«Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցանքի Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւող Աշակերտներու Շարադրութիւններ
Շաբաթ, 18 փետրուար 2012-ին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Բ. մրցանքը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 13 վարժարաններու: Այս առիթով` մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը կը դարձնենք մրցանքի առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտներուն շարադրութիւնները:
Վաղը ապրիլ 24 է: Լիբանանահայ բոլոր աշակերտներուն նման` ես ալ դպրոց չունիմ: Տրամադրութիւնս այդքան ալ բարձր չէ: Կրծքավանդակիս մէջ ցաւ մը կայ, որ անբացատրելի է, կարծես թէ թոքերուս վրայ դրուած է ծանր քար մը, որ կը դժուարացնէ շնչառութիւնս: Առաջին անգամը չէ, որ այս ցաւը կը զգամ, այլ` ամէն անգամ, երբ Մեծ եղեռնի նիւթը արծարծուի. ճնշող զգացում մը, որուն կը միանան ջղայնութիւնն ու ազգասիրութիւնը: Բայց այս անգամ տարբեր է. աւելի հզօր է, աւելի տիրապետող է:
Ամիսներէ ի վեր ընկերային ցանցի մը ճամբով կ՛երկխօսէի հաճելի զրուցակիցի մը հետ: Գրեթէ միեւնոյն գաղափարները ունէինք եւ նոյն արժէքներուն վրայ հիմնուած էինք: Սակայն չէի գիտեր ենթակային ինքնութիւնը…
Երէկ գիտցայ, երբ ան ամենայն պարզութեամբ ըսաւ. «Ես թուրք եմ»: Նախ կարծեցի, որ ըսուածը դաժան կատակ մըն է, չհաւատացի, բայց երբ երկրորդ անգամ հաստատակամ կրկնեց ու ըսաւ. «Շուշա՛ն, թուրք եմ, ի՞նչ կ՛ըլլայ», սկսայ մտածել:
Իսկապէս ի՞նչ էր արգելքը: Սխալ էր եւ անտրամաբանական: Ես, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին մեծցած էի պահանջատիրութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան եւ թուրքերը «գէշ» մարդիկ տեսնելու գաղափարներուն վրայ, հիմա կը գիտնամ, որ մտերիմ բարեկամներէս մէկը թուրք է: Անիրական էր պատահածը, չէի ուզեր ընդունիլ պատահածը:
Երբ այս բոլոր նիւթերուն շուրջ կը մտածէի, թուրք զրուցակիցիս ըսի, որ ստիպուած` համակարգիչը պիտի մարեմ ու հեռանամ: Կարելի չէր յանկարծակի ու արագ կերպով իրավիճակը արժեւորել եւ եզրակացնել: Հարկաւոր էր մտածել…
Յուսախաբ էի ու տխուր: Ամբողջովին դէմ էի թուրք անձի մը հետ յարաբերելու գաղափարին, բայց միեւնոյն ժամանակ կը մտածէի, որ զրուցակիցս ի՞նչ յանցանք ունէր, եթէ ինք ծնած էր թուրք ընտանիքի մը մէջ: Արդեօք իր բնաւորութիւնը, որ շատ համակրելի կը գտնէի, պէտք էր անտեսէի՞ եւ կեցուածքս հիմնէի միայն իր թուրք ըլլալո՞ւն վրայ: Արդար չէ, սակայն թուրքերուն գործած ոճիրն ալ արդար չէր, միլիոնաւոր հայերուն տեղահանութիւնն ու ջարդը արդար չէր, եւ այս անարդարութիւնը շատ աւելի ծանր էր ու լուրջ:
Համոզուած էի, որ թուրք զրուցակիցիս հետ ունեցած յարաբերութիւնս պահպանելը սխալ էր, բայց ան հաճելի անձ մըն էր եւ երբեւէ հայերուն դէմ վատ արտայայտութիւններ չէր ունեցած: Կը մտածէի, թէ շատ բան պիտի փոխուի՞, եթէ չդադրեցնէի ենթակային հետ ընկերութիւնս: Մտածեցի, որ յարաբերութիւնս շարունակելը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ հայութեան վրայ, եւ ուստի որոշեցի շարունակել ու այդ որոշումով քնացայ:
Ապրիլ 24 է: Առաւօտուն արթնցայ եւ սկսայ հեռուստացոյցէն դիտել հազարաւոր հայերը, որոնք ծաղիկներով կ՛ուղղուէին Ծիծեռնակաբերդ` անմար կրակին շուրջ խաչակնքելու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:
Այդ պահուն զղջումի դառն սարսուռը զգացի եւ ինքզինքս փոքրիկ դաւաճան մը նկատեցի: Ես չէի սպասեր եւ չէի ենթադրած, որ թուրքի մը հետ յարաբերիմ: Ինչպէ՞ս երէկ գիշեր հանգիստ խղճով որոշած էի թուրքին հետ ընկերութիւնս շարունակել: Այս մէկը հայ ինքնութիւնս ուրանալու ձեւ մըն էր…
Այս արարքովս կը մտածէի, թէ ջուր թափած էի Հայաստանի մէջ բոցավառող անմահներու կրակին վրայ: Այո՛, կաթիլ մը ջուր էր թափածս եւ վստահաբար բաւարար չէր մարելու համար այդ կրակը, սակայն եթէ իւրաքանչիւր հայ այսպէս մտածէր, արդէն այդ կրակը շատո՜նց մարած պիտի ըլլար:
Այդ վայրկեանին մորթիս վրայ զգացի արարքներուս չափն ու պատասխանատուութիւնը: Նախկին որոշումէս ամբողջովին հրաժարեցայ եւ նոր որոշումի մը շուրջ մտածեցի: Այսուհետեւ ոչ մէկ կապ պիտի ունենայի այդ թուրքին հետ, որքան որ ալ փափաքն ունէի հետը զրուցելու: Որոշումիս հիման վրայ, համակարգիչին առջեւ կանգնած` գրեցի.
– Դուն թուրք ես, իսկ ես հայ եմ. մնաս բարով…
Շուշան Քէշիշեան
Հայ Աւետարանական Քոլեճ
***
Թուրք Բարեկամս
Երկու տարի առաջ տանս մէջ համացանց ունեցայ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ էի, որովհետեւ այլեւս առիթ ունէի նոր մարդոց ծանօթանալու եւ մտերմութիւններ ստեղծելու: Եւ սկսան նոր ընկերութիւնները. ծանօթացայ պատանիի մը, որ դարձած էր ամէնօրեայ խօսակիցս, եւ որուն հետ միշտ նոր նիւթեր ունէի արծարծելու կամ բաժնեկցելու:
Առիթով մը կը խօսէինք օրուան դէպքերուն մասին: Ան ըսաւ, որ երկու օր առաջ իր երկրին մէջ հայ մտաւորական մը սպաննուած է եւ հայերը ցոյց կը կատարեն: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ճգնաժամի մէջ է, մինչ հայերը արդարութիւն պահանջող ցոյցեր կը կազմակերպեն:
Ապշեցայ: Տինքին սպանութիւնը ինծի համար նորութիւն չէ, սակայն չէի ուզեր հաւատալ, որ խօսակիցս թուրք էր: Շուարած` մտածեցի, թէ ի՛նչ պատասխան կրնամ տալ «բարեկամ»-իս: Արդեօք ըսէի՞, թէ ես հայ եմ, եւ իր նախահայրերը սպաննած են իմ նախահայրերս, եւ անոնց ժառանգորդները այսօր կը կրկնեն միեւնոյն ոճիրը:
Արդէն վայրկեաններ անցած էին. խօսակիցս հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ չեմ պատասխաներ… Վրէժխնդրութեան զգացում մը արթնցաւ մէջս, կարծես նախահայրերուս արիւնը ինձմէ կը պահանջէր մեղադրել զրուցակիցս` իր նախահայրերուն գործած ոճիրին պատճառով: Վերջապէս «բարեկամ»-իս ըսի. «Ես հայ եմ»:
Թուրքը անմիջապէս ներողութիւն խնդրեց Տինքին սպանութեան համար եւ առաջարկեց, որ խօսիմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Պէտք էր այս առիթը օգտագործել, եւ սկսայ խօսիլ 1915-ին պատահած դէպքերուն մասին: Ըսի. «Թուրքերը մէկուկէս միլիոն հայ սպաննեցին, բայց այսօր աշխարհի վրայ շուրջ տասը միլիոն հայ կ’ապրի, եւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ կը բաբախէ արդարութեան յոյսը ու Տինքի հոգին»: Հաստատեցի, որ հայը պիտի չլռէ եւ պիտի չդադրի պահանջելէ հայութեան իրաւունքները:
Խօսակիցս յայտնեց, թէ ինք կ’ափսոսայ հայութեան կորուստին համար, բայց կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս այսքան դժուարութիւններուն դիմաց հայը կը յարատեւէ: Հպարտութեամբ նշեցի, թէ գոյատեւումը հայութեան յատկանիշներէն մէկն է, եւ հայը յուսահատիլ չի գիտեր, մինչեւ որ իր արդար իրաւունքը ստանայ:
Բարեկամս յոյս յայտնեց, որ մեր բարեկամութիւնը աւելի կ’ամրապնդուի, հակառակ անոր որ ինք թուրք էր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու հայերուն հետ, եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ առողջ մտածողութիւն ունեցող եւ ազատամիտ թուրքեր կան, եւ ինք պիտի աշխատի անոնց թիւը աւելցնելու ու այդ անհատներուն միջոցով հայ ազգին օգտակար դառնալու, որպէսզի Թուրքիոյ պետութիւնը ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ վերադարձնէ հայոց իրաւունքները:
Դանիէլ Աւետիքեան
Հայ Աւետարանական Շամլեան–Թաթիկեան Վարժարան
***
Ճակատագրական Պահ Մը
Անցած էին ամիսներ, երբ ընկերային ցանցի մը ճամբով ծանօթացած էի բարեկամի մը: Մեր խօսակցութիւններուն վրայ հիմնուելով` նոր բարեկամս բաւական հաճելի անձ մը կը թուէր: Ան ունէր հետաքրքրական եւ յաճախ տարօրինակ գաղափարներ, որոնց երբեմն կը համաձայնէի:
Զարմանալին այն էր, որ այսքան երկար զրոյցներ ունենալով` երբեք հարց չէի տուած, թէ ինք ո՞ր ազգին կը պատկանի: Երբ այս կէտին շուրջ մտածելէ ետք, յաջորդ անգամ, երբ առիթ ունեցայ իր հետը խօսելու, նախքան անոր ինչպէս ըլլալը գիտնալը, հարցուցի. «Ո՞ր ազգի զաւակն ես»: Սակայն պատասխանը իմանալէ ետք նախընտրեցի չգիտնալ, բայց արդէն իսկ ուշ էր:
Պահ մը ապշած ու բերանաբաց մնացի: Այն անձը, որուն կը համակրէի, կը պատկանէր այն ազգին, որ տարիներ շարունակ փորձեց ամբողջովին արմատախիլ ընել հայ ժողովուրդը: Ան մաս կը կազմէր այն ազգին, որ անխղճօրէն ու անգթօրէն ջարդեց մէկուկէս միլիոն հայ, որ ոտնակոխ ըրաւ հայուն պատիւը եւ բնաջնջելու համար բոլոր միջոցներուն դիմեց:
Այո, ջարդեց, բայց չյաջողեցաւ, որովհետեւ մենք` հայերս «խենթեր» ենք… Տակաւին անցեալին, Վարդանանց ճակատամարտին էր, երբ հայերը «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» գինովներու նման նետուեցան փիղերու ոտքերուն տակ: Այն ատեն ալ կորսնցուցինք մեր սպարապետն ու շատ անվախ քաջեր, սակայն պարսիկը չկրցաւ Լուսաւորիչին կանթեղը մարել:
Հայոց ցեղասպանութեան ալ կորսնցուցինք մեր պապենական հողերը, մեր ժողովուրդին մեծ մասը, թափեցինք արիւն, աքսորուեցանք անապատները, բայց չջնջուեցանք, նորէն ունեցանք անկախ Հայաստան, մինչ հայրենիքէն բռնագաղթուածները առանց յուսահատելու եւ միասնաբար ստեղծեցին գաղութներ, որոնց վկայութիւնը մենք ենք, մեր ներկայութիւնն է, այս մրցանքն է, որուն ազատօրէն կը մասնակցինք, եւ որուն կազմակերպողներն ու մասնակցողները ժառանգորդներն են Րաֆֆիին, Մալխասին, Վարուժանին, Զոհրապին, Տինքին… Է՜հ… Անոնք զոհեցին ամէն բան, նոյնիսկ իրենց կեանքերը` հայրենիքի փրկութեան եւ ազգի գոյատեւման համար:
Ուրեմն, ճակատագրական պահի առջեւ էի: Պէտք էր որոշումի մը յանգէի, սակայն ինչպէ՞ս պիտի յաջողէի տալ ճիշդ որոշումը: Յօնքերս սեղմած էի եւ աչքերս` յառած դէպի հորիզոնը ու ինկած` խոր մտածումներու մէջ: Ի՜նչ-ի՜նչ գաղափարներ կ՛ալեկոծէին միտքս… Արդեօք մեր ընկերութեան դիմաց պարի՞սպ մը կը բարձրացնէի: Բայց ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ: Երբ երեխայ էի, մայրս կ՛ըսէր. «Սիրելի՛ս, կեանքը դաժան է. պիտի հանդիպիս բազմաթիւ դժուարութիւններու: Այսօր հոս եմ ու քեզի կ՛օգնեմ, բայց վաղը չկամ… Դուն քու ազատ կամքովդ որոշումներդ պիտի տաս, սակայն միշտ յիշէ, որ որոշումներդ պէտք է ըլլան ի շահ ազգիդ…»:
Ի շահ ազգիս… Յիշեցի այս խօսքերը եւ համոզուած որոշեցի թուրքին հետ ընկերութեան մէջ արգելքներ չդնել: Ընդհակառակը, թուրքին հետ բարեկամանալով` ուզեցի թափանցել իր մտածելակերպին մէջ, ստանալ եւ ներկայացնել տուեալներ ու խօսիլ պատմութեան մասին: Ուզեցի խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն շուրջ տեղեկութիւններ չէր ստացած ոչ իսկ իր հօրմէն:
Երկար ժամանակ լռութենէ ետք, թուրքը վերստին «լսեց ձայնս»: Սկսայ հետը խօսիլ տարբեր ձեւով` այնպիսի հպարտութեամբ եւ հրճուանքով… Գիտէի, որ պիտի հասնէի նպատակիս, ու սկսանք խօսիլ ազգային նիւթերուշուրջ: Նախ ինքզինքս անտեղեակ ձեւացուցի եւ հարցուցի Թուրքիոյ պատմութեան մասին: Պատմածը կը կարդայի ընդվզած, բայց բան մը չէի պատասխաներ` զգացումներս չյայտնելու համար:
Անհամբեր սպասուած առիթը հասած էր: Սկսայ խօսիլ առանց իսկ մէկ վայրկեան կորսնցնելու. պատմեցի Մեծն Տիգրանի եւ Լուսաւորիչի կանթեղին մասին, ապա` հայ գիրերու գիւտին եւ Աւարայրի ճակատամարտին ու հասայ 1800-ական թուականներու աւարտը, երբ հայկական կոտորածները սկսած էին… Մանրամասնութիւններով պատմեցի ջարդերուն մասին…
Զրուցակիցս «խելագարեցաւ»: Տուեալներս բաւականին համոզիչ էին: Այս բոլորին վրայ վստահաբար կ՛աւելնային ամիսներու ընթացքին ստեղծուած վստահութեան կամուրջը:
Ժպիտ մը փայլեցաւ դէմքիս վրայ. նպատակիս հասած էի: Այսուհանդերձ, հանգիստ մտքով խօսեցայ Հրանդ Տինքին մասին… Այն հայը, որ իտէալս դարձած էր: Այո՛, կը փափաքիմ Տինքին պէս ըլլալ` համարձակ ու անվախ: Կ՛ուզեմ միշտ արձագանգներս հասցնել հեռո՜ւն եւ ըլլալ հպարտ. այսպէս կարելի է հայ ըլլալ, ինչպէս Տինքը եղաւ…
Վանայ Ճենանեան
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

