Թող Խօսին, Բայց Մինչեւ Ե՞րբ…

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հրապարակի վրայ բաւականաչափ աճ սկսած է արձանագրել ճարտասան ու «փիլիսոփայ» մարդոց թիւը: Հազիւ երեւոյթ մը կամ միջադէպ մը պատահած, ընդհուպ պատրաստաբաններ ու կոկոզաբաններ կը սկսին զանազան «մեկնաբանութիւն»ներ կատարել` իրենց իսկ չհասկցած նիւթին շուրջ: Ո՞վ է դերակատարը կամ ի՞նչ է դրդապատճառը. անյա՛յտ է:

Աներկբայ իրողութիւն է, որ մեր կեանքը լեցուն է տեսակ-տեսակ մարդոցմով, բազմերանգ հարցերով եւ փորձանալից երեւոյթներով… Ընթացք մը, որմէ կարելի չէ փախուստ տալ, եւ ուզենք կամ չուզենք, պիտի համակերպինք վերոյիշեալ իրականութեանց հետ: Ա՛յս է իրողութիւնը:

Երբ աշխարհը լեցուն է բազմակի տեսակաւոր մարդոցմով, բնականաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ նկարագիրն ու անձնաւորութիւնը, ինքնուրոյն ոճն ու խօսելակերպը, յառաջատեսիլ ու նպատակասլաց հայեցակէտը: Սա նախախնամութեան կողմէ մարդուն պարգեւուած մենաշնորհում մըն է, որ կը զատորոշէ զայն իր նմանակիցներէն ու շրջապատէն:

Մարդոց նկարագրային տարբերութեանց մասին խօսելու ժամանակ եւ մանաւանդ մեր խօսակցութեան շրջածիրի կարկինը երբ լայն բանանք ու ընդարձակենք, պիտի տեսնենք, թէ որքա՜ն մեր աչքէն սպրդած են մեզի անկարեւոր նկատուող կէտեր, որոնք իրականութեան մէջ կենսակա՛ն ու անհրաժեշտ են: Օրինակ. աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ հպարտ ու խոնարհ մարդիկ գոյութիւն ունեցած են, որոնցմէ մին միշտ դիտողութեան ու նկատառութեան թիրախ է դարձած, իսկ միւսը` որպէս օրինակելի ու համեստ անձնաւորութիւն ընդունուած: Յոխորտացող երիտասարդը հպարտութեան բագինին վրայ կանգնած` կը կարծէ, թէ մե՜ծ արժէք մըն է` ինքզինք վերադաս նկատելով իր շրջապատէն: Մինչ համեստ անձը լռելեայն վիճակը նախընտրելով, ինքզինք կը խոնարհեցնէ` հաւատալով, որ կեանքը դպրոց մըն է, որմէ կարելի չէ ընթացաւարտ ըլլալ: Վերջին դատաստանին Աստուած քեզի պիտի չհարցնէ, թէ ի՞նչ կարդացիր, ի՞նչ ուսանեցար, այլ պիտի հարցնէ` ի՞նչ ըրիր: Ոչ ալ պիտի հարցնէ քեզի, թէ ճարտասա՞ն էիր, թէ՞ գրագէտ, անո՞ւս, թէ՞ ուսեալ, բայց պիտի հարցնէ` ինչպէ՞ս ապրեցար կեանքդ եւ ինչպիսի՞ անձ մըն էիր… Հպարտութիւն մի՛ սնուցաներ քու ներսիդիդ, այլ ընդհակառակը, Աստուծոյ մեծափառութեան դիմաց խոստովանէ քու անգիտութիւնդ ու խեղճութիւնդ:

Չինական առածը, խօսելով մարդ արարածիս տարբերութեանց մասին, զայն կը դասակարգէ` ըսելով. «Չորս կարգի մարդ կայ: Առաջին, որ գիտէ. եւ թէպէտ գիտէ, կ՛ըսէ` բաւական չէ խօսելու համար: Ան իմաստուն մարդ է եւ հեզ, սորվէ՛ անկէ: Երկրորդ. գիտէ, որ չի գիտեր եւ կը խոստովանի իր տգիտութիւնը: Ան նոյնպէս բարի է, սորվէ՛ անկէ: Երրորդ. չի գիտեր. եւ չի գիտեր, որ չի գիտեր, ու կը խօսի անգիտակցաբար: Ան յիմար է ու նման է ծանր հիւանդի. սթափեցո՛ւր զայն: Չորրորդ. չի գիտեր, եւ գիտէ, որ չի գիտեր, բայց կը հպարտանայ իր անգիտութեամբ: Ան լիրբ է եւ ամբարտաւան, փախի՛ր անկէ»: Վերջին կէտը ամէնէն վատթարագոյն ու սարսափելի նշումն է, որ դժբախտաբար այսօր բոլո՛րս ալ կը պարապինք սոյն սնահաւատութեամբ ու պարծենկոտութեամբ:

Այսօր ո՞ւր են այն բեմբասացները, հեղինակներն ու մագիստրոսները, որոնք իրենց ճարտասանութեամբ, իրենց «նուաճած դիրքերով» մեծ անուն ու տպաւորութիւն թողած էին իրենց ժամանակաշրջանին: Ո՞ւր են այն իմաստունները, գիտնականներն ու վերլուծաբանները, որոնք միշտ վերէ՛ն դիտած են համեստ խաւի մարդիկը կամ իրենցմէ նուազ կարողականութիւն ունեցող երիտասարդները (յարգելի են բացառութիւնները): Անոնք իրենց կենդանութեան կը կարծէին, որ հանրայայտ դէմք մըն են, իսկ հիմա ո՛չ իսկ կը խօսուի անոնց մասին:

Տակաւի՛ն: Ո՛րքան բազմաթիւ են անոնք, որոնք աշխարհի վրայ կը կորսուին ունայն գիտութեամբ` փոխանակ ծառայելու Աստուծոյ եւ Անոր անուան տարածիչները դառնալու: Որովհետեւ կը սիրեն մեծ ըլլալ քան` խոնարհ, բուռն կերպով կ՛ուզեն նուաստացնել իրենցմէ փոքրը, արժեզրկել անոր նախափորձերը եւ միայն իրե՛նք երեւիլ հրապարակներու վրայ: Երանելի է այն անձը, որ Պօղոս առաքեալին նման ամէն ինչ վնաս կը համարէ` համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է (Հմմտ. Փլպ 3.8):

Նախանձի գրգռումէն յառաջ եկող խօսակցութիւններն ու բամբասանքները եւս միշտ ներկայ են մեր կենսընթացին: Ընկերութեան մէջ որքա՜ն մարդիկ պառակտուած են սա ախտաւոր մոլուցքին որպէս հետեւանք: Դիմառնական ոճերը, այստեղ-այնտեղ դերակատար անձնաւորութեան հասցէին կատարուած բարոյալլուկ ցեխարձակումները, բամբասանքներն ու սպառնալիքները, չարախօսութիւններն ու զրպարտանքները իրենց իբրեւ արմատ ունին ՆԱԽԱ՛ՆՁ-ը: Բառ մը, որ ահագնադղորդ հնչեղութիւն մը ունի շատերու համար, իսկ նախանձոտին մնայուն ու ցանկալի ընկեր է դարձած: Նախանձոտը չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, ինչպիսի՛ խայտաբղէտ մոլութեանց պիտի առաջնորդէ զինք իր այս «ցանկազարթոյց» ախտը` նախանձը, որո՞ւ հաճոյակատարն ու կամակատարն է, ո՞ր մէկ գերիշխանին համար կը գործէ: Պատասխա՞նը: Գերագոյն չարին` սատանայի՛ն:

Յակոբոս առաքեալ, պարզաբանելով նախանձի պատճառած հետեւանքները, մեր ուշքը կը հրաւիրէ` ըսելով. «Եթէ ձեր սիրտերուն մէջ դառն նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ, մի՛ պարծենաք եւ ճշմարտութեան դէմ մի՛ մեղանչէք: Այդպիսի իմաստութիւնը երկինքէն չէ՛ տրուած, այլ երկրաւոր է եւ դիւական» (Յկ 3.14-15): Առաքեալը բացայայտ կերպով կը բարացուցէ նախանձին կործանաբեր հետեւանքները, որոնք մարդուն մտքէն յառաջ եկած մտածումներ չեն, այլ` նախանձի ծնունդ նկատուող Սադայէլին գործերու դրսեւորումը: Տեառնեղբայր եզրակացնելով իր խօսքը` կ՛ըսէ. «Որովհետեւ ո՛ւր որ նախանձ կայ, հոն նաեւ անկարգութիւն եւ ամէն տեսակի չարիք կայ» (Յկ 3.16): Նախանձովդ ո՛չ միայն բարեկամիդ կեանքը կը խոչընդոտես, այլեւ չարաստեղծ մտածումներով քու կեանքդ կը մթագնես, սատանայամիտ հնարքներով կ՛առաջնորդուիս դէպի անուղղայ ճանապարհներ եւ չարածին յղացքներու մարմնացումը կը դառնաս:

«Բարեկամ» անուան տակ քու կողքիդ գտնուող չարակամ ընկերդ, քու նկարագրային գիծերդ, անձնական գաղտնիքներդ գիտնալով` հոս ու հոն կը պախարակէ, կը զգետնէ, կը ստորնացնէ քեզ` պարզապէս իր «համբաւաւոր» անունն ու հռչակը պահելու համար: Նմանատիպ անձը հոգեկան հիւանդ մըն է եւ հալածախտութեամբ տարուբերող մը: Առ այդ, մի՛ հպարտանար հարստութեամբդ, ոչ ալ` բարձրախաւ բարեկամներովդ ու շրջանակովդ, որովհետեւ հզօր են ու անուանի, այլ փարէ՛ Աստուծոյ, որ կեանքի Տուիչն ու Շնորհաբաշխն է: «Մի՛ հաճոյանար դուն քեզմով` քու իմացականութեանդ ու ճարպիկութեանդ համար, որպէսզի չկորսնցնես Աստուծոյ հաճութիւնը, որմէ կու գայ ամէն բարիք, զոր ընդունած ես բնութենէն» (Թովմաս Գեմբացի):

Սիրելի՛ ընթերցող, նիւթականացած այս աշխարհին մէջ բազմաթիւ են խօսողներուն թիւը: Խօսող կայ եւ խօսող կայ: Կան արդարախօս մարդիկ, որոնք ճշմարտութեան հետամուտ են, իսկ մարդիկ կան, որոնք տգիտութեան աղբիւրն են ու պարագլուխը: Այդպիսիք իրենց «թմբուկը զարնող» եւ «փող հնչեցնող» մարդիկ են: Որպէս հայ քրիստոնեայ` դատարկապորտներու պէս դուն քեզ մի՛ գնահատեր իբրեւ լաւագոյնը, որովհետեւ հաւանաբար Աստուծոյ աչքին առջեւ յոռեգոյնն ես: Մի՛ յաւակնիր քու բարի արարքներովդ, որովհետեւ Աստուծոյ դատաստանը ամբողջապէս կը տարբերի քու դատաստանէդ: Եթէ կը կարծես, որ յաջողութիւններ ձեռք ձգած ես, գիտցիր, թէ քեզմէ շատ աւելի կարողը կայ: Մի՛ վստահիր գիտութեանդ, որովհետեւ` «գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատք կ՛ամրապնդէ: Ով որ կը խորհի, թէ բան մը գիտէ, յստակ է, որ տակաւին չի գիտեր այնպէս, ինչպէս որ պէտք է գիտնայ» (Ա. Կր 8.1-2):

Շատե՜ր կը խօսին տգիտաբար ու տակաւին պիտի խօսին, բայց մինչեւ ե՞րբ… Վերջ մը կայ անշուշտ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES