Թուրքիա Եւ Իրան. Ժպիտներու Ընդմէջէն Մրցակցութիւնը Կը Սրի

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կը դիմաւորէ իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլը, վերջինին փետրուար 2011-ին Թեհրան տուած այցելութեան ատեն: Այդ օրերուն երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները աւելի ջերմ էին: Սուրիոյ եւ Իրաքի շուրջ տարակարծութիւնները լարուածութիւն չէին պատճառած տակաւին:

Կը թուի, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Իրանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը եւ աստիճանաբար կը հրաժարի այն բարձրաձայն զօրակցութենէն, զոր նախապէս արտայայտած էր իրանեան վարչակարգին: Այն պահուն, երբ երկու ուժերը կը պայքարին Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ հարցերու շուրջը, վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն, որ Միջին Արեւելքի մէջ ղեկավարութեան համար անոնց մրցակցութիւնը կրնայ միայն սրիլ:

Սակայն, առ այժմ, գոնէ պաշտօնապէս, Թուրքիա կը պնդէ, թէ ինք տակաւին յանձնառու է պահպանելու մերձեցումը Իրանի եւ` շրջանցելու փոխադարձ կասկածները, որոնք վերջին տասնամեակներուն յատկանշեցին երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները:

«Մենք մեր լաւագոյնը կ՛ընենք, որպէսզի երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծենք: Այո՛, մենք Իրանի հետ համաձայն չենք բոլոր հարցերուն շուրջը (Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պատահող), բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք չէ խօսինք անոնց հետ: Մենք դէմ դիմաց անոնց կը յայտնենք պատահածներուն մասին մեր մտահոգութիւնները», «Եուրէյժիանեթ»-ին ըսաւ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, որ չուզեց իր անունը հրապարակել:

Սակայն թուրք պաշտօնատարներու վերջերս կատարած կարգ մը յայտարարութիւնները աւելի բարդ պատկեր մը կը թելադրեն:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 5 փետրուարի ժողովին փոխվարչապետ Պիւլենթ  Արընճ խիստ քննադատութեան ենթարկեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցող Իրանի քաղաքականութիւնը, Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ ընդդիմադիր ամրոցներու արիւնալի ճզմումին լոյսին տակ:

«Ես խօսքս կ՛ուղղեմ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան. ես չեմ գիտեր, եթէ դուք արժանի՞ էք իսլամական կոչուելու: Դուք խօսք մը իսկ ըսի՞ք Սուրիոյ մէջ պատահող դէպքերուն մասին», ըսաւ Արընճ` ըստ «Անատոլիա» լրատու գործակալութեան:

Այս եղանակը, ոճը կը ներկայացնէ մեծ փոփոխութիւն 2009 թուականէն, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շարքին էր աշխարհի առաջին ղեկավարներուն, որոնք շնորհաւորեցին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի վիճարկուած վերընտրութեան առիթով, կամ` 2010-ին, երբ Անգարա Ուաշինկթընի հետ իր յարաբերութիւնները վտանգի ենթարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ դէմ քուէարկելով Իրանի պատժամիջոցներուն:

Լուրերու հաղորդումն ու մեկնաբանութիւնը նոյնպէս սուր դարձած է: Թրքական մամուլը սկսած է հետզհետէ աւելի հրատարակել յօդուածներ, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն շրջանին եւ Թուրքիոյ մէջ Իրանի մտադրութիւնները: Վերջերս հրատարակուած քանի մը յօդուածներ եւ տեղեկագիրներ կը նշէին, որ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը յարձակումներ կը ծրագրէ Թուրքիոյ մէջ, եւ թէ` Իրան դէպի Սուրիա զէնք կը մաքսանենգէ Թուրքիոյ հողերէն: Հիւ Փոփ, Պրիւքսել գտնուող Միջազգային ճգնաժամերու խումբի Թուրքիոյ բաժանմունքի տնօրէնը եւ հեղինակներէն մէկը` Իրանի եւ Թուրքիոյ մասին 23 փետրուարին հրապարակուած տեղեկագիրին, կը հաւատայ, որ Իրանի հանդէպ Անգարայի առաւել քննադատական դիրքորոշումը ցոյց կու տայ, որ «Անգարայի մէջ աւելի բազէական, աղաղակող հատուածը, որ կը կարծէ, թէ Իրան գիծը կ՛անցնի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, առաւել հնչեղ, յայտնի կը դառնայ…»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «անձամբ այրած կը զգայ իրանցիներէն…», մեկնաբանեց Փոփ եւ աւելցուց. «Էրտողան յաղթանակներ նուաճել կը սիրէ, եւ Իրանի համար իր կատարած վտանգաւոր նախաձեռնութիւնները ապարդիւն եղան ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Իրանի մէջ»:

Բայց երկու կողմերու փոխադարձ զգուշութիւնը միշտ հետեւողական չէ: Իրանցի զօրավար մը աւելի կանուխ սպառնաց վրիժառու յարձակումով, եթէ Թուրքիա հիւրընկալէ ՕԹԱՆ-ի հրթիռային համակարգը, սակայն Թեհրան նաեւ Պոլիս քաղաքը առաջարկեց` իբրեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջը բանակցութեանց նոր հանգրուանի մը հաւանական վայրը:

Իրանաթրքական «սփարինկ»-ի (կռփամարտի նախնական հարուածներու) մեծ մասը կը կատարուի վստահուած անձերու, փոխանորդներու միջոցով: Թուրքիոյ հարաւային դրացի Իրաքի մէջ, սիւննի «Իրաքիա» դաշինքին Անգարայի ցուցաբերած աջակցութեան պատճառով խզուեցաւ անոր յարաբերութիւնը իրանեան զօրակցութիւն վայելող վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ, որ ատկէ ետք Անգարան մեղադրեց Իրաքի ներքին հարցերուն «միջամուխ» ըլլալու համար:

«Երկու երկիրներուն միջեւ Իրաքի մէջ կայ բաւական ուժեղ եւ աճող մրցակցութիւն, որ կը թուի թէ կը բխի իսկապէս տարբեր շահերէ», ըսաւ Շոն Քէյն` Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի նախկին պաշտօնատար մը եւ հեղինակը` Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան հիմնարկին համար 2011-ին պատրաստուած` Իրաքի մէջ թուրք-իրանեան մրցակցութեան մասին տեղեկագիր մը:

«Թուրքիոյ համար հզօր Իրաք մը ունենալը պատմականօրէն եղած է պաշտպանութիւն մը` ընդդէմ քրտական անջատողականութեան եւ իրանեան արկածախնդրութեան: Իրան այս բոլորին տարբեր ձեւով կը նայի: Հզօր Իրաք մը մրցակից է եւ պատմականօրէն անվտանգութեան դժուար սպառնալիք մը եղած է»:

Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրը, որ երկար ատեն պատուար եղած է վատ յարաբերութիւններու դէմ, նոյնպէս կը թուի, թէ քիչ առիթ կ՛ընձեռէ համագործակցութեան:

Մինչ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրը ոստում կատարած է 2000 թուականի մէկ միլիառէն` անցեալ տարուան 16 միլիառը, ատոր մեծ մասը կը բաղկանայ բնական կազի եւ քարիւղի թրքական ներածումներէն: Թրքական եւ իրանեան ընկերութիւններու միացեալ ձեռնարկութիւններ կարելի չէ եղած իրականացնել եւ մեծ քանի մը ծրագիրներ, որոնք Թուրքիոյ տրուած էին, քիչ զգուշացումով, կամ առանց բացատրութեան չեղեալ նկատուած են:

«Ես չեմ տեսներ, որ արդիւնաւէտ է Թուրքիոյ մերձեցումը Իրանի: Իրանի մէջ թափանցիկութիւն կամ համարատուութիւն չկայ: Թրքական ընկերութիւններ շատ դժուարութիւններ կրած են իրանեան շուկայ թափանցելու համար:

«Հակառակ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէպի այդ երկիրը բազմաթիւ ճամբորդութիւններուն, Թուրքիա չկրցաւ Իրանէն գործառք մը ստանալ: Վերջին զարգացումները… ատիկա միայն աւելի պիտի դժուարացնէ», ըսաւ թրքական առեւտրական մեծ ընկերութեան մը գործադիր տնօրէնը, որ չուզեց անունը հրապարակել:

Այդուհանդերձ, հակառակ շփումի, բախումի բազմաթիւ կէտերու եւ աճող մրցակցութեան, քիչ դէտեր կ՛ակնկալեն` Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ բացայայտ հակամարտութիւն մը:

«Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիա որեւէ մտադրութիւն ունի կռուելու Իրանի հետ: Ըստ էութեան, Անգարա ամէն գնով պիտի ուզէ խուսափիլ ատկէ: Երկու երկիրներուն միջեւ բազմաթիւ ընդհանուր շահեր կան, թէեւ ատիկա անոնց բնաւ արգելք չէ եղած, որ շրջանին մէջ բուռն մրցակիցներ ըլլան», ըսաւ թուրք քաղաքական վերլուծաբան Սոլի Օզել, որ միջազգային հակազդեցութիւններ նիւթի դասախօս է Պոլսոյ Քատիր Հաս համալսարանին մէջ:

Օզել աւելցուց, որ շատ աւելի հաւանական է, որ Թուրքիա եւ Իրան պիտի վերականգնեն լաւ մշակուած տեսակի դիւանագիտական տարակուսելի միջոցով խաղ շահելու ձեւ մը, որ դարերէ ի վեր յատկանշած է շրջանային այս երկու ուժերուն եւ մրցակիցներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

«Ամբողջութեամբ ժպիտներ են Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ, բայց ատիկա շատ բնորոշ է այս երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան, որ մրցակցութիւն եւ գործակցութիւն է ծալուած, փաթթուած` վստահութեան ամբողջական բացակայութեան մը մէջ», բացատրեց ան:

ԵԻԿԱԼ ՇԼԷՅՖԸՐ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES