Բարի Եկա՛ք Օձ Խաղցնողներուն Քով

Տաս ընտանիքը կ՛ապրի Հնդկաստանի մէջ: Անոնք կը զբաղին օձեր պահելով…

Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող գիւղի մը մէջ Տաս ընտանիքը քոպրա օձեր կը մեծցնէ. այս օձերուն թոյնը շատ վտանգաւոր է: Ընտանիքը շատ աղքատ է. սակայն անոնք քիչ մը դրամ կը շահին այս սողուններով ներկայացումներ տալով: Սուքէյ եւ Պհարաթի ունին չորս զաւակներ, որոնց մաս կը կազմէ 11 տարեկան Սիտանթա:

Սիտանթա ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրած  է այս սողուններուն հետ` զանոնք խնամելով եւ սորվելով անոնցմէ չվախնալ:

***

Ներկայացումները շատ տպաւորիչ են: Սիտանթա, Սուքէյ եւ Լաքշիմի կը խաղան քոպրաներուն հետ, զանոնք կը մղեն ոտքի կենալու եւ օրօրուելու պարի շարժումներու նման:

***

Երբ Սիտանթա առտուն ժամը 6:00-ին կ՛արթննայ, ան նախաճաշ ուտելէ առաջ օձերուն ուտելիքը կը բաժնէ: Դպրոցը կը սկսի ժամը 10:00-ին եւ կը վերջանայ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: Երբ ան տուն կը վերադառնայ, կը հանգչի, քիչ մը կը խաղայ եւ իր մօրը կ՛օգնէ կերակուրը պատրաստելու համար: Ապա, մինչեւ ընթրիք, իր հայրը զինք կը վարժեցնէ աշխատելու օձերուն հետ, որպէսզի ան աւելի հանգիստ ըլլայ անոնց ներկայութեան:

***

Տաս ընտանիքը գիւղին մէջ սերունդներէ ի վեր օձերով կը զբաղի: Ժամանակին օձեր խնամող անձերը շատ յարգուած էին, որովհետեւ այս սողունները իբրեւ աստուածներ կը պաշտուէին: Սակայն Սիտանթա վստահ չէ, թէ կ՛ուզէ՞ շարունակել այս մարզին մէջ ապագային, նոյնիսկ եթէ ան շատ կը սիրէ խտղտացումի զգացումը, որ կը յառաջանայ երբ ինք օձերուն կը դպնայ:

 

Կրիան, Որ Կորսուած Կը Կարծուէր…

Մարդիկ զայն կորսուած կը կարծէին: Սակայն դժուար է, որ ան աննկատ մնայ: Հակառակ ասոր` հսկայ կրիաներու այս տեսակը կրցած է պահուած մնալ Կալափակոս կղզիներուն վրայ 150 տարիներու ընթացքին:

Այս կրիան կրնայ մինչեւ 400 քիլօ կշռել, ունենալ 1.80 մեթր երկարութիւն եւ ապրիլ աւելի քան հարիւր տարի:

Անիկա այնքան հսկայ է, որ զայն կ՛անուանեն քելոնոյտես էլեֆանթոփուս,  փիղի մը նման:

Անիկա կ՛ապրէր Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Կալոփակոս կղզիներուն վրայ: Մարդիկ կը կարծէին, թէ անիկա կորսուած էր 150 տարիներէ ի վեր:

Սակայն գիտնականներ գտած են այս հսկայ կրիային հետքերը. ո՛չ խոտին մէջ ձգուած հետքեր, կամ նկար… Այլ անոր ԱՏՆին հետքերը (այն տարրերը, որոնք իւրաքանչիւր անձի իւրայատուկ գիծերը կը կրեն):

Այս հետքերը գտնուած են ուրիշ տեսակի կրիաներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններու ընթացքին: Ըստ գիտնականներուն, քելոնոյտիս Էլեֆանթոփուս կրիաներու ԱՏՆիի ներկայութիւնը երկու տարբեր տեսակներէ յառաջացած այս կրիաներուն մօտ կարելի կ՛ըլլայ, երբ անոր ծնողներէն մէկը քելոնոյտիս էլեֆանթոփուս կրիայ մըն է:

Հետեւաբար այս հսկայ կրիաները տակաւին կենդանի են:

Սակայն ասիկա ըսել չէ, թէ մենք մօտ օրէն մենք մեր աչքերուն առջեւ կրնանք տեսնել այս անասունները կենդանի:

Գիտէի՞ր, Թէ …

  • Քելոնոյտիս պեքի տեսակի կրիաներու վրայ է, որ գտնուած է հսկայ կրիաներուն ԱՏՆը:
  • Քելոնոյտիս պեքի տեսակը կ՛ապրի Կալափակոսներու Իզապելա կղզիին վրայ: Սակայն այս կղզիին վրայ չէ, որ կ՛ապրէին հսկայ կրիաները, երբ Չարլզ Տարուին անոնց հանդիպած է 19-րդ դարուն:
  • Այդ ժամանակաշրջանին այդ կրիաները կ՛ապրէին Ֆլորէանա կղզիին վրայ:
  • Ներկայիս անոնց ներկայութիւնը Իզապելա կղզիին վրայ կը բացատրուի հին սովորութեան մը միջոցով:
    Ծովահէնները եւ կէտ որսացողները սովորութիւն ունէին կրիաներ փոխադրելու իրենց նաւերով, կղզիէ կղզի, 1800 թուականներուն:
    Այս սովորութիւնը յարգելու համար հսկայ կրիաներուն հետքը գտնող գիտնականները կը ծրագրեն զանոնք Ֆլորէանա կղզի վերադարձնել:

 

Օձի Մրցանիշներ

  • Հարաւային Ամերիկայի վայրի անտառներուն մէջ սողացող անաքոնտա օձ-վիշապը, միջին հաշուով, իր 148.5 քիլոներով ամէնէն ծանր կշռող օձն է:
  • Անաքոնտաներուն մարմնին մէջքի բաժնին հաստութիւնը կրնայ մարդ արարածի չափ մեծ ըլլալ:
  • Անաքոնտաները կը կոչուին նաեւ «ջուրի պոաներ», որովհետեւ անոնք կ՛ապրին գետերուն եւ ճահիճներուն մէջ: Անոնք մսակեր են. կ՛ուտեն մասնաւորաբար ձուկ եւ թռչուն, կամ նոյնիսկ` աւելի մեծ անասուններ, ինչպէս` այծեր, եթէ անոնք անոր առջեւ ելլեն:
  • Անաքոնտաները իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՛աճին: Մինչեւ հիմա գտնուած ամէնէն մեծ անաքոնտան 11.43 մեթր երկարութիւն ունէր իր գլուխէն մինչեւ պոչին ծայրը:
  • Շղթայի նման մորթի զարդարանքներ ունեցող ասիական փայթըն (պիտոն) օձը աշխարհի ամէնէն մեծ օձն է: Ինտոնեզիոյ մէջ բռնուած 14.95 մեթր երկար պիտոն մը այնքան մեծ է, որ ան կրնայ ամբողջ ոչխար մը կուլ տալ:

 

Ինչո՞Ւ Պէտք Է Կօշիկները
(Կամ Ոտքերը) Լուալ,
Երբ Կը Հասնինք Կալափակոս
Կղզիներէն Որեւէ Մէկը

Կալափակոս կղզիներուն վրայ բնութեան հաւասարակշռութիւնը շատ դիւրաբեկ է: Կղզիէ կղզի մանր մարմիններ չփոխադրելու համար պէտք է ոտքերը լուալ կղզի այցելելէ առաջ եւ վերջ:

Կալափակոս կղզիները կը գտնուին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ եւ կը պատկանին Էքուատորին: Անոնք ունին իւրայատուկ անասուններու աշխարհ մը, որ կ՛ընդգրկէ յատկապէս հսկայ կրիաներ, ծովային եւ ցամաքի իկուաններ, թռչունի բազմաթիւ տեսակներ, ծովառիւծներ եւ այլն: Այս անասունները, որոնք շատ չեն որսացուած, փախչելու բնազդը չունին, երբ մարդ արարածը իրենց մօտենայ: Անոնք շատ խոցելի են: Այս պատճառով այս կղզիներու այցելութիւնը կանոնակարգուած է. զբօսաշրջիկները պէտք չէ խանգարեն հոն ապրող անասունները:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

  • Ձիւնի փաթիլ մը երկինքէն մինչեւ գետին կը հասնի մէկ ժամէն:
  • Պղուտոնի մոլորակին վրայ մէկ օրը կը համապատասխանէ երկրագունդի վրայ մէկ շաբաթի:
  • Բոյսի մը 90 առ հարիւրը ջուր է:
  • 24 ծառ կը գործածուի ունենալու համար 1 թոն թերթ:
  • Չիլիի Անթոֆակասթա շրջանին մէջ տարեկան 0,1 մմ-էն նուազ անձրեւ կու գայ:
  • Լուսնթագի վրայ օդ չկայ, այլ կայ միայն ջրածին կազ:
  • Անգլիոյ Էլիզապեթ Ա. թագուհին այնքան շաքար կը սիրէր, որ անոր ակռաները սեւցած էին:
  • Ձիթէնի մը կրնայ մինչեւ 1500 տարի ապրիլ:
  • Աստղերը կը փայլին 10 միլիառ տարի:
  • Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգին մէջ ապօրինի է ձուկ որսալ ձիու վրայ նստած:
  • Գաւաթ մը տաք ջուրը աւելի արագ կը սառի,  քան` գաւաթ մը պաղ ջուր:
  • Ամէն տարի 100.000 թոն ծամոն կը ծամուի:
  • Ճափոնի մէջ կիները իրենց բերանը ափով կը գոցեն,  երբ կը խնդան, որովհետեւ անքաղաքավարութիւն կը սեպուի ակռաները ցոյց տալը:
  • Ջութակ մը շինուած է փայտի 70 կտորներէ:
  • Ինը միլիոն անձեր կը տօնեն իրենց տարեդարձը քու տարեդարձիդ օրը:
  • Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգին մէջ արգիլուած է կեղծ պեխ մը դնել եկեղեցիին մէջ, որովհետեւ ասիկա կրնայ մարդոց խնդացնել:
  • Տասը գիրքեր կարելի է 3.628.800 տարբեր ձեւերով շարել դարանի մը վրայ:
  • Միացեալ Նահանգներու մէջ հոկտեմբերը նշանակուած է Ազգային փիցցայի ամիս` 1987 թուականէն ի վեր:
  • 3 մեթր մեծութիւն ունեցող Զատկուան հաւկիթ մը շինուած է Աւստրալիոյ մէջ:
  • Մանուկերուն 74 առ հարիւրը նախ կ՛ուտեն տուրմէ նապաստակին ականջները:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել վերի ձախ կողմի նկարին եւ միւս նկարներուն միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու կլորակներուն մէջի թիւերուն գումարումին: (Օրինակի համար, 4+8=12)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES