Անդրադարձ. Ունկնդրելով Երեւանի Հ1 Պատկերասփիւռի Մէկ Հարցազրոյցը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Հայրենիքն է սա, մեր հայրենիքը, ուրկէ լսուած իւրաքանչիւր ձայն մեզ կը հրաւիրէ ականջ տալու, այս պարագային` պատկերասփիւռի միջոցով: Կան շատ սիրելի յայտագիրներ (որոնց մասին անդրադարձած էինք ամիս մը առաջ), երգեր, պարեր, հարցազրոյցներ, «Երջանկութեան մեխանիքա»-ն, այդ անհաւատալի բայց իրաւ «Կեանքի կարուսել»-ները, «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»-ները (Ողջոյն Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանին), Լրատուական բաժինը կը հետաքրքրէ մեզ: Այս մասին նկատողութիւն մը. կը խնդրենք, որ լրագրող լրատուները այդքան արագ չխօսին (բարեւ Քրիստինէ): Օրինակ առնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն, որուն զրոյցները հասկնալի են բառ առ բառ:
Մեր այս անդրադարձին պատճառը հարցազրոյց մըն է, զոր լսեցինք շաբաթ, 17 մարտի երեկոյեան, ժամը 10:00-ի լրատուութեան ընթացքին: Աբրահամ Գասպարեան կը զրուցէր բանասէր, մանկավարժ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանին հետ: Գրական-լեզուական, մանկավարժական թեմաներու շուրջ կը դառնար զրոյցը: Սուրէն Դանիէլեան կ՛անդրադառնար արեւմտահայերէնին, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը սորվելու, սփիւռքահայերուն արեւելահայերէն դասընթացքներ տալու, որպէսզի անոնք լաւ հասկնան արեւելահայերէնը:
Սուրէն Դանիէլեան արծարծեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու Հայաստան այցը խորհրդային տարիներուն, վերաորակաւորման դասընթացքներու եւ դասախօսութիւններու հետեւելու մօտ ամիս մը:
«15 տարիներ շարունակուեցան սփիւռքահայ ուսուցիչներու Հայաստան այցերը` վերաորակաւորման արժանանալու, մասնագիտանալու նպատակով»:
Արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան պահպանման մասին Սուրէն Դանիէլեան կ՛ըսէ իր զրուցակիցին.
– Գիտէք, սփիւռքահայ ուսուցիչները ընկճուած տրամադրութիւն կ՛արտայայտէին Հայաստանի մէջ:
Ինչո՞ւ ընկճուած… Անոնք յարգանքով կը մօտենային հայրենի իւրաքանչիւր անհատի, ան ըլլայ մտաւորական թէ պարզ քաղաքացի կամ գիւղացի: Սփիւռքահայուն համար հայրենիքը սրբութիւն է, իսկ Հայաստանի բնակիչը ամենասիրելի հայը, որուն դիմաց խոնարհիլը պարտք կը զգայ սփիւռքահայը: Խոնարհիլը ընկճուածութիւն մի՛ նկատէք, այլ` մեծարանքի արտայայտութիւն:
Նոյն ատեն արծարծուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ գրողին «կարգավիճակը»: Սուրէն Դանիէլեան կատարեց մատնանշում մը, որ խոստովանութիւն էր եւ` ճիշդ բնութագրուած:
– Սփիւռքահայ գրողը, մտաւորականը մենք նկատած ենք իբրեւ «աղքատ ազգական»:
Սփիւռքահայը շատ լաւ զգացած է հայաստանցի հայուն գերակայութեան բարդոյթը սփիւռքահայ ոչ միայն գրողին, այլեւ մտաւորականին, արուեստագէտին, բարձրագոյն ուսման տիրացած հայուն: Սփիւռքահայը ոչ մէկ արժանիք ունի, ստորակայութեան բարդոյթով մարդիկ են, որքան ալ ունենան զօրեղ անհատականութիւն կամ արուեստի ոլորտի մասնագիտութիւն, հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն համար ոչ մէկ արժէք ունին: Ճիշդ է որ սփիւռքահայ արուեստագէտ մը, երգիչ, երգչուհի, նուագող, երաժիշտ, գրող, գեղանկարիչ եւ դերասան միշտ անմակարդակ կը նկատուին յաչս մեր հայրենակիցներուն: Սուրէն Դանիէլեանի խոստովանութիւնը անկեղծ տրամադրութենէ կը բխէր, շնորհակալութիւն անոր անկեղծութեան:
Կը թուի, թէ սփիւռքահայը լաւ ճանչցուած չէ Հայաստանի կողմէ: Կ՛ընդունինք մեր հայրենի շնորհալի եւ տաղանդաւոր զաւակներուն փայլուն յաջողութիւնները, սրտանց կը ծափահարենք` ո՛ւր որ ալ գտնուինք, Լիբանան այցելեն թէ պատկերասփիւռէն տեսնուին, կ՛արտայայտենք մեր հիացումը: Այսուհանդերձ, կը խնդրենք, որ այսուհետեւ մեզ «աղքատ ազգականի» տեղ չդնէք:
Սփիւռքահայուն համար հայրենիքը սրբութիւն սրբոց է, իսկ Հայաստան ապրող մեր հայրենակիցները` ամէն յարգանքի եւ սիրոյ արժանի: Հայրենիքէն զրկուածներս երանի կու տանք հայրենաբնակներուն, կ՛ափսոսանք նոյնպէս հայրենիքէն հեռացողներուն: Մենք միասնաբար հարուստ ենք, հայրենիքը իր պատմութեան հզօրութեամբ, սփիւռքը իր պարտադիր կեանքով, միշտ հայրենակարօտ եւ միշտ հայրենապաշտ: Տարբերութիւն մի՛ դնէք մեր եւ ձեր միջեւ: Սփիւռքահայն ալ ունի իր իւրայատուկ հարստութիւնը, բազմալեզուանի իր զաւակներով, զանազան գիտութիւններով օժտուած իր արուեստով:
Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք: Հայրենիքին դիմաց կը խոնարհինք, հայրենի կռունկներուն թռիչքին կարօտովը կ՛ապրինք:

