Գաղութէ Գաղութ

Սումկայիթի Ջարդերու 24-րդ Տարելիցին
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Նէա Զմիռնի

4 մարտին Նէա Զմիռնիի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հոգեհանգստեան արարողութիւն:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին անունով Դաւիթ Պետրոսեան անդրադարձաւ  Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած եղելութիւններուն եւ պարզեց շարունակուող ազերիական յարձակողապաշտ մօտեցումները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Թեսաղոնիկէ

Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ հայր  Սահակ  վրդ. Եմիշեան յիշատակեց Սումկայիթի մէջ 24 տարիներ առաջ պատահած դէպքերը, որոնց զոհ դարձան անմեղ հայրենակիցներ:

Հոգեհանգիստի աւարտին ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ Ցիմիսքի փողոցին անկիւնը գտնուող խաչքար-յուշակոթողին առջեւ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեան:

Քսանթի

Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, ուր պատարագը մատուցեց  Պօղոս քհնյ. Պալթայեան:

Աւարտին, բոլորը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքար-յուշակոթողին առջեւ, ուր գաղութին անունով ծաղկեպսակ զետեղեց Արթուր Էքիմեան:

Եգիպտոս

4 մարտին Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին դիմաց:

Հարկ է նշել, որ 5 մարտին եգիպտական ամէնէն հեղինակաւոր «Ահրամ» օրաթերթը հրապարակեց Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Մելքոնեանին ակնարկը` «Հայերը ենթարկուած են կոտորածներու» խորագրով:

Արժանթին

4 մարտին Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին դիմաց:

Այնուհետեւ առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցողները անդրադարձան 24 տարի առաջ տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւններուն եւ դատապարտեցին ոճրագործութիւններուն կազմակերպիչները:

—————————————————————————————–

Թեհրան

«Ցեղասպանութեան Յանցանքի
Վերլուծութիւնը` Միջազգային Օրէնքի
Լոյսին Տակ» Թեմայով Դասախօսութիւն

5 մարտին Հայկական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ (ՀՈՒՍԿ) տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն:

ՀՈՒՍԿ-ի վարչութեան նախագահ Սուրիկ Աբնուսեան ներկայացուց օրուան դասախօս իրաւաբան Թալին Պանտարին, որ խօսեցաւ «Ցեղասպանութեան յանցանքի վերլուծութիւնը` միջազգային օրէնքի լոյսին տակ» նիւթին շուրջ:

Ան բացատրեց ցեղասպանութիւն եզրին  ստուգաբանութիւնը եւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ազդուած եւ այս նիւթը առաջին անգամ արծարծած Ռաֆայէլ Լեմքինի, 1948 թուականին Ցեղասպանութեան կանխարգիլման յանձնախումբի կազմութեան եւ անոր գործունէութեան, Լա Հէյի միջազգային քրէական ատեանի, Ռուանտայի եւ Եուկոսլաւիոյ ատեաններուն, անոնց կանոնադրութիւններուն ընդհանրութիւններուն եւ տարբերութիւններուն, դրական եւ ժխտական կողմերուն մասին եւ կարդաց Միջազգային քրէական ատեանի կանոնադրութեան ներածականը:

Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ այս բոլոր ատեաններու գոյակոչման նպատակը եղած է ցեղասպանութիւններուն դատապարտումն ու կանխարգիլումը եւ աշխարհի մէջ արդարութեան իրագործումն ու հաստատումը, սակայն հակառակ ատոր` արդարութիւնը միշտ մեծ պետութիւններու վարած քաղաքականութիւններու զոհը դարձած է:

 

Ատրպատական

Այցելութիւն Ռահվա Եւ
Կիարտապատ Գիւղեր

Եւ Ուրմիա Քաղաք

Մեծ պահքի առիթով Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան հովուական այցելութեամբ եղաւ Ռահվա եւ Կիարտապատ գիւղերու ժողովուրդին հետ եւ ապա այցելեց Ուրմիա հայահոծ քաղաքը:

Հայր սուրբին կ՛ընկերանային Թաւրիզէն` Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան եւ անդամ Ազատ Մաթեւոսեան: Այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Ռահվա գիւղի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցին: Դարպասին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային դիմաւորութիւն եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն: Ապա «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ հայր սուրբը առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. խորան:

Ռահվայի մէջ շրջանի երեսփոխան Սամուէլ Պատալեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիւղին անցեալն ու ներկան: Գիւղապետ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Համօ Մկրտիչեան տեղեկութիւններ տուաւ գիւղի բնակչութեան մասին եւ պատմական լուսանկարներու ճամբով ծանօթացուց ռահվացի ականաւոր անձերը:

Այնուհետեւ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց գիւղաբնակ փոքրաթիւ համայնքի անդամներուն` շեշտելով հեռաւոր այս շրջաններուն մէջ հայկական ոգին պահպանելու կարեւորութիւնը: Ան գիւղի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ժողովուրդին հետ, որուն ընթացքին տեղեկացաւ անոնց կեանքին եւ առհասարակ մտահոգութիւններուն մասին:

Կիարտապատ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ աղօթք կատարելէ ետք, հայր սուրբը աստուածաշնչական դրուագներով ինքնահայեցողական կեանքի մասին բացատրութիւն տուաւ: Գիւղապետ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Նժդիկ Պապայեան տեղեկութիւններ փոխանցեց գիւղի անցեալին եւ ներկային մասին` եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն եւ շրջակայ հսկայ հողատարածքին մասին ծանօթութիւն տալով:

Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, ուր իր քարոզին մէջ կաթողիկոսական փոխանորդը անդրադարձաւ պահեցողութեան իմաստին:

Ժողովուրդին հետ հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ հայր սուրբին` անդրադառնալու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն, յատկապէս` խորհրդարանական ընտրութեանց այս շրջանին: Հոգաբարձութեան հետ խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան տեղւոյն կրօնական, եկեղեցական, իրաւական, կալուածային եւ պետական յարաբերութեանց հետ առնչուած հարցեր:

 

Յունաստան

Դպրոցներուն Ի Նպաստ Ֆոնեթոնի
Կազմակերպում

Յունահայոց ազգային վարչութեան հրաւէրով, 6 մարտին, Ֆիքսի «Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գաղութի կառոյցներու առաջին հանդիպում մը` 18 մարտին ի նպաստ  հայկական վարժարաններու կազմակերպուելիք  ֆոնեթոնի գծով:

Բացումը կատարեց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան: Ան նշեց, թէ սոյն հաւաքը ահազանգը հնչեցնելու պահն է, որ կը մեկնարկէ` դպրոցներու հարցի անլռելի զանգակատունը հանդիսանալով:

Սրբազան հայրը ամփոփ կերպով նկարագրեց տնտեսական վատ վիճակը, որ կը դիմագրաւեն երկրին մէջ, որ իր անմիջական ազդեցութիւնը կը պարտադրէ  գաղութային կեանքին վրայ: Ան նշեց, թէ դժուարութիւնները ծանրօրէն  հարուածեցին ազգային-միութենական կառոյցները, յատկապէս` կրթական հաստատութիւնները, որոնք յունական պետութենէն չստացան ուսումնական երկու տարեշրջաններու համար հայ ուսուցիչներուն խոստացուած աշխատավարձի յատկացումները:

Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց բոլորը` խօսիլ իրենց շրջանակներուն մէջ, բացատրելով հայկական վարժարաններու առաւելութիւնները եւ անոնց գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի լայն մասնակցութիւն ապահովուի հանգանակութեան գործին:

 

Մոսկուա

«Արմենիա» Գինիները Մոսկուայի Մէջ
Արժանացան «Լաւագոյն Արտադրանք 2012»
Մրցանակի Ոսկէ Մետալին

13-17 փետրուար  տեղի ունեցաւ «Փրոտ-էքսփօ 2012» տարեկան միջազգային ցուցահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւորապէս  երկու հազար ընկերութիւններ` Եւրոպայէն, Ասիայէն, Ամերիկայէն: Աւարտին, «Արմենիա ուայն» գինիի գործարանը արժանացաւ երկու ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներու:

«Արմենիա ուայն» գինիի գործարանը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ ցուցահանդէսին: Գործարանը անցեալ տարի սկսաւ «Արմենիա» գինիներու արտահանում կատարել դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ մերձպալթեան երկիրներ: Ընկերութիւնը այս տարի իր դիմաց ունէր Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսին եւս իր գինիներու հարուստ տեսականիի ներկայացման մարտահրաւէրը, այդ պատճառով ալ մասնակցեցաւ այս ցուցահանդէսին:

Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը 2012-ի լաւագոյն արտադրութիւնը միջազգային մրցումի ծիրին մէջ ոսկիէ մետալի արժանի նկատեց «Արմենիա» կարմիր կիսաքաղցր գինին: Եւս մէկ ոսկիէ մետալ ընկերութիւնը ստացած ոգելից ըմպելիներու արտադրութեան լաւագոյն որակին համար: «Արմենիա» սպիտակ չոր գինին արժանացած է արծաթէ մետալի: Ընկերութիւնը նաեւ ստացած է զանազան պատուոյ գիրեր:

Նշենք, որ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Ռուսիոյ մեծ ընկերութիւններուն հետ` «Արմենիա» գինիները Ռուսիա արտածելու կարելիութեան շուրջ:

 

Վրաստան

Յիշատակի Համերգ

Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 2 մարտին տեղի ունեցաւ համերգ` «Ռոքն ընդդէմ բռնութեան» խորագիրով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան: Ան դատապարտեց բռնութիւն պարունակող բոլոր երեւոյթները` նշելով այն ցաւալի իրադարձութիւնները, որոնք կատարուեցան նախորդ դարավերջին, խորհրդային կայսրութեան փլուզման նախասեմին եւ անկէ ետք: Մասնաւորապէս այն ողբերգութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Սումկայիթի, Պաքուի, ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին: Աւարտին դեսպանը յոյս  յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար կը ստեղծուի խաղաղ եւ բարգաւաճ տարածաշրջան:

 

Հնդկաստան

«Գորշ Գայլեր Եւ  Ճերմակ  Աղաւնիներ»
Գիրքի Շնորհահանդէս

28 փետրուարին Հայոց մարդասիրական ճեմարան այցելեց ամերիկահայ նշանաւոր գրող Ճոն Դ. Պալեան` իր «Գորշ գայլեր եւ ճերմակ աղաւնիներ» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով:

Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեանի  անունով հեղինակը ողջունեց ճեմարանի կրթական տնօրէն Սումիթրա Մալիկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Ճոն Պալեանին` Մարդասիրական ճեմարան անոր տուած այցելութեան համար, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը կը տօնախմբէ հայ տպագրութեան 500-ամեակը, երբ Երեւանը  2012 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած է գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք:

«Գորշ գայլեր եւ ճերմակ աղաւնիներ»-ը տոքթ. Ճոն Պալեանին առաջին վէպն է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու մասին: Այս եզակի վէպը յուզիչ պատմութիւն մըն է: Հոն ներկայացուած անհատին բարդ յարաբերութիւնները հասարակութեան հետ, կրօնական թշնամանքը, մարդկային անհաւատարիմ փոխյարաբերութիւնները առնուած են ժամանակակից մարդու կեանքի փորձառութենէն: Գիրքը գրուած է պարզ եւ  պատկերաւոր ոճով:

Իր խօսքին մէջ տոքթ. Ճոն Պալեան ընդգծեց, որ գիրքը գրելու դրդապատճառը եղած  է Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկ ըլլալը: Հեղինակը յորդորեց ներկաները, որ ամէն տեսակ խոչընդոտները յաղթահարելով իրականացնեն իրենց երազանքները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան
Կը Ներկայացնէ
«Եղեռնի Անդրադարձը
Հայ Գեղանկարչութեան Մէջ»

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան եւ «Սթեֆանի» արուեստի պատկերասրահին, 23 փետրուարին Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ  ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ, արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան, որ  սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց  «Եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջ» նիւթը:

«Սթեֆանի» արուեստի պատկերասրահի տէր եւ  տնօրէն Լինտա Ստեփանեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց դասախօսը: Օրուան հանդիսավարն էր բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան:

Շահէն Խաչատրեան իր կրթութիւնը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի գեղարուեստական ակադեմիային մէջ, աւարտելով որպէս արուեստաբան: Երեւանի մէջ եղած է Մարտիրոս Սարեանի նորաստեղծ թանգարանի տնօրէն. միաժամանակ 1990-ին  նշանակուած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն: Ան կրցած է Երեւանի թանգարանին համար ապահովել 400 գեղանկարչական գործեր, ինչպէս` Յ. Այվազովսկիի  ինը նշանաւոր գործերը, Մ. Սարեանի 70 գործերը, եւ  տասնեակ այլ գեղանկարներ: Շահէն Խաչատրեան ուսումնասիրական բազմաթիւ յօդուածներով եւ հեռատեսիլի ելոյթներով ներկայացուցած է հայ գեղարուեստի պատմութիւնը: Այվազովսկիի մասին անոր մենագրութիւնը Մոսկուայի մէջ արժանացած է առաջին կարգի շքանշանի:

Հայոց մեծ եղեռնի 95-ամեակին նուիրուած է  անոր «Ծովի գոյն» հատորը, ուր ներկայացուած են այն հայ գեղանկարիչները, որոնք հանդէս  եկած են Ցեղասպանութեան նիւթերով: Սկսեալ 1895 թուականի կոտորածներէն` չորս սերունդի հայ գեղանկարիչներ ներառուած են հատորին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 Երեւանի Տիկնիկային Թատրոնը
Նիւ Եորքի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ, վերջերս եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Տիկնիկային թատրոնը:

Դերասաններ` Նայիրա Յակոբեան, Ինգա Զահալեան, Ռոպերթ Սարգսեան եւ Աղասի Մելքոնեան, ղեկավարութեամբ` Ռուբէն Բաբայեանի, ձայն ու շարժում շնորհեցին երազաշունչ պուպրիկներուն, յատկապէս` Հայաստանէն բերուած Ամերիկայի մէջ ծրագրուած բեմադրութիւններուն համար:

Ներկայացուեցան Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» եւ Ռոպերթ Առաքելեանի «Ծնունդի նուէրը»:

 

Քանատա

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Գէորգ Ճորճ Աբէլեանի
Մահուան Քառասունքին Առիթով

Վերջերս, Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ հրապարակագիր, գրող Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի մահուան քառասունքին առիթով, հանգուցեալին մօր, քրոջ եւ հարազատներուն խնդրանքով:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք: Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Գառնիկ քհյ. Գոյունեանի աղօթքէն եւ մխիթարական խօսքերէ ետք, խօսք առաւ Տիրուկ Մանճիկեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց մտաւորականին կենսագրականը, Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ  հասարակական, կրթական, քաղաքական եւ մշակութային  ազգային կառոյցներու մէջ անոր տարած անխոնջ աշխատանքը, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ բոլորէն փնտռուած «Ձիւնական» ստորագրութեամբ` երգիծական սիւնակները: Մանճիկեան յատկապէս անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, իսլամացած եւ տարիներ վերջ իրենց ինքնութիւնը վերագտած հայորդիներու ոդիսականին նուիրուած իր գործերուն մասին` նշելով, որ Աբէլեանին այս շատ կարեւոր գործերէն ոմանք արդէն թարգմանուած են արաբերէնի եւ անգլերէնի: Ան թուեց հեղինակին ցարդ հրատարակած բոլոր գործերը` շեշտելով  որ Աբէլեան ունի տակաւին հրատարակելի շարք մը գործեր, ինչպէս` Լիբանանի պատերազմի մասին վէպ մը, պատանեկան գիրքեր, նաեւ` թատերախաղեր:

 Քրիստոնէական Դաստիարակութեան
Խորհուրդի Միօրեայ Դասախօսական Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին, 25 փետրուարին տեղի ունեցաւ միօրեայ դասախօսական հաւաք:

Օրուան յայտագիրը բացուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած արեւագալի ժամերգութեամբ, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան առաջնորդարանի դահլիճը:

Առաջին դասախօսն էր Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան, որ խօսեցաւ «Կենդանի զոհ եւ հոգեւոր պատարագ» նիւթին մասին` շեշտելով այն, որ մեր առօրեայ կեանքը պատերազմ մըն է չարին դէմ, եւ այդ առումով պէտք է մօտենալ կեանքի վերիվայրումներուն` քրիստոնէաբար ապրելու համար մեր կեանքերը:

Յարութիւն Փալանճեան բացատրական թարգմանութեամբ ներկայացուց սուրբ պատարագի կարգ մը շարականները:

Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ աշխատանք-զրոյց, որուն ընթացքին ներկաները իրենց առօրեայ փորձառութիւններէն մեկնած` կատարեցին հաստատումներ եւ ներկայացուցին իրենց խոհերը` օրուան նիւթերուն ընդմէջէն:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 


Share this Article
CATEGORIES