Հաղորդագրութիւն
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ այցելեց տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն ու «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան հետ:
Ան մեծապէս գնահատեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութիւնը եւ աշխատանքը, առիթը ունեցաւ ծանօթանալու կեդրոնի իւրաքանչիւր բաժանմունքի գործին ու աշխատանքին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 25 տարի ետք այսօր կեդրոնը կը գոհացնէ բոլորին պէտքերը եւ կարիքները:
25 տարի առաջ կեդրոնի ծրագրաւորումի աշխատանքներուն ընթացքին տոքթ. Տէր Գալուստեան ունեցած է մեծ դերակատարութիւն` տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի կողքին:
Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն, յատկապէս կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնք աշխատանք կը տանին ի նպաստ ժողովուրդին:
Տոքթ. Տէր Գալուստեանի վկայութեամբ` «ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կը ներկայացնէ օրինակելի նախաձեռնութիւն մը, որ տարիներու ընթացքին զարգացաւ եւ յառաջդիմեց: Այսօր ան բոլորիս համար ներշնչման կեդրոն մըն է»:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

