Երիտասարդական Պրիսմակ. Լրագրական Տարազումներէն Անդին` Յանդուգն Ոստումի Մը Ակնկալութեամբ («Ազդակ» 85-Ամեակ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ընդհանրապէս ամեակներու նշումին արձագանգելը եթէ մէկ կողմէ իր բարերար ազդուութեամբ` շնորհակալ եւ երախտապարտ ըլլալու պատեհութիւնը կը ստեղծէ, նոյնինքն յոբելեարին կատարած գործունէութեան իմաստն ու արժանիքները լոյսին բերելու մտադրութեամբ, միւս կողմէ իր մէջ կը ներառէ այն հասկացողութիւնը, թէ տարիներու թաւալքին ընդմէջէն կուտակուած փորձառութիւններուն եւ պատկառելի վաստակին համահունչ` ապագայակերտ առաջադրանքներու կենսաւորումին փայլքն է, որ տեսանելի պէտք է դառնայ ամբողջ շրջապատին:
Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի հաւաքական կեանքի մը արտայայտութիւնը եղող հայ մամուլի ներկայացուցիչի մը ազգային դիմագիծին, անոր գաղափարական ուղիին, մատուցած ծառայութեան, ընկերային-հասարակական մտածողութիւն ձեւաւորելու իմաստով ունեցած կոչումին, լրագրական ասպարէզին եւ հրապարակագրական աշխուժ կեանքի մը ներկայութեան:
«ԱԶԴԱԿ» օրաթերթի ութսունհինգամեակ:
Անմիջական ու անկեղծ մտորումներու հոսքին ներքեւ լոյսին կու գայ սրտբաց խոստովանութիւն մը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է այն հոգեխռով վիճակին մասին, որով կը մարմնաւորուի հետեւեալ ընդգծումը. ինչպիսի՛ նորարար մտածումներով պարուրել հետագայ տողերու բովանդակութիւնը խուսափելու համար սրտամաշ կրկնութիւններէ, ձանձրոյթ պատճառող յանկերգներէ, անհոգի եւ արուեստական մաղթանքներու շռայլութենէ:
Փաստօրէն, լիբանանահայ կեանքին ու պատմութեան ամբողջ պաստառին վրայ իր եզակի եւ անփոխարինելի ներկայութիւնը արձանագրած հայ մամուլի արժանահաւատ զաւակը` «ԱԶԴԱԿ», արդէն իսկ կը դիմագրաւէ նոր ժամանակներու մեծագոյն մարտահրաւէրը` գոյութեան պայքարը, յանուն հայ թերթի անարգել հրատարակութեան եւ յարատեւութեան, այլ ասած` ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑՄԱՆ, մտածողական եւ ժամանակի շունչն ու ոգին պարփակելի դարձնելու հրամայական պահանջին արձագանգման:
Իրօք, նոր հանգրուան թեւակոխելու հասկացողութեամբ «ԱԶԴԱԿ» իր կարգին արդէն վերջին տարիներուն կը նախաձեռնէր առաջին հերթին երիտասարդ ուժի ինքնամատակարարման` այլազան բնագաւառներու մէջ, ապա` տպագրական արհեստագիտութեան պատշաճ օգտագործման:
Այլ խօսքով, ինքնապարտադրանքի խոհական քայլերու դէմ յանդիման, դաշնակցական ընտանիքի այս օրկանը, թէեւ համեստ այդուամենայնիւ որոշակի զարգացման ու բարգաւաճման կշռոյթի փայլքը փոխանցեց իր շրջապատին` իր շուրջ համախմբելով գաղութի մտաւորական տարրերն ու ընթերցասէր հասարակութիւնը:
Ի սկզբանէ հաստատենք, որ «ԱԶԴԱԿ»-ի պարագային աւելի քան ութ տասնամեակներու փշոտ, սակայն տիրական ճանապարհը պարտաւորեցնող է ընդգծելու համար անոր շեշտուած դիմագիծն ու մշակութանուէր վարքագիծը` հայապահպանումի նուիրական աշխատանքներուն իր ունեցած նպաստով եւ օժանդակութեամբ:
Եթէ երբեք մասնաւորենք գաղութահայ կեանքի թէ ընդհանրապէս ազգային հարթակին վրայ «ԱԶԴԱԿ»-ի ունեցած դերակատարութիւնը, ապա լոյսին պէտք է բերել անոր բովանդակային այլազան շերտերն ու յատկապէս լրագրական մարզի անմիջական յաջողութիւնները:
Բայց արդեօք վերոնշեալ նշումները բաւարարուածութեան զգացողութի՞ւն պէտք է պատճառեն, թէ՞ խթան հանդիսանան հրապարակագրական կեանքի բիւրեղացման, առաւել ճառագայթումին եւ, ապահովաբար, այլընտրանքային մտածողութեան զարգացման:
Յիշեցում մը:
«ԱԶԴԱԿ»-ի ութսունամեակին նուիրուած բացառիկով, կարծես ազդանշանը կը տրուէր նոր հանգրուան ու միջավայր անցնելու անհրաժեշտութեան, եւ առհասարակ` յանդուգն ոստումներ որդեգրելու հրամայականին: Յիրաւի, պատկառելի գրականութիւն եւ մտաւորական աշխարհահայեացք ընդգրկող հրատարակութիւն մըն է այդ բացառիկը, ուր շօշափուած են բազմաթիւ մտահոգութիւններ, արձանագրուած` քննադատական թէ խոհական արտայայտութիւններ, արդի ժամանակներու պահանջին ու թելադրութեան համահունչ ակնկալութիւններ եւ ընդհանրապէս մամուլի ճակատագիրին անդրադարձող բազմաբնոյթ գնահատումներ կատարուած են:
Սակայն, ի՛նչն է որ մեզ կը մղէ կրկին անգամ անդրադառնալու վերոնշեալ հրամայականներուն, եթէ ոչ այն հասկացողութիւնը, որ իր մէջ կը պարփակէ այն վճիտ իրողութիւնը, համոզումն ու հաւատամքը` հայ մամուլի վերապահուած դերակատարութեան, եւ ի մասնաւորի` «ԱԶԴԱԿ»-ի ունեցած անփոխարինելի առաքելութեան նկատմամբ:
Ի դէպ, անուրանալի է այս օրկանին վերջին տարիներու որոշակի յաջողութիւններուն մասին տրուած գնահատումները` գաղութահայ թէ համազգային մասշտապով:
Փաստօրէն, «ԱԶԴԱԿ» կարողութիւնն ու ներուժը ունեցաւ իր էջերը ընթացիկ լրագրական, գաղափարական թէ համահայկական նիւթերով օժտելէ անդին երթալով քննարկումներու եւ այլազան տեսակէտներու բեմահարթակ դառնալու` առիթ տալով բազմերանգ մտաւորական գրիչներու իրենց աշխարհայեացքներն ու մտորումները սեւով ճերմակին յանձնելու:
Իսկ ինչ կը վերաբերի գրական-գեղարուեստական շունչին, պատմական դէպքերու առիթով վերարծարծ մօտեցումներուն եւ քաղաքական վերլուծական հորիզոններուն, թէեւ անոնք թերթին էջերուն մէջ կը տողանցեն շաբաթական հերթականութեամբ, բայց եւ այնպէս, «ԱԶԴԱԿ» ժամանակակից կեանքի պարտադրանքին ականջալուր դառնալով` կեանքի կոչած է այն նախանձելի իրականութիւնը, որով վերջին յիսնամեակին կ՛ապրէին ու կ՛ապրեցնէին դաշնակցական օրկաններ, երբ մտաւորական եւ գերազանցապէս խոհուն գրիչներ իրենց խօսքը կ՛արձանագրէին բազմաթիւ բնոյթի նիւթերու ընդգրկումով եւ յստակատեսութեամբ:
Նման հոգեգրաւ եւ նպատակաուղղուած աշխատանքի մը փայլուն արգասիքն է «ԱԶԴԱԿ-գրական – ԱԶԴԱԿ-արուեստի»-ի յաւելուածը, որ հայ գրականութեան եւ գեղարուեստի ոգեշնչող հրատարակութիւն մը ըլլալով, կ՛ընդգրկէ աշխարհահայեացքային կեցուածք ու գրաքննադատական առողջ միջավայր:
Անցնինք:
Գաղութահայ իրականութեան եւ համայնակուլ այս ճգնաժամին ի տես, երբ հայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արժէքներու դէմ ապազգայնացնող եւ ահռելի արշաւներ կը սարքուին, պէս-պէս մտադրութիւններու եւ պիտակներու ներքեւ, հայ քաղաքական մտքին եւ մտաւորական արժեհամակարգին կը մնայ ստանձնել առաջնորդի եւ ընդհանրապէս ղեկավարման նախանձախնդրութիւնը, այլապէս որդեգրելով ասպարէզային խիզախ վարքագիծեր, որոնց նպատակակէտը պիտի ըլլայ դէմ դնել կրաւորական եւ հնաբոյր համարումներու, ապառողջ եւ շեղող մօտեցումներու:
Այս առումով բաւարա՞ր է ամէն քայլափոխի յիշեցնել հայ ժողովուրդի ղեկավարութիւնը ստանձնած ներկայացուցչութիւններու, թէ անցած են այն ժամանակները, երբ կարկտան, տկլոր ու ինքնաբաւ հայեացքներու շռայլութեամբ յորդորներ կը հրամցուին աջ ու ահեակ: Թէ` նման ինքնախաբէութիւններ ա՛լ զիջած են զարգացման ընթացքի մէջ եղող ընկերային-հասարակական կարգ ու սարքերու եւ արդի ըմբռնումներու: Իսկ մեր պարագային` պարտասած կամ ուշացած ըլլալու բարդոյթին անդրադարձները տակաւ կ՛ուզենք բաշխել ասդին-անդին:
Հայ մամուլին համար ախտաճանաչումի թէ ինքնաքննարկումի հանգրուաններու մասին խօսքն անգամ վիրաւորական պէտք է նկատել, որովհետեւ համաշխարհային չափանիշերն ու արժեչափերը արդէն կլանած են ամբողջ մարդկութիւնը, իսկ նորահաս սերունդներ կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն ատոնց ազդեցութեան տակ:
Այլ ասած, մարդկային յառաջդիմութեան բազմաբեւեռ ուղղութիւններու տիրակալութեան տակ գտնուող մերօրեայ սերունդին ուղղուած ինչպիսի՛ վարքագիծեր ալ որդեգրելի ըլլան, տակաւին բացթողումներու եւ ապիկար երեւոյթներու ականատես պիտի ըլլանք, որովհետեւ` արհեստագիտութեան խելայեղ եւ արագասոյր մեր ժամանակներուն ազգային գաղափարախօսական ըմբռնումներուն եւ վարքագծերուն պէտք է տալ նորովի հնչեղութիւն` էապէս ապահովելու համար ազգային դիմագիծի ու արժէքներու անփոխարինելիութիւնը, առանձնապէս անոր ագուցելով անհատական հմայքի ու կենդանի օրինակին գերակշիռ տարողութիւնը:
Յայտնապէս, հայ մամուլին համար հզօր ապաւէն պէտք է նկատել երիտասարդացման գործընթացներու ընդգրկումը: Այսինքն` մարդուժի, մասնագիտութեան, վերաորակաւորման, յախուռն գրիչի թէ կեցուածքի առաւել պայծառութեամբ թափանցելու հայ իրականութեան մէջ, պեղելու եւ լոյսին բերելու ամէն դժուարութիւն, ապառողջ կացութիւն, անշնորհ աշխատանք, ազգային դիմագիծի աղաւաղման փորձ, անլուրջ ու բռնազբօսիկ ամէն արարք, հոգեւոր ու մշակութային կեանքին վերաբերող ամէն խաթարում եւ յականէ անուանէ պախարակելու անոնց հեղինակներն ու ետին կանգնողները` յանուն արդարութեան, ճշմարտութեան եւ ազգային առողջ միջավայրի ու մթնոլորտի կենսաւորման:
Միւս կողմէ, ծիծաղելին այն է, որ ազգովին, ըստ էութեան, կը գիտակցինք մարտահրաւէրներուն եւ հաւաքական մեր կեանքին դէմ ցցուող դժուարութիւններուն, իրազեկ ենք թշնամիին ամէնօրեայ սադրանքներուն եւ բարբարոս դիտաւորութիւններուն, ամէն քայլափոխի կը պահանջենք ներազգային կեանքի առողջացումը, զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը, սակայն, եւ ամէնէն հիմնականը` մեզի պակսողը քաջութիւնն է, հաւաքական մեր կեանքին վերաբերող ախտերուն դէմ կանգնելու եւ դիմակայելու զանոնք, գիտական թէ ազգային գաղափարական հայեացքներու ընդմէջէն:
Այս իմաստով, տխուր եւ արհամարհական է ըսել, թէ հայ դպրոցի, եկեղեցւոյ թէ միութիւններու առընթեր, հայ մամուլի հզօրանքը կ՛ենթադրէ տնտեսական կեանքի բարելաւում, որպէսզի անոր առաքելութեան պատուանդանը կարենայ ամուր պահել ինքնազարգացման հոլովոյթն ու չափանիշները:
Այլապէս, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք ներգրաւել նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք զինուած իրենց մասնագիտական կրթութեամբ եւ մտաւորական ունակութեամբ պիտի կարենան նոր թափ ու լիցք մատակարարել հայ մամուլին, գիտական ու թարմ տեսակէտներ շնորհել իրենց միջավայրին, երիտասարդականի իրենց կոչումին առընթեր` յանձնառու ըլլան եւ պատասխանատուութիւններ վերցնելով կարենան շրջադարձ մը ապրիլ:
Արդ, ջերմ հաւատացողն ենք, որ հայ մամուլի վերաբերող հիմնական եւ անյետաձգելի հրամայականն է հրապարակագրական խիզախ ընդունակութիւններու ջատագովումը` հեռու մակերեսային եւ անլուրջ մօտեցումներէ, եւ լծուելու ազգային կեանքի փթթումին` պարսաւելով ախտավարակ եւ ինքնագոհ միջակութիւնները:
Նոր ժամանակներու ոգին կ՛ենթադրէ շրջահայեաց, բայց նաեւ քաջ կեցուածքներու ընդգծում, որպէսզի նորահաս սերունդին ընծայուի առիթը` վայելելու գրաւոր խօսքին ազդուութիւնը:
Այս բոլորը` քաջալերելու եւ պահպանելու համար ընթերցասէր եւ գրասէրներու համեստ փաղանգներ, որոնց այնքան կարիքը ունինք հաւաքաբար:
Արդ, դաշնակցական մամուլը պարտաւոր է պարփակել այս բոլորին:

