«Սեփական Մարզը Պէտք Է Ամրապնդէ Ստեղծագործելու Մշակոյթը» Շեշտեց Լեւոն Զեքի

Ճարտարարուեստի յատուկ սարքերու ներածման եւ շուկային մէջ անոնց բաշխումի «Լիզաքօ» ընկերութեան նախագահ, Սուրիոյ եւ Հալէպ քաղաքի առեւտրական խորհուրդներու անդամ, սուրիահայ գործատէր Լեւոն Զեքի անցնող ամիսներուն ընթացքին Հալէպի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ցուցահանդէսի մը, որ կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր ինքնուրոյն ճարտարարուեստ ստեղծող Հալէպի պատանիներու ու երիտասարդներուն կողմէ:

Ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցան Հալէպի երիտասարդներուն ստեղծագործութիւնները եւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ օգտագործուող յատուկ սարքերը:

Այս առիթով Լ. Զեքի շեշտեց այս երիտասարդներուն աշխատանքն ու ստեղծագործութիւնները քաջալերելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոնց միութեան աշխատանքները ֆինանսաւորելու կարեւորութիւնը:

«Հալէպի երիտասարդներն ու անոնց ստեղծագործական ոգին քաջալերելը մեզի համար ընկերային պատասխանատուութիւն մըն է եւ ազգային պարտականութիւն` երկրին բարգաւաճման ուղիին վրայ», ըսաւ Լեւոն Զեքի:

Այս ցուցահանդէսին առիթով «Ֆատա Իքթիսատի» սուրիական պարբերաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լեւոն Զեքի ընդգծեց ստեղծագործութեան մշակոյթը զարգացնելով սեփական մարզին ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, աւելցնելով, որ «Լիզաքօ» հաստատութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ ստանձնած է ճարտարարուեստի մարզին մէջ իւրայատուկ սարքեր ստեղծելու պարտականութիւնը:

«Մենք կը մտածենք նաեւ որդեգրել յատուկ ծրագիր մը, որ երիտասարդ ստեղծագործներուն յատուկ է եւ անոնց նիւթական օժանդակութիւն կը յատկացնէ` զարգացնելու համար իրենց ստեղծագործութիւնները եւ սեփական մարզին մօտ կը յառաջացնէ հաւաքական նախաձեռնութեան գիտակցութիւնը եւ այդպիսով ծառայած կ՛ըլլայ քաղաքացիական ընկերութեան եւ ապահոված` անոր շահերը», շեշտեց Լ. Զեքի:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին պատանիներ ու երիտասարդներ` 9-18 տարեկան:

Share this Article
CATEGORIES