Հայկական 24 Վարժարաններէ 855 Երկսեռ Աշակերտներ Կը Մասնակցին 2011-2012 Տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի Մրցումներուն

Իր հիմնադրութենէն (1966) երկու տարի ետք, 1968ին, երբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յանձն առաւ ԼԵՎԱՄ-ի հովանաւորութիւնը, Լիբանանահայ երկրորդական   վարժարաններու մարզախաղերը լրջօրէն թափ առին` առաջնահերթ նպատակ ունենալով հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մէջ արթնցնել մարմնակրթութեան հանդէպ սէրը, մրցակցութեան  եւ պայքարի ոգին եւ ամենակարեւորը` եղբայրական մթնոլորտի մէջ համախմբել հայ աշակերտութիւնը:

Տարիներ շարունակ երկրի քաղաքական եւ այլ աննպաստ պայմաններ յաճախ պատճառ դարձան, որ կարգ մը մարզաձեւեր շարունակական կերպով չկիրարկուին: Սակայն ԼԵՎԱՄ-ի խաղերը երբեք չդադրեցան: Աւելի՛ն. անոնք աւանդական բնոյթ ստացան: Շնորհիւ տքնաջան աշխատանքներու եւ շարունակական փորձերու` բացայայտուեցան հայ ախոյեան-ախոյեանուհիներ եւ մրցանիշներ հաստատած մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք հայութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ին անունը բարձր պահեցին լիբանանեան մարզաշխարհէն ներս: Անոնց արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները մեծ արձագանգ ձգեցին իրենց յաջորդող սերունդներուն մօտ, որոնք մինչեւ օրս կը պայքարին անոնց ուղիով:

Այս տարի ԼԵՎԱՄ-ը թեւակոխեց իր 46-ամեակը: Տեղին է նշել, որ ԼԵՎԱՄ-ի կանոնագիրը 2011-ի նոյեմբեր 2-ին վերամշակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Տարիներէ ի վեր դադրած կարգ մը մարզախաղեր վերսկսան կիրարկուիլ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին մշակած ծրագրին մէջ: Այս տարի յանձնախումբը որդեգրեց հետեւեալ մարզախաղերը. աթլեթիզմ, մինի մարաթոն, ճատրակ, փինկ-փոնկ, մինի պասքեթպոլ, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ:

ԼԵՎԱՄ-ի 2011-2012 տարեշրջանը սկսաւ ճատրակի խաղերով, որոնք տեղի ունեցան 20 նոյեմբեր 2011-ին` ՀՄԸՄ – Աղբալեան մարզամշակութային համալիրին մէջ: ԼԵՎԱՄ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող աշակերտներուն թիւը հասաւ 125-ի: Միօրեայ այս խաղերը ընթացան մեծ խանդավառութեամբ եւ մրցակցութեան ոգիով, յատկապէս` փոքր աշակերտներուն մօտ:

Տարեշրջանի երկրորդ հանգրուանին տեղի ունեցաւ «Մինի մարաթոն Պուրճ Համուտ»-ը, որ նորութիւն մըն էր ԼԵՎԱՄ-ի պատմութեան մէջ: 18 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն աշակերտները հաւաքուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից կառատան մէջ, ուրկէ տրուեցաւ մեկնումի ազդանշանը: 2,42 քմ երկարութեամբ այս մարաթոնը, որ կ՛ընդգրկէր Պուրճ Համուտի փողոցները, աւարտեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, ուր ճշդուած էր ժամանման գիծը:

Երրորդ հերթին, 15 յունուար 2012-ին, ԼԵՎԱՄ-ը հայ աշակերտութիւնը հաւաքեց դարձեալ «ՀՄԸՄ – Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, այս անգամ փինկ-փոնկի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ. այս մրցումներուն իրաւարարները նշանակուած էին ՀՄԸՄ-ական փինկ-փոնկի ախոյեան քոյրեր:

Շաբաթ մը ետք, 23 յունուար 2012-ին, «ՀՄԸՄ – Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այլ նորութիւն մը հանդիսացող մինի պասքեթպոլի խաղերը, որոնք մեծ արձագանգ ձգեցին: Ինչպէս անունը կը նշէ, այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին համեմատաբար աւելի փոքր դասարաններու եւ տարիքի աշակերտներ (2000-2001-ի ծնունդ), որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մրցեցան իրարու հետ: Յանձնախումբը խորապէս քաջալերեց բոլոր այն աշակերտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս կարեւոր յայտագիրին: Կարեւորը այն է, թէ անհատ մը փոքր տարիքէն է, որ պէտք է սկսի մարզաձեւի մը հետեւիլ` փայլուն արդիւնքներու հասնելու համար: Վերջապէս, նման նախաձեռնութիւններու շնորհիւ է, որ եկող տարիներուն պիտի վայելենք բարձրորակ ԼԵՎԱՄ-ի խաղեր:

ԼԵՎԱՄ-ի այս տարեշրջանի չորրորդ հանգրուանին, տեղի ունեցան երկար սպասուած աթլեթիզմի մրցումները: Այս խաղերը, որոնք տարիներով դադրած էին, 26 փետրուար 2012-ին վերսկսան եւ աւարտեցան մեծ յաջողութեամբ: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր կարճ եւ երկար վազքի, դրօշարշաւի, մէկ քայլ ոստումի եւ գունդ նետելու մրցումներ: Այս մրցումները ընթացան բաւական ճոխ, նկատի ունենալով, որ ԼԵՎԱՄ-ի պատմութեան մէջ  արձանագրուեցան նոր մրցանիշներ: Կասկածէ վեր է, որ եկող տարիներուն աւելի մեծ թիւով աշակերտներ պիտի մասնակցին, տրուած ըլլալով, որ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը արդէն իսկ մտադիր է նոր եւ հետաքրքրական աթլեթիզմի յայտագիր մը իրականացնել գալիք տարեշրջաններուն:

Հինգերորդ եւ վեցերորդ հանգրուաններու ծիրէն ներս, զուգահեռաբար տեղի կ՛ունենան ամէնէն շատ հետաքրքրութիւն յառաջացնող եւ աւանդական դարձած ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները: Սոյն երկու մարզաձեւերուն մասին կ՛անդրադառնանք աւելի ուշ, տրուած ըլլալով որ անոնք տակաւին չեն աւարտած: Առ ի յիշեցում, ըսենք, որ ֆութպոլի խաղերը տեղի կ՛ունենան Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» խոտածածկ դաշտին մէջ, իսկ պասքեթպոլի մրցումները` «ՀՄԸՄ – Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ:

2011-2012 տարեշրջանի վերջին երկու յայտագիրները նախատեսուած են ֆութպոլի (մեծ դաշտ) մրցումներն ու այլ նորութիւն մը` «Քիծ աթլեթիքս»-ը: Առաջինը տեղի պիտի ունենայ 14 ապրիլ 2012-ին, իսկ երկրորդը` 13 մայիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին մէջ: Նշենք, որ «Քիծ աթլեթիքս»-ին պիտի մասնակցին փոքր դասարանի աշակերտներ, ուր կը սպասուին բաւական հետաքրքրական խաղեր: Անոնք անկասկած դպրոց պիտի վերադառնան` իրենց հետ բերելով խինդ ու եռանդ:

Եւ վերջապէս, բոլոր խաղերու աւարտին տեղի պիտի ունենայ ԼԵՎԱՄ-ի 2011-2012 տարեշրջանի փակման ճոխ հանդիսութիւնը, որուն մասին մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք հետագային:

Արդիւնքներուն եւ բոլոր նորութիւններուն մասին իմանալու համար կարելի է այցելել ԼԵՎԱՄ-ի կայքէջը` www.levam.org, «Facebook»-ի էջը` Homenetmen Levam – ՀՄԸՄ-ի լիբանանահայ վարժարաններու մարզախաղեր, եւ կամ` հետեւիլ «Ազդակ»-ի մարզական էջին:

ԼԵՎԱՄ-ի յատուկ այս էջին մէջ կը ներառենք նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն կազմակերպումին շրջագիծին մէջ գործած ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու վկայութիւններ:

 

Երանի ԼԵՎԱՄ-ի այդ երբեմնի խանդավառութիւնը միշտ վառ մնայ եւ աշակերտներուն մէջ ստեղծէ ազնիւ մրցակցութեան ոգի ու շարունակէ իր երթը:

ԼԵՎԱՄ-ը ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզախաղերուն  միակ աղբիւրն է:

Մենք ԼԵՎԱՄ-ին տուած ենք նշանաւոր մարզիկներ, դժբախտաբար պատերազմը իր ժխտական դերը ունեցաւ, բայց ես շատ ուրախ եմ, որ տակաւին ԼԵՎԱՄ-ը իր առաքելութիւնը կը տանի եւ ՀՄԸՄ-ի անունը միշտ կը յիշուի զանազան մարզախաղերու մէջ:

ԼԵՎԱՄ-ի աթլեթիզմի բաժնին մէջ ունեցած ենք ախոյեաններ եւ մրցանակակիրներ:

 ՎԱՐԴԳԷՍ ԷՍՔԻՊԱՇԵԱՆ

 

Տեսնելով ԼԵՎԱՄ-ի կարեւորութիւնը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանին մէջ, պէտք է ոչ մէկ ճիգ խնայել` անոր գոյատեւման համար:

Սերունդներ անցած են ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն հիմնադրութենէն ի վեր` նպատակ ունենալով ԼԵՎԱՄ-ին ընդմէջէն ընտրել ՀՄԸՄ-ի տարբեր մարզախաղերու մարզիկներ: ՀՄԸՄ ունեցած է ախոյեաններ, որոնք եկած են ԼԵՎԱՄ-ի շարքերէն` բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունը լիբանանեան տարբեր տեսակի մարզախաղերուն մէջ:

ԼԵՎԱՄ-ը հայկական բոլոր վարժարաններուն աշակերտները կը մէկտեղէ եւ կը սորվեցնէ մրցակցութեան ազնիւ ոգիով յաղթանակներ տանիլ: ԼԵՎԱՄ-ը աշակերտները կ՛ընդունի առանց խտրութեան եւ կը դառնայ այն վայրը, ուր հայկական վարժարաններէ եկած աշակերտներ կը ծանօթանան իրարու:

ԼԵՎԱՄ-ի առաքելութիւնը պէտք է միշտ  պահել եւ այդ նպատակով ալ արդէն իսկ սկսած են կիրարկուիլ նոր մարզախաղեր` աշակերտներուն մէջ արթնցնելով մարզական մաքուր մթնոլորտ:

ՎՐԷԺ ԹԱԶԵԱՆ

 

Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին ԼԵՎԱՄ-ի դրօշին տակ կը գործեն լիբանանահայ բոլոր վարժարանները անխտիր, երկսեռ եւ երեք դասակարգերով:

ԼԵՎԱՄ-ը հայ աշակերտին մէջ կ՛արթնցնէ եւ կը զարգացնէ մրցակցութեան ազնիւ ոգին, ինչպէս ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը կ՛ըսէ` «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»:

Որպէս նախկին մարզիկ, Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի նախկին անդամ, կը վկայեմ հետեւեալը. ինչպէս սկաուտութիւնը կը նկատուի ՀՄԸՄ-ի ողնաշարը, այնպէս ալ ԼԵՎԱՄ-ը այդ ողնաշարին հիմնական եւ կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է:

 ՍԵՒԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

 

Ստորեւ ԼԵՎԱՄ-ի 2011 – 2012 տարեշրջանի մրցումներուն մասնակցող հայկական դպրոցներու անուանացանկը.

Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ
Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց  Վարժարան
Ազգ. Աբգարեան Վարժարան
Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Վարժարան
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Ազգ. «Յառաջ –  Գալուստ Կիւլպէնկեան» Երկրդ. վարժարան
«Թռչնոց Բոյն»
Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Վարժարան
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
Հայ Աւետարանական Քոլեճ
Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան
Հայ Աւետարանական Վարժարան – Այնճար
Հայ Աւետարանական Կերթմէնեան Վարժարան
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
Սահակեան Վարժարան
Մխիթարեան Վարժարան
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան
Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան Վարժարան
Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս Վարժարան
Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարան
ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան Վարժարան
ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան Վարժարան
ՀԲԸՄ Պօղոս Կարմիրեան Վարժարան

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES