանավարային բնագաւառներու մէջ նոյնպէս նորութիւն է «ՎԵՐՆԱԳՐԱՅԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»-ը, որ կը պարփակէ հայ գեղարուեստական եւ գաղափարագրային գրեթէ բոլոր հիմնական երկերու վերնագիրները եւ կարեւոր ժողովածուներու (արձակ եւ չափածոյ) բովանդակութիւնները համահաւաք-համադրական եւ հեղինակային զոյգ տարբերակներով:

Իբրեւ տասնամեակի աւետիս` հաղորդենք մեր սիրելի ընթերցողներուն եւ այցելուներուն, որ հունի մէջ դրուած են արդէն շատ խօսուած եւ «յուսահատօրէն սպասուած» «ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ամսագրերու համահաւաք եւ համադրական մատենագիտութեան գործնական աշխատանքները:

Ահա այսպէս, Պուրճ Համուտի հանրային գրադարանը,  հաւատարիմ զայն հիմնողներու եւ շարունակողներու գծած ուղիին ու քաղաքականութեան, շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր կը շարունակէ հանրակրթական եւ մշակութային ճառագայթող եւ խթանող իր գործունէութիւնը` ի շահ հայ մշակոյթին եւ մեր նորահաս սերունդներուն:

Յոբելենական այս պատեհ առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր մեծ ու փոքր, «ՃԱՌԱԳԱՅԹ»-ի մէջ յականէ անուանէ յիշուած, անանուն եւ ներողամտութեան խնդրանքով` մոռցուած մեր բոլո՛ր նուիրատուներուն, որոնց նուիրատուութեամբ օրէ օր այնքան կ՛ուռճանայ մեր գրադարանը, որ գիրքերը այլեւս իրենք-զիրենք դարակներուն վրայ շատ նեղ զգալով` սկսած են զիրար հրմշտկել…

Վարձքը կատար բոլորին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES