ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթ, 3 Մարտին Կը Սկսին Մինի Ֆութպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող տարբեր տեսակի մրցումներուն կու գան միանալու մինի ֆութպոլի մրցումները, որոնք պիտի կատարուին Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ շաբաթ, 3 մարտին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երեք դաշտերու վրայ:

Ինչ կը վերաբերի պասքեթպոլի մրցումներուն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կիրակի, 4 մարտին տեղի պիտի ունենան 1994-1995-ի, 1996-1997-ի եւ 1998-1999-ի ծնունդ աղջկանց, ինչպէս նաեւ 1998-1999-ի ծնունդ տղոց մրցումները:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

 

ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹ, 3 ՄԱՐՏ ԺԱՄ
ՊԶՏԻԿՆԵՐ (Բ. ԴԱՇՏ)  
Կերթմենեան – Սոֆիա Յակոբեան 10:00
Սրբոց Քառասնից Մանկանց – Ս. Ագնէս 10:50
Գ. Հարպոյեան – Թորոսեան 11:40
Մեսրոպեան – Յառաջ 12:30
Սահակեան – Եղիշէ Մանուկեան 13:20
Հայ Աւետ. (Քաղաք) – Յովակիմեան 14:10
Ճեմարան – Ս. Խանամիրեան 15:00
 

ՄԻՋԱԿՆԵՐ (Ա. ԴԱՇՏ)

Շամլեան-Թաթիկեան – Ս. Ագնէս 10:00
Ս. Հռիփսիմեանց – Կ. Բ. Վ. 11:00
Սոֆիա Յակոբեան – «Թռչնոց Բոյն» 12:00
Յովակիմեան – Թորոսեան 13:00
Յառաջ – Ս. Խանամիրեան 14:00
Մեսրոպեան – Եղիշէ Մանուկեան 15:00
Ճեմարան – Գ. Հարպոյեան (Գ. դաշտ) 15:00
ՄԵԾԵՐ (Գ. ԴԱՇՏ
Մխիթարեան – Գ. Հարպոյեան 10:00
Շամլեան-Թաթիկեան – Սոֆիա Յակոբեան 11:00
Կ. Բ. Վ. – Յովակիմեան 12:00
Մեսրոպեան – Ս. Հռիփսիմեանց 13:00
Եղիշէ Մանուկեան – Ճեմարան 14:00
 

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՄԱՐՏ

 

 

ԺԱՄ

Սոֆիա Յակոբեան – Յառաջ (96-97, աղջիկներ) 13:00
Յառաջ – Գ. Հարպոյեան (98-99, տղաք) 13:45
Մեսրոպեան – Յառաջ (98-99, աղջիկներ) 14:30
Մեսրոպեան – Գ. Հարպոյեան (94-95, աղջիկներ) 15:15
Եղիշէ Մանուկեան – Մեսրոպեան (98-99, տղաք) 16:00
Մեսրոպեան – Եղիշէ Մանուկեան (96-97, աղջիկներ) 16:45
Կ. Բ. Վ. – Ճեմարան (98-99 տղաք) 17:30

 

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

Share this Article
CATEGORIES