Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղաւ Պըժժէի երկու մարզիկներուն` Արթիւր Լիի եւ Հերըլտ Ժամիսընի կախակայումը մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Անոնց փոխարէն Պըժժէ իրաւունք պիտի չունենայ երկու նոր մարզիկներ միացնելու իր կազմին:

Ֆետերասիոնը վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց բոլոր մարզիկները` յայտնելով, որ եթէ մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղալու այլ պարագաներ արձանագրուին, օրինազանցները երեք մրցումով պիտի կախակայուին եւ երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի պիտի ենթարկուին:

ՀՄԸՄ Պէյրութ չորս հարիւր հազար լիբանանան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Քահրապայի դէմ տեղի ունեցած Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումին խումբին համակիրները գտնուած էին անկարգապահ եւ բողոքած լիբանանցի միջազգային իրաւարար Ատել Խուէյրիի տուած մէկ որոշումին դէմ: Ատկէ բացի, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը իր կատարելիք յաջորդ առաջին մրցումը (իր դաշտին վրայ) պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն:

Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով, հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ Անպալ Զահլէ` նկատի ունենալով, որ Սաժես Պէյրութի դէմ տեղի ունեցած մրցումին անկարգութիւններ տեղի ունեցած էին:

Անիպալի տղոց խումբը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն:

Ֆետերասիոնը վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց բոլոր ակումբները եւ կոչ ուղղեց անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` զսպել կարենալու համար իր անկարգապահ համակիրները:

Share this Article
CATEGORIES