Բառերը Ուժ Են. Չհրաժարինք Այդ Ուժէն
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Ժամանակակից աշխարհի այլեւայլ փոփոխութիւններն ու զարգացումները աւելի քան խօլարշաւ թափով կ՛ընթանան: Կեանքը «շարժուն» եւ «անշարժ», «յարմարող» ու «չյարմարող» աշխարհաքաղաքացիական հաստամարմին ու բազմագլխանի հրէշի մը վերածուած է: Պատշաճելու եւ չպատշաճելու այս խաղը տեղի կ՛ունենայ բախտախնդիր գիրկընդխառնումով մը, յանուն կեանքի յառաջդիմութեան, որուն խելացնոր վազքի գարշապարին տակ կ՛ոտնակոխուին նուիրականացած արժէքներ, որոնք սկզբունքայնօրէն ոտքի կանգնեցուցած են մեր կեանքն ու մարդկութիւնը:
Խելապատիկ այս վազքարշաւը ատեն-ատեն վկայաբանել կու տայ մեր վաղեմի թէ աւելի մօտիկ անցեալը` զայն վերածելով մոռցուած քաղցրանուշ յիշողութեան մը: Անոնցմէ մէկն ալ` հայ մամուլն ու հրապարակագրութիւնը, որ հինգ հարիւր տարուան իր հարուստ անցեալով պահեց ու պահպանեց հայութիւն, մշակոյթ, արուեստ, մերթ հրաբորբ, մերթ ալ մարած խարոյկներ…
Բայց այսօր ու յաճախ` հայ կեանքի տարեգրութեան մէջ ժամանակագրականօրէն հաստատենք, որ`
Փոխուեցաւ լրագրութիւնը:
Փոխուեցաւ մամուլի դերն ալ:
Հիները, անկայուն կը զգան հողը իրենց երերացող ոտքին տակ, երբ մանաւանդ կը դիմագրաւեն, այսպէս յորջորջուող` Չորրորդ Իշխանութեան պարտադրած ուժի չպեղուած համեմատութիւններէն բեւեռացող ու բեւեռացնող հոմանիշ դերեր:
Անտեսելու չենք. եւ անշո՛ւշտ որ նորերուն մօտ ալ յիշարժան փայլուն օրինակներ կան, սակայն չմոռնանք, որ հրապարակագիրներուն եւ հրապարակախօսներուն մեծ մասը կ՛ենթարկուի անհաշտօրէն հարկադրուող իրավիճակներու, ուր փոքրամասնական յամեցող մտայնութիւնը չի կրնար հսկողի, հովանաւորողի կամ կառավարողի դերեր շնորհել իրեն: Ապագայ սերունդը վստահաբար պիտի հիմնէ աւելի նոր, աւելի ճշգրիտ բառեր, իմաստներ եւ բաց ձգուած փակագիծերը պիտի փակէ` թերեւս առանց առկախ բան ձգելու: Երբ փակագիծ մը կը փակուի անոր մասին խօսիլը անօգուտ է:
«Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակին անդրադարձող այս հրատարակութեան առիթով վստահ որ անոր էջերուն մէջ տեղ պիտի գտնեն առաջնահերթօրէն պատմական յիշատակելի գրութիւններ, ուրկէ բացորոշօրէն պիտի հանդիսադրուին թերթի անցնող ութուկէս տասնամեակներու հանգրուանային հարուստ ու յանկուցիչ պատումները, որոնք գերապատուօրէն հայ լեզուի դալարագեղ անդաստանը կանաչ ու բուրումնաւէտ պահեցին` հայ կեանքի պատսպարող ու գուրգուրոտ հովանի մը ընձեռելով:
Այսպէս կ՛ըլլար միշտ. այն օրէն, երբ Մեծեալը ստեղծեց աշխարհը:
Հիները, նաեւ անոնք, որոնց աշխարհաքաղաքացիութեան ոդիսականը զիրենք նետեց հիւրընկալ թէ անհիւրընկալ տարածքներու վրայ Միջին Արեւելքէն` Արաբական Ծոցի երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա ու Եւրոպա, զանցառող կարօտախտով պիտի վկայակոչեն լիբանանեան իրենց վաղանցուկ ժամանակները, պէյրութահոսք «հոռովել»-ները, լեռնագիւղերու զառիվերներն ու զառիվայրները, փողոցներու խեղդող փոշին, «օթոստրատ»-ներու խառնիճաղանճը, ամրան անտանելի տօթը, խոնաւ կենսոլորտն ու աւազուտ ծովեզերքները, ակումբներուն մէջ յորդող հայաբոյր կանչերը, ինքնանուէր պահակութիւնները, տանիքներու վրայէն սուրացող մահասփիւռ փամփուշտներն ու հրթիռները: Մէկ խօսքով, Լիբանանի վաւերական դրոշմաթուղթը կազմող Պէյրութը` հայութեան ընդգրկուն մեծ ընտանիքը:
Երբ այս բոլորը հապճեպօրէն կը յիշատակենք, չենք կրնար կողմնապահօրէն խուսափիլ Լիբանանի ու լիբանանահայ առօրեայ կեանքի հանգուցային այլեւայլ շերտերով ագուցուած ժողովական ու ժողովատեղիական կեանքի պատմութենէն: Հոն` քիչ թէ շատ ապրողը, հոնկէ քիչ թէ շատ մեկնողը, անձնամատոյց հաղորդականութեամբ պիտի վերյիշէ Լիբանանի մեծագոյն գիւղը` հանապազօրեայ Պէյրութը, Լիբանանի մեծագոյն տունը` Հայ Ակումբը:
Ո՞վ իր մտքին մէջ չէ նկարած, չէ նկարագրած, չէ գծագրած Պէյրութը: Նկարիչն ու ոչ նկարիչը, տաղանդաւորն ու անտաղանդը, վկայական ունեցողը կամ չունեցողը, արհեստավարժն ու ոչ արհեստավարժը, բազմաթիւ լեզուներ խօսողը կամ արաբերէն իսկ չգիտցողը: Նկարագիր յօշոտող ու նկարագիր կերտող Պէյրութը` այս բոլորը կ՛արտօնէր: Միա՛յն կ՛արտօնէր: Անյագօրէն, սանձարձակ վստահութեամբ ու անվստահութեամբ: Պէյրութը մեծհոգիօրէն ազնուասիրտ էր` հին գաղթականութեան, այլեւ նոր պանդխտութեան ու տեղահանութեան անսահման մակարդակներով: Ամէն ինչ կը հասկնար, բայց ամէն ինչ չէր արտայայտեր` Սփինքսի մը միսթիք խորհրդապահութեամբ:
Դժուար ու միաժամանակ դիւրին տարիներ:
Կնճռոտ ու միաժամանակ դիպուկ ժամանակներ:
Գեղեցիկ ու անձանձիր տարիներ, երբ մարդիկ կ՛ապրէին իրարու հետ, իրենց հակոտնեայ, բայց արարչագործ նկարագիրներով, իրենց հակակիր ու չհանդուրժող ապրումներով ու գաղափարներով, որոնք այլապէս կը ցոլացնէին լիբանանեան միջավայրի մէջ ազգայնամոլօրէն ազգաշէն, բայց նաեւ տխուր ու ողբերգական կեանքի մը անհաս հեռապատկերներ, որ եկան ու գացին, որ գացին ու կրկին եկան, մնայուն ու անցողական մնացորդացներով: Պէյրութը մէկուն չմերժեց. չի մերժեր այսօր ալ: Աւելցուկի ու թափթփուքի գաղափարը երբեք տիրապետող չեղաւ մայրիներու հովանիին տակ:
Այդ տարիներուն լրագրական ասպարէզը դժուար էր: Օրաթերթ հրատարակելն ալ դժուար էր: Այսօր, թերեւս, աւելի դժուար է, քանի կեանքի պահանջները անհամեմատօրէն ուռճացած են: Հիմա կ՛ապրինք կեանքի մեծ ու անորոշ արկածախնդրութիւններու շրջան մը: Բնորոշումը գուցէ ծանր է, բայց, կարծեմ, ճիշդ է, քանի որ մեր ազգային կեանքին հանդէպ քանակն ու որակը մնայուն հաւատաքննութեան ենթակայ են: Անոր գինը կը վճարեն ե՛ւ քանակն ու որակը պահողները, ե՛ւ քանակն ու որակը քանդողները:
Այսօր հոս հարկ չեմ տեսներ քանակին ու որակին փիլիսոփայական, ընկերային, քաղաքական ու կուսակցական վերլուծումը կատարելու: Իմաստ ալ չունի: Բան մըն ալ չ՛աւելցներ մեր ներկայի այնքան ծանրաբեռնուած կեանքին մէջ, ոչ ալ նոր լուծում մը կրնայ ժամանակաւորապէս ամոքել անլոյծ մնացած հին ու դառնացող խնդիրներ: Բաւական է, որ տասնամեակներ վերջ հասունցանք ու այժմ աւելի մաքուր ու ներողամիտ աչքով կը քննարկենք զանոնք: Այդ խնդիրներուն ճանաչումն ու հաստատումը սակայն, զանոնք չկրկնելու իմաստով` նախ փոխներգործութիւն, ապա նաեւ ոչ թանձրամիտ փոխկապակցութիւն մը կը թելադրեն մեր ազգային-գաղափարաբանական քաղաքակրթութիւնը կատարելագործելու, եւ զայն միայնակ, անորոշ ու համակերպող տոկմաներէ ձերբազատելու հիմնաւորումով:
«Ազդակ» անձնագիր ու անձնաթուղթ ունեցող թերթ է: Այս վկայութեան համար ծափահարութեան կարիքը չզգաց բնաւ: Իր մեծութիւնը ի վնաս ուրիշ թերթերու չեղաւ, այլ նմանեցաւ այն մարդուն, որ յիշատակներ, պատմութիւն, ուժ փոխանցեց ե՛ւ թերթերուն, ե՛ւ մարդոց:
«Ազդակ» նման եղաւ փարող այն մորթին, որ մարդուն վրայ փակելու փոխարէն, հայ կեանքին վրայ փակաւ, այդ փարումը մամլոյ ասպարէզին ընդմէջէն ազգային առաքելութեան վերածելով, ազգայինը գերադասելով ու արժեւորելով:
Հին օրերու լրագրողներ, աշխատակիցներ, նոյնիսկ խմբագիրներ ու տնօրէններ, թղթակցութիւններու կամ հարցազրոյցներու համար կը գործածէին իրենց ոտքերը, հանրակառքը, հազուադէպօրէն` թաքսին: Թերթը թաքսիի դրամ չունէր: Օրին, նոյնիսկ անտեղի մսխում կրնար համարուիլ թաքսիի օգտագործումը: Թերթը արժէք ստանալու համար ամոքիչ տառապանքով պէտք է լոյս ընծայուէր: Թերթի կեդրոնաձիգ միջավայրը, շրջանակը փոքր էր: Ուր որ երթայիր ծանօթի մը կը հանդիպէիր, ծանօթն ալ կը խօսէր, կը բարեւէր, կը հետաքրքրուէր, կը յարգէր: Կը քալէիր եւ կենսոլորտը մշուշոտ չէր, ժողովուրդը ճաշարաններու մուտքի մայթերուն առջեւ կը ճաշէր, կը խմէր, կը զուարճանար, կը խոկար, մաքուր սպիտակ ծածկոցներով ու գոյնզգոյն ծաղիկներով ծաղկամանի մը դիմաց իր հիասթափութիւնները կը խեղդէր, իր ձանձրոյթը կը փարատէր: Ի՜նչ լաւ որ հիասթափութիւնը կը միաձուլուէր կոտրտուող ձանձրոյթին մէջ: Լիբանանի մէջ ժամանակը դանդաղ կը հոսէր: Բայց դանդաղ կամ արագավազ Լիբանանը չճանչցողները հարուստ եղան. ճանչցողները` աւելի հարուստ:
Հին թերթերու համեստ գրասենեակները տարբեր համ ու հոտ ունէին: Հիմա` համն ալ, հոտն ալ փոխուած են, տարբեր են, թերեւս աւելի լաւ եղած են. չեմ գիտեր: Չեմ ըսեր` առաջ աւելի լաւ էր, հիմա աւելի գէշ է: Ո՛չ: Ըսել կ՛ուզեմ, առաջ տպագրական սեւ կամ գունաւոր մելան կը հոտոտայիր, լինոթիփի հակաառողջապահական կապար կը ծծէիր: Հիմա, համակարգիչը ինչպէ՞ս հոտոտաս: Համակարգիչը, տպիչը, սքենըրը, պատճէնահանող մեքենան, բջիջայինը հոտ ունի՞ն: Չեմ կրնար ըսել: Թերեւս ունին տարբեր հոտ մը, որուն նոր անունը պիտի կնքուի, երբ որ այս գործի յառաջադէմ փորձագէտները յօժարին զայն գտնել համաշխարհայնացման անել բաւիղներէն սլանալով տարբեր լաբիւրինթոսներու ոլորտներէն անդին, դէպի հետախուզուող հեռազգայնութիւններու տիեզերքներ:
Հիմա թերթերուն տեսքն ալ փոխուած է: Տպուած թուղթի արհեստագիտութիւնը կը մեռնի արդէն: Առաջ` Ա. էջին վրայ խմբագրական, նշմար կամ քրոնիկ կ՛ըլլար: Ըսելիք կար ամէ՛ն օր: Չըսուելիքն ալ ըսուելիք կ՛ըլլար, լրագրական հանճարամիտ աճպարարութեամբ: Գրութիւններ, որոնք սուր գրիչներու ստորագրութեամբ, անստորագիր թէ կեղծանունով կը դրոշմէին թերթին դիմերեսը: Այդ գրութիւններէն ընթերցողը ուղղութիւն, պատգամ կը ստանար, կը ներշնչուէր: Հիմա վերջին էջերու օրուան քաղաքական ու ամէնէն այժմէական լրատուութիւնն ալ անցած է ներսի էջ: Վերջին էջերուն մէջ նախընտրուած է վճարովի գունաւոր ծանուցումը, ի հարկին` գունաւոր հասոյթ ապահովելու համար թերթի վազող ծախսերու հոգատարման պահանջով: Այս մէկն ալ մեր ժամանակի հարկադրանքներուն հետ քայլ պահելու համակերպող ձգողականութեան կարիքներէն կը թելադրուի:
Մեր բոլորիս սիրելի «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակի ստեղծարար գործին առիթով, կը հրատարակուի այս թիւը: «Ազդակ»-ը ներկայ է բոլոր ժամանակներուն մէջ, հասակաւոր թէ աժդահա, սահմանափակ էջերով, բազմէջեայ սեւ-ճերմակ տպագրութեամբ, թէ գունաւոր, իր լրագրական նուաճումներու յաւելուածականներով` գրական, «Պզտիկ-Մզտիկ», անգլերէն թէ արաբերէն բաժիններով, պլոկով, դիմատետրով, արխիւով, PDF-ով, Youtube-ով, համացանցային կապով, գորովագութ հացաբոյսի մը պէս, որ հացահատիկ, ցորեն կը շնորհէ մարդոց միտքն ու հոգին կշտացնելու համար:
Մշա՛կ, ցանէ՛, առանց դադարի, հերկդ հետքի վերածէ` հայ կեանքին մէջ քու առաքելութիւնդ նուիրականացնելու հաստատակամութեամբ:
«Ազդակ»-ի յատուկ թիւի հրատարակութիւնը արդար իրաւունքի հարց է: Մտածումը, կարծեմ, անցեալը կարօտնալ չէ, այլ հինը (1927) նորին (2012) անմնացորդօրէն շաղկապելով յիշեցնել հայատառ տպագիր մամուլին դերակատարութիւնը մեր հանրային-հասարակական կեանքին մէջ ճիշդ ու պարկեշտ կերպով հրատարակելու պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը` հին փորձառութիւններուն նորեր բարդելու արդար ներշնչումով եւ այս յանձանձումը նոր օրերու ներշնչարան դարձնելու պայմանադրութեամբ:
Ոեւէ ողջմիտ մարդ լիազօրուած չէ մամուլի մը երթը կամապաշտօրէն դատապարտելու, երբ մանաւանդ անիկա խարսխուած է ազգային նուիրուածութեան, գիտակից զոհողութեան եւ մամուլի կենսատու սիրոյ կրկնութեան եւ շարունակականութեան հնազանդութեամբ:
Մամուլը իր արժէքը ունի, որովհետեւ մտածող ու զգացող մարդուն մէջ կը զարգացնէ մաքուրը աղտոտէն, ճիշդը սխալէն, ծախուածը չծախուածէն, արդարը անարդարէն, պարկեշտը անպարկեշտէն, լուրջը անլուրջէն զանազանելու առարկայական ճանաչումը` օժտուած ժողովրդավարական հասուն ու բարձր մտադրութեամբ, որպէսզի աժան ու վաղանցուկ քարոզչութիւնը չծառայէ նկատումով, միտումով, կողմնակալ ու կաշառուած քարոզչութեան:
Մամուլի արժէքը գերադաս է, որովհետեւ կը հաղորդակցի հասարակութեան լայնախոհ խաւերուն հետ եւ անոնց կը սորվեցնէ բառ, խօսք, լեզու, գրականութիւն, ուղիղ գործելու բարեխիղճ արուեստ:
Մամուլը մեր կատակերգակ կեանքի կապկող միմոսն է. երբեմն ալ թեթեւաբարոյ ծաղրածուն, որպէսզի նաեւ ափսոսանքով խարանէ այն ինչ որ մարդիկ չեն հասկնար` կարծելով, թէ հայ կեանքը հեշտընկալ ժամանցի, կամ շահադէտ «հոպի»-ի ցուցադաշտ է:
Մամուլը իր արժէքը ունի նաեւ, որովհետեւ իր էջերուն մէջ կը ցոլացնէ ազգային վսեմ տօները, ազատագրական պայքարները, նորագոյն պատմութեան ցուցական մարտերը, մեր նորօրեայ ազատամարտիկներու օրինակը, որքան ալ անոնք, երբեմն, ներքուստօրէն, նաեւ թիւրիմացաբար փառքի պսակի մը սնապարծութեամբ աճին:
Վերջապէս, մամուլը իր արժէքը ունի, որովհետեւ բեմ կու տայ նոր մարդոց իրենց բազմակողմանի տաղանդը հանդիսադրելու, իրենց փորձառութիւնները դրսեւորելու, որպէսզի ուսուցիչ եւ աշակերտ, իրարու հետ պարագծօրէն շաղկապուած հասարակութեան փոխանցեն կեանքի ու հայկական արժէքներու դաստիարակութիւնը, երբ յաճախ զանոնք արժեւորելու կարելիութիւններ չեն տրուիր:
Ի դէպ, մամուլի մարդը կը մնայ տեւական աշակերտ, որովհետեւ մինչեւ իր խոր ծերութիւնը բան ունի սորվելիք մամուլի բազմագիտակ կեանքէն: Հրապարակագրութիւնը անընդհատ կը փոխուի եւ գրողին միտքը կրնայ կարծրանալ եթէ չջրուի, պարարտացուցիչով չօժտուի լրատուութեան ամէնօրեայ հրատապ նորութիւններով ու վերլուծութիւններով:
Թերթ հրատարակելը նկարագրային դիմացկունութեան հետ կապ ունի: Մարզիկ կայ, որ շատ արագ, հարիւր մեթր կը վազէ ու կը յոգնի: Մարզիկ կայ, որ երեք հազար մեթր կը վազէ, բայց չի յոգնիր: Հայ մամուլը երեք հազար մեթր վազող գաղափարամարտի բերդակալներու պէտք ունի, հոգ չէ թէ հարիւր մեթր վազողներու արագութեամբ չվազէ: Կը կարծեմ, թէ առաւելագոյնին ձգտող այս գնահատումով է, որ մամուլը կանգուն պահուած է, եւ յարատեւութեան այս տոկունութիւնն է, որ զայն սիրելի դարձուցած է մարդոց: Սիրելի ու երախտաւոր: Սիրելի ու շնորհապարտ:
* * *
Մեր օրերուն, լրագրական ասպարէզին հետեւողը մեկնակէտ կ՛ունենայ սկզբունքային հետեւեալ հարցադրումը. ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ գրելու ազատութիւնը, ազատութեան անկախութիւնը: Ինչպէ՞ս մէկը կրնայ չայլասերիլ մամուլի համայնակուլ ասպարէզին մէջ:
Ազատութիւնը կը սկսի ճիշդ ու թիրախային ստեղծագործութեամբ: Ստեղծագործութիւնը կը նմանի դեղագործի տուած դեղին. եթէ ճիշդը տայ` հիւանդը կը բուժուի. եթէ թոյն տայ` հիւանդը կը թունաւորուի ու կը մահանայ:
Ոեւէ գրող, նոյնիսկ ամէնէն սկսնակը, կը հասկնայ, թէ իր վրայ բանեցուած ճնշումը ուրկէ՛ կու գայ:
Ամերիկացիներու մամլոյ աշխարհի մասնագէտ մը ճիշդ ու սխալ լրատուութիւնը կը բնորոշէր իրարմէ հականիշ, բայց իրար ամբողջացնող երկու բացատրութիւններով.
– Ժողովուրդին տալ` ի՜նչ որ կ՛ուզէ:
– Ժողովուրդին տալ միա՛յն ճշմարտութիւնը:
Պիտի թելադրեմ նորերուն, որ պայքարին ազատ մտածումի, ազատ խօսքի աննկատ պահպանման համար, ժողովրդավարական բարձր հասկացողութեամբ ու փիլիսոփայական վսեմ պատկերացումով:
Լեզուն ու գրիչը մտածում ու գաղափար է: Թոյլ չտանք, որ իրենց պայքարը տժգունի, իրենց բռունցքը ճեղքուի: Երբ ճշմարտութիւն կը փոխանցեն, զայն ժուժկալօրէն, կամ կաթիլ-կաթիլ չփոխանցեն, այլ յորդազեղ յորձանուտի մը ուժգին թափով, տապալելու համար ապատեղեկատուութեան խախուտ պատուարները եւ զայն ժամանակաւորապէս ոտքի կանգնեցնող կեղծիքը, խաբէութիւնը, սնափառ մարդոց կողմէ բոլորին պարտադրել միտող նեղմտութիւնը, պահպանողականութիւնը եւ մամլոյ բռնատիրութիւնը:
Սեփական տեսակէտը մեր ապրած կեանքի հասունութեան ինքնաստեղծ արգասիքն է:
Չհրաժարիլ ճշմարտութենէն, նոյնիսկ երբ կը ցաւցնէ: Ճշմարտութիւնը այդ ցաւին մէջ բեղմնաւորուած է: Չթողունք, որ ողորմելի ու մշտնջենական թմբիրի մէջ գերեզմանուի:
Բառերը իրենց ուժը ունին. պէտք չէ հրաժարիլ այդ ուժէն:
Աթէնք

