Փորի Պնդութիւն

Ստամոքսա-աղիքային համակարգի վարի բաժնի հիւանդութիւններուն ախտանշաններէն  են` փորի պնդութիւն, փորհարութիւն, փորի ցաւ, փորի փքուածութիւն, նողկանք, փսխունք, նախաղիի ցաւ եւ նախաղիի արիւնահոսութիւն:

Փորի պնդութիւնը ինքնին ախտանիշ մըն է եւ ոչ թէ հիւանդութիւն մը: Այս գրութեանս մէջ «փորի պնդութիւն» ըսելու տեղ պիտի ըսեմ «պնդութիւն»:

Խօսելէ առաջ պնդութեան մասին` հարկ է, որ հասկնանք կղկղանքի կազմութեան եւ կղկղանցումի գործընթացները:

Բնական պայմաններու մէջ մեր կերած սննդանիւթերը ստամոքսին կողմէ արտադրուած ջրահեղուկներուն հետ խառնուելով` կը վերածուին կակուղ եւ հեղուկային խառնուրդի մը, եւ ապա ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու մէջ տեղի կ՛ունենայ մարսողութիւնը: Չմարսուած նիւթերը ջուրով միասին եւ հեղուկ վիճակի մէջ կը հասնին հաստ աղիք: Հոս ջուրը մեծամասնութեամբ կը ներծծուի աղեպատէն, իսկ մնացեալ աւելորդ թափօնները կը վերածուին թանձր կղկղանքի, որ հաստ աղիքի եւ ուղիղ աղիքի պրկումներով կ՛ուղղուին դէպի սրբան եւ կ՛արտաքսուին մարմնէն դուրս` սրբանի մկաններու ճնշիչ պրկումներով: Կղկղանքի արտաքսումը կը կոչուի կղկղանցում կամ կղկղում: Ուրեմն կղկղումը հաստ աղիքի պարպումն է: Ժողովրդային լեզուով կղկղանցումը համազօր է «փոր ելլել»-ու: Կղկղանքը բնականօրէն կը կազմուի 60-90 առ հարիւր համեմատութեամբ ջուրէ, իսկ մնացեալը` սննդանիւթերու չմարսուած թափօններէն: Չափահաս անձ մը բնական պայմաններու մէջ օրական կ՛արտադրէ մօտաւորապէս 300 կրամ կղկղանք: Կղկղանցումի ընդունուած յաճախականութիւնը օրական 2-3 անգամէն մինչեւ շաբաթը 2-3 անգամ է:

Կղկղումի գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ սրբանի մկաններու պրկումներուն եւ կոնքի աւազանի մկաններու կծկումներուն համագործակցութեամբ: Կղկղումի ընթացքին նախաղիի ճնշաչափը կը բարձրանայ համագործակցաբար սրբանի օղակային մկաններու պրկումներուն. որեւէ մէկ խախտում այս համագործակցութեան մէջ` կը յառաջանայ կղկղումի դժուարութիւն:

Կղկղումը  կը հակակշռուի նաեւ զանազան ազդակներով` սննդականոն, աղիքներու գործելակերպ, տարիք, կղկղանցումի սովորութիւն եւ ընկերային ու միջավայրի պայմաններ:

Օրինաւոր կղկղանցում ունենալու համար գործադրելու ենք հետեւեալ հանգրուանային գործընթացը.

1. Առաւօտուն արթննալէ ետք խմել գաւաթ մը գաղջ ջուր:
2. Քալել տան մէջ 5-10 վայրկեան:
3. Երթալ բաղնիք եւ նստիլ որոշ ժամանակ մը` կղկղանցումի համար:
4. Խորունկ փորի շնչառութիւն կատարել` ճնշում բանեցնելով դէպի կոնքի աւազան:
5. Չաճապարել, համբերատար ըլլալ եւ որոշ ժամանակ տրամադրել վերոյիշեալ կէտերու գործադրումին:
6. Կղկղանցումը վերածել ամէնօրեայ սովորութեան:

Շատ մը անձեր ունին կղկղանցումի նախպաշարումներ եւ անփոխարինելի սկզբունքներ ու համոզումներ: Մեզմէ շատեր կը հաւատան, որ ամէնօրեայ, կանոնաւոր եւ հերթական կղկղանցումը կարեւոր եւ պայման է առողջութեան: Անոնք կը գանգատին, երբ նուազ յաճախականութեամբ կը պատահի կղկղումը: Ուրիշներ կը մտահոգուին կղկղանքի տեսքէն, չափէն, գոյնէն եւ ձեւէն:

Շատեր կը գանգատին կղկղումի դժուարութենէ. անոնք կը զգան կղկղանքի գոյութիւնը եւ պէտքը կղկղումի, սակայն անկարող կ՛ըլլան արդիւնաւոր կղկղում ունենալու` հակառակ ճնշումի բանեցման:

Ուրիշներ յաճախակիօրէն լծողականներ, նախաղիի գրեխ եւ նախաղիի ներմուծիչ-ներմոյծ կը գործածեն այն համոզումով, որ այս բոլորը կ՛օգնեն կանոնաւոր կղկղանցումին. սակայն անոնք չեն գիտակցիր, որ այս միջոցառումները կը վնասեն հաստ աղիքի բնականոն գործելակերպին, եւ անոնք մասնաւորապէս պատճառ կը հանդիսանան հաստ աղիքի ծուլացումին:

Պնդութիւն` կը նշանակէ կղկղանքի կարծրացում, կղկղանքի դժուար ու  դանդաղ արտահանում եւ կամ` ոչ ամբողջական պարպումի զգացում:

Պնդութիւնը հիմնականօրէն կը պատահի, երբ  չմարսուած ջրանիւթերը հիմնականօրէն չեն ներծծուիր հաստ աղիքի պատերէն, եւ կամ կազմուած կղկղանքը չ՛ուղղուիր դէպի ուղիղ աղիք եւ սրբան` հաստ աղիքի մկաններու կծկումներու  դանդաղումով ու տկարացումով: Այս բոլորին որպէս հետեւանք` կղկղանքը կը կուտակուի եւ կը թխմուի հաստ աղիքի վերջաւորութեան եւ ուղիղ աղիքին մէջ:

Կղկղանքի կուտակումը հաստ աղիքին մէջ պատճառ կը հանդիսանայ կղկղանքի յաւելեալ կարծրացումին, որ կը յառաջացնէ կղկղումի ցաւ: Այս մէկը կը մղէ հիւանդը` փախուստ տալու կղկղանցումէ:

Պնդութիւն պատահած կ՛ըլլայ, երբ կղկղանցումի պատահականութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին 3 անգամէ նուազ ըլլայ: Ամէն անձ իր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը քանի մը անգամ կ՛ունենայ պնդութիւն: Անիկա կը պատահի աւելի  կիներուն, քան` տղամարդոց եւ մանաւանդ` տարեցներուն եւ յղի կիներուն:

Պնդութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.

Ա. Սուր պնդութիւն, որ կը պատահի անակնկալօրէն եւ կը տեւէ քանի մը օր:

Բ. Մնայուն պնդութիւն, որ երկարատեւ է եւ տեղի կ՛ունենայ ընդհատումներով:

Սուր պնդութիւնը կը յառաջանայ աղիքային անակնկալ մասնակի կամ ամբողջական խցումով. որուն պատճառներն են.

1. Հաստ աղիքի մկաններու անակնկալ եւ սուր կծկում ու պրկում:
2. Սուր աղեթափութիւն:
3. Գլխու, ուղեղի եւ ողնայարի հարուած եւ վնաս:
4. Որովայնամաշկի բորբոքում:
5. Ընդհանուր զգայազրկում:
6. Ճամբորդութիւն:
7. Սուր ջրանուազում:

Երկարատեւ-մնայուն պնդութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով:

1. Հաստ աղիքի մկաններու կծկումներու եւ շարժումներու երկարատեւ դանդաղում եւ տկարացում: Անիկա կը տեսնուի որեւէ մէկ տարիքի, առաւելաբար`

ա. Տարեցներու մօտ:
բ. Անկողինի դատապարտուած հիւանդներու մօտ:
գ. Նստակեացներու եւ անշարժներու մօտ:

2. Որոշ դեղերու գործածութիւն, ինչպէս`

ա. Ցաւազրկումի, զգայազրկումի դեղեր` մորֆին, քոտէին:
բ. Հակաթթուութեան դեղեր, որոնք կը պարունակեն ալիւմինիում եւ կիր:
գ. Հակաընկճուածութեան եւ հակացնցումի  դեղեր:
դ. Մեծ քանակութեամբ բուժական երկաթի գործածութիւն:
ե. Լծողականներու երկարատեւ գործածութիւն:

3. Մարմնական զանազան հիւանդութիւններ,

ա. Ենթավահանագեղձութիւն:
բ. Գերկիրութիւն:
գ. Երիկամներու աշխատանքի երկարատեւ տկարութիւն:
դ. Ուղեղա-ողնայարային խանգարումներ:
ե. Շաքարախտ:
զ. Երկարատեւ աղեթափութիւն:
է. Աղիքներու ծուլութիւն եւ ջղագրգիռ հաստ աղիք:
ը. Աղիքներու ծոցակաբորբ:
թ. Հաստ աղիքի խլիրդ:

4. Յետվիրաբուժական աղիքներու սպիացում, փակչում եւ նեղացում:

5. Հոգեբանական հիւանդութիւններ:

6. Կղկղումի անբնական սովորութիւն:

7. Յոռի սննդառութիւն:

ա. Քիչ բնաթել պարունակող սննդեղէններու սպառում:
բ. Մեծ քանակութեամբ ճարպ պարունակող սննդանիւթերու սպառում:

8. Երկարատեւ-մնայուն ջրազրկում:

ա. Ջուրի եւ այլ տեսակ հեղուկներու բնականէն նուազ սպառում:
բ. Ալքոլի, սուրճի եւ զովացուցիչներու առատ սպառում:

Հոս տեղին է մատնանշել, որ պնդութեան ամէնէն յաճախակի պատճառներն են` յոռի սննդառութիւնը, նստակեաց կեանք-անշարժութիւնը, ջուրի անբաւարար սպառումը եւ կարգ մը դեղերու երկարատեւ գործածութիւնը:

Պնդութենէ տառապող հիւանդը ենթարկուելու է բժշկական մանրակրկիտ քննութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ անոր հիմնական ախտապատճառը: Այս քննութիւններէն կարելի է յիշել`

1. Մարմնական բժշկական ընդհանուր քննութիւն:
2. Ուղիղ աղիքի մատնաքննութիւն:
3. Որովայնի եւ աղիքներու Ք ճառագայթային նկարահանում, համակարգչային նկարահանում եւ մագնիսարձագանգային նկարահանում:
4. Հաստ աղիքի դիտարկում:
5. Արեան եւ կղկղանքի տարրալուծարանային քննութիւններ:

Սուր պնդութիւնը կը կարօտի անմիջական արժեւորումի, մանաւանդ երբ անոր կ՛ուղեկցին նաեւ նախաղիի զօրաւոր արիւնահոսութիւն, որովայնային սուր ցաւ եւ պրկումներ, նողկանք ու փսխունք:

Մնայուն-երկարատեւ պնդութեան պարագային հարկ է, որ կատարուին բժշկական ամբողջական եւ մանրամասն քննութիւններ:

Պնդութեան դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Առողջ սննդականոն. ուտել առատ բնաթել պարունակող սննդանիւթեր, այսինքն` պտուղներ եւ կանաչեղէններ:
2. Ամէնօրեայ կանոնաւոր մարմնամարզ:
3. Առատ ջուրի սպառում:
4. Դեղամիջոցներ`

ա. Կղկղանքը կակուղցնող-լծողական դեղեր:
բ. Նախաղիի ներդրումներ եւ գրեխ:
գ. Հաստ աղիքի մկաններու կծկում յառաջացնող դեղեր:

5. Կուտակուած-թխմուած կղկղանքի մատներով արտահանում:

6. Հիմնական հիւանդութեան  դարմանում` դեղերով եւ կամ վիրաբուժական գործողութիններով:

Պնդութիւն ունեցող անձը միաժամանակ կրնայ ունենալ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`

1. Մերթ ընդ մերթ փորհարութիւն:
2. Փորի փքուածութիւն:
3. Անմարսողութիւն:
4. Ախորժակի կորուստ:
5. Նախաղիի արիւնահոսում:

Սուր եւ երկարատեւ պնդութեան պատճառով կրնան պատահիլ կարգ մը  բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`

1. Սրբանի վիրաւորում-պատռուածք եւ ճեղք, որոնք կը պատճառեն զօրաւոր ցաւ:
2. Ուղիղ աղիքի արտանկում:
3. Հաստ աղիքի ծոցակ, որ կը պատահի ընդհանրապէս երկարատեւ պնդութեան պարագային:
4. Աղիքներու ամբողջական եւ կամ մասնակի խցում:
5. Թութք:
6. Աղեթափութիւն:
7. Հաստ աղիքի բորբոքում, գրգռութիւն եւ պրկուածութիւն:

Կարելի՞ է կանխարգիլել պնդութիւնը: Անշո՛ւշտ  կարելի է որոշ չափով եւ այդ` հետեւեալ կանխազգուշութիւններով.

1. Հակապնդութեան դեղեր շատ չգործածել:
2. Մարզանքի հետեւիլ ամէն օր:
3. Առատ ջուր խմել:
4. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի`  ուտել առատ բնաթել պարունակող կանաչեղէններ եւ պտուղներ, ինչպէս` թուզ եւ սալոր:
5. Ունենալ կղկղանցումի օրինաւոր ժամանակացոյց:

Պնդութենէ տառապող հիւանդը անյապաղ բժիշկին դիմելու է հետեւեալ պարագաներուն.

1. Պնդութիւնը անակնկալօրէն կը պատահի որոշ դեղի մը գործածութենէն ետք:
2. Պնդութեան կ՛ուղեկցին հետեւեալները`

ա. Նախաղիի ուժգին արիւնահոսութիւն:
բ. Բարձր ջերմ:
գ. Փորի սուր ցաւ, փսխունք եւ նողկանք:
դ. Թարախոտ կղկղանք:

3. Որեւէ մէկ փոփոխութիւն կղկղանքի կազմաւորման, ծաւալի, գոյնի եւ կղկղանցումի յաճախականութեան:

Պատրաստեց`
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES