Հայաստան Յաղթեց Քանատայի` 3-1 Արդիւնքով. Արազ Օզպիլիսի Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Կոլը

Հայրենի մարզիկները կը տօնեն իրենց նշանակած կոլերէն մէկը

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը արձանագրեց 2012 տարուան իր առաջին յաղթանակը, երբ Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քանատան:

Հակառակ անոր որ քանատացիք իրենք բացին մրցումին հաշիւը` Քեւին Մաքքենայի (Քէօլն) նշանակած կոլին շնորհիւ (5-րդ), սակայն հայրենի կազմը պատասխանեց երեք անգամ:

Մարքոս Փիցելլի նշանակեց երկու կոլ (23-րդ եւ 67-րդ), մինչ Արազ Օզպիլիս, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կրէր Հայաստանի հաւաքականին շապիկը, նշանակեց իր առաջին կոլը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեանին փենալթիով ցնցեց քանատացիներուն բերդին ուռկանը:

Նշենք, որ այս մրցումին հաւաքականի մարզիչ Վարդան Մինասեան դաշտ ներկայացուց իր բոլոր հիմնական մարզիկները, բան մը, որ չէր կատարած նախանցեալ օր Սերպիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, երբ Հայաստան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES