Մի՛ Ստիպէք, Որ Հայ Մամուլը Մուրացկան Դառնայ…
ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ
Լոս Անճելըսի որոշ հայ շրջանակներ, պատեհապաշտօրէն օգտագործելով երկրին տնտեսական ներկայ նեղ կացութիւնը եւ տիրող աննպաստ մթնոլորտը, իրարու դէմ մրցումի ելած «A qui mieux mieux» սկզբունքին հիման վրայ, զիրար բզկտելու մէջ մրցանիշներ կը կոտրեն:
Միամիտ հայ վաճառականը քանդուած վիճակի կը մատնուի, պարզապէս, որովհետեւ օգնած է «օգնութեան կարիքը ունեցող» նոր եկուորներու` անոնց տրամադրելով, օրինակի համար, կահ-կարասի կամ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ, արժանավայել վստահութեամբ եւ «շուտով` ամիսէ ամիս վճարելու» սին ու խաբուսիկ խոստումներէ տարուելով:
Նման պարագաներ կարելի է նաեւ տեսնել հայ մամուլի առօրեային մէջ, թէեւ հայ մամուլը կարգ մը չարամիտ շփացածներու խամաճիկը չէ եւ չի ալ կրնար ըլլալ: Հայ մամուլի առաքելութիւնը յստակ է եւ մեկին, թող ոչ ոք փորձէ խափանել կամ պղծել անոր վստահուած գործը:
Որովհետեւ,
Կարգ մը անպատասխանատու հայ առեւտրականներ սովորութիւն դարձուցած են հայ մամուլը օգտագործել իրենց ձեռնարկներուն յաջողութեան կամ վերելքին համար:
Այսպէս, ծանուցում կատարելու համար լուրջ համաձայնութիւն կնքելէ ետք, անոնք` անլուրջ եւ… «առաւ-փախաւ» հայ առեւտրականները կը դրժեն, կը ստեն, կը մերժեն վճարել, մէկ խօսքով` պուրճհամուտեան լեզուով` կը փորձեն «կարգադրել» հայ մամուլի տքնաջան ներկայացուցիչները: Յաճախ անոնց աղերսական հեռաձայնային կանչերուն չեն պատասխաներ կամ անոնց երեսին կը փակեն հեռաձայնը, կ՛անտեսեն անոնց ընկալագրերը եւ նամակները կամ անոնց հետ տեսնուելու առաջարկները…, պարզապէս երջանիկ կը զգան, որ վարպետօրէն «կարգադրած» են հայ մամուլի մէկ օրկանը, զայն օր ցերեկով եւ լոյս աչքով խաբած ըլլալու վստահութեամբ:
Այսպիսով, տարեկան հարիւրաւո՜ր-հազարաւո՜ր վնասներ կ՛արձանագրուին խեղճ ու անպաշտպան հայ մամուլի հաշուոյն:
Խե՜ղճ հայ մամուլ, դուն ալ, առաքելութիւնդ լուրջի առած, ելեր ես մաշտոցեան քարոզներ կը բաշխես Ա-ը Բ-էն զանազանել չգիտցող մարդոց, որոնց երազը կանաչ տոլար դիզել է սոսկ, հոգ չէ` թէ ի՛նչ ճամբով:
Խե՜ղճ հայ մամուլ, դեռ միամտօրէն կը փորձես գիր-գրականութիւն ներմուծել այնպիսի յարկերէ ներս, ուր միայն գութ կրնաս զգալ եւ պժգանք` ի տես հոն կատարուող օրական պղծումներու…
Խե՜ղճ հայ մամուլ, որ տակաւին չկշտանալով եղած «սխրագործութիւններէն», դեռ կը փորձես անխոհեմութեամբ կամ… (ըսե՞մ, չըսե՞մ, ըսե՞մ, չըսե՞մ… ըսեմ` ԷՇՈՒԹԵԱՄԲ…) անվճար թերթ հասցնել հայ ժողովուրդին ոտքը հասնող բոլոր կեդրոններուն, հազարներով վնասներ սիրայօժար կրելով:
Վարագոյրի ետին, քեզ ուրացողներ եւ վրադ խնդացողներ, քեզ ծաղրողներ «կ՛ողբան» դժուարութիւններդ, բայց չեն գիտակցիր, որ իրենք մասնակից են դժուար օրերուդ եւ անել կացութեանդ:
Հայ մամուլ, հայ դպրոց, հայ եկեղեցի. հաճիք` այս երեքէն մէկուն մի՛ վնասէք: Այս երեքը հաւասար չափով անձեռնմխելի են եւ… սրբազան:
Մի՛ ստիպէք, որ անոնցմէ մէկը մուրացկան դառնայ… ձեր սիրոյն…
Լոս Անճելըս

