Թենիս. Տէյվիս-Քափ. Այսօր Եւ Յառաջիկայ Օրերուն` Լիբանան – Փասիֆիք Կղզիներ Մրցումները

PROFOTO

Երէկ, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանան – Փասիֆիք կղզիներ թենիսի Տէյվիս Քափի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր եւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի դաշտերուն վրայ:

Նշենք, որ այս մրցումները կ՛իյնան Ասիա – Ովկիանիա ճակատումներուն ծիրին մէջ: Հինգ մրցումներէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը մնայ Բ. դասակարգին մէջ, մինչ պարտուողը կը փոխադրուի Գ. դասակարգ:

Լիբանանի կազմէն մրցումներ պիտի կատարեն (անհատական եւ խմբային) Պասսամ Պայտաս, Քարիմ Ալայինի եւ Փաթրիք Շըքրի:

Խումբին մարզիչն է Հիւսէյն Պատրէտտին:

 

Share this Article
CATEGORIES