50 Տարի Առաջ ( 7 ապրիլ 1962 )

Հայկազեան Քոլեճի
Դասախօսութիւնները

Հայկազեան քոլեճին վերջին դասախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, Ն. Փալանճեան Ճեմարանի եւ Անթիլիասի դպրեվանքին ուսուցիչներէն: Նիւթ ընտրած էր «Հայ ճարտարապետութիւնը», նիւթ մը, որ առնուազն մէկ քանի դասախօսութեանց կը կարօտի: Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Հրաչ Տասնապետեան յանձն առաւ մէկ դասախօսութեամբ տալ ընդհանուր պատկերը հայ ճարտարապետութեան, որ մեր մտքի ու ստեղծագործութեան արտայայտիչներէն մին է:

Յարգելի դասախօսը նախ խօսեցաւ մեր ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրողներու մասին, որոնցմէ կարելի չէ մոռնալ անունը Թորոս Թորամանեանի:

Ապա անցնելով բուն նիւթին` ըսաւ, թէ մեր ճարտարապետութիւնը կանգնած է ուրարտականին պատուանդանին վրայ: Մեր երկիրը փոխանցած է սումերական ճարտարապետութիւնը Եւրոպայի: Գտնուելով  Հռոմի եւ Իրանի միջեւ` մեր ճարտարապետութիւնը կրած է այս երկու կայսրութեանց ճարտարապետութեանց ազդեցութիւնը: Սակայն մենք ինչ որ առած ենք օտարներէն, վերամշակած ու ազգային դրոշմ մը, տուած ենք անոր` հասցնելով զայն կատարելագործութեան: Ե. դարուն իսկ արդէն ունեցած ենք հասուն ոճ մը:

Մեր ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը հասած է մինչեւ հեռաւոր Իրլանտա եւ Սկանտինաւեան երկիրներ:

«Միութիւնը այլազանութեան մէջ», ճաշակի, աչքի եւ ոգիի գոհունակութիւն կը պարգեւէ մարդուս: Մեր վարպետները կրցած են հասնիլ բարձր կատարելագործութեան եւ այդ գոհունակութիւններէն չեն զրկած մեզ: Այլազանութիւնը ճոխ է մեր ճարտարապետութեան մէջ, եւ համաչափութիւնը անպակաս է, ինչ որ բացակայ է եւրոպական միջնադարեան կոթողներէն:

Հայաստանի խիստ կլիմային արդիւնքն են` հաստ պատեր, նեղ դռներ, նեղ լուսամուտեր, շքամուտքեր, զարդաքանդակներ, եւ այլն:

Շինարարական տրամաբանութիւնը իմաստալից ըլլալու է: Ճիշդ այդ սկզբունքին հետեւելով` մեր ճարտարապետութեան մէջ խաբկանք չկայ:

Ըստ Թորամանեանի, մեր ճարտարապետութիւնը ունեցած է երեք ոսկեդարեր.-

Ա.- Դ. դարէն մինչեւ Է. դար, որուն արդիւնքներն են Էջմիածնի, Հռիփսիմեանց, եւ Զուարթնոց տաճարները:

Բ.- Ժ. դարէն մինչեւ ԺԱ. դար, Բագրատունեաց շրջանին որուն պտուղն է Անին: Տրդատ ճարտարապետ այս շրջանի կերտիչներէն է:

Գ.- ԺԳ. դարէն մինչեւ ԺԴ. դար, հայ ազգը դուրս կը մնայ «Խաւարի» դարաշրջանէն` շնորհիւ իր ճարտարապետութեան:

Յարգելի դասախօսը եզրակացուց` ըսելով. «Եթէ Հայաստան չէ նկատուած միակ տարածիչը քրիստոնէական ճարտարապետութեան, բայց գոնէ օճախ մըն է սոյն ճարտարապետութեան»:

Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Մ. Բարիքեանի
Ջութակի
Ռէսիթալը

Մանուկ Բարիքեան անծանօթ մը չէ Պէյրութի երաժշտասէր հասարակութեան: Առաջին անգամ զինք լսեցինք տարիներ առաջ ու իր նուագած Մոցարթի ջութակի քոնչերթոն խոր ու անմոռանալի տպաւորութիւն ձգեց իր հիանալի կատարումով: Ապա զինք լսեցինք Պաալպէքի փառատօնին առթիւ, աւելի ուշ` Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, իսկ անցնող երկուշաբթի գիշեր գեղեցիկ առիթը ունեցանք զինք դարձեալ լսելու` միշտ նոյն հիացումով ու հաճոյքով:

Մանուկ Բարիքեան արուեստագէտ ջութակահար մըն է, եւ զինք կարելի է դասել ներկայիս ապրող երկոտասնեակ մը առաջնակարգ ջութակահարներու կարգին, որովհետեւ ան ունի բոլոր տուեալները` լաւ թեքնիք, շատ ինքնավստահ, արտակարգօրէն հմայիչ հնչողութիւն, որ շատ քիչերուն տրուած է, արտայայտչական բացառիկ ձիրք, երաժշտական նուրբ հասկացողութիւն, խոր ապրում եւ յուզում, եւ այս բոլորը անմիջականօրէն կ՛առինքնեն ունկնդիրը:

Իսկ փառաւոր յաղթանակ մը եղաւ Պեթհովենի ջութակի քոնչերթոն, զոր Բարիքեան նուագեց հինգշաբթի օր, ազգային երաժշտանոցի նուագախումբին հետ: Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Ունկնդիրները խելայեղ ծափերով բազմաթիւ անգամներ բեմ հրաւիրեցին արուեստագէտը: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, որ գիտէ ծնիլ Մանուկ Բարիքեաններ:

5-4-62
ՕՆՆԻԿ ՍԻՒՐՄԷԼԵԱՆ

Տոմսեր

Փայլուն Եւ Անփայլ Վիճակներ

Խ. Հայաստան այցելած «Հայաստանասէր» մը կը գովէ հայ գրողին փայլո՜ւն վիճակը երկրին մէջ, սովետ բարեխնամ իշխանութեան երկաթէ հովանաւորութեան տակ… Հայ գրողը, կ՛ըսէ խանդավառ այցելուն, տուն ունի ամարանոց ունի, իր տրամադրութեան տակ է գրողներու պալատը, եւ ունի ամէն դիւրութիւն` աշխատանքի եւ ներշնչումի համար: Ապահովուած մարդ է վերջապէս:

Ու պրծա՜ւ… Ահա երջանիկ մարդը, որ ժամանակակից հայ գրողն է Հայաստանի մէջ:

Սակայն այս կարճամիտն ալ… «Ծառերուն ետեւ չի տեսներ անտառը»:

Եւ ի՜նչ անտառ… սիպերիական աքսորավայրերու ուր ծառերը խաչափայտի փոխարէն, կեցած են` հազարաւոր նախկին «ապահովուած»-ներու անծանօթ գերեզմաններուն շուրջ:

Այդ «ապահովուած» գրողներէն էին` Չարենց, Ալազան, Թոթովենց եւ ընկերներ… Քանի մը հազար զոհեր ըստ Կոմկուսի 22-րդ համագումարէն ետք եղած յայտարարութեանց, Երեւանի մէջ:

Այդ անհետ կորած գրողներն ու հանրային գործիչներն ալ ամէն դիւրութիւններով օժտուած էին, պարտիայի նախախնամական ձեռքով, եւ անյայտացան, կամ երկար տարիներու աքսորի չարչարանքներ կրեցին այն պահուն, երբ կը կարծուէր, թէ որեւէ մտահոգութիւն չունէին ապրելու համար…:

Իրենց մտահոգութիւնը մեռնելու մասին էր միայն:

Նոյնիսկ այսօր, երբ պայմանները «չափով մը փոխուած» կը նկատուին լուրջ մարդոց կողմէ, այսուհանդերձ մեծ չափով տեսանելի է դարձեալ այն ամուր շղթան, որ խորհրդահայ գրողը կը կապէ` «մեր հայրենիքի մայրաքաղաք Մոսկուային…», իրենց իսկ փայլո՜ւն բնորոշումով:

Եւ ո՞ր «ապահովուած» գրագէտը կը համարձակի ստեղծագործել` համաձայն իր խառնուածքին եւ կեանքի ըմբռնումին:

Փասթեռնաք մը փորձեց` կարծելով, Բռնակալը մեռած ըլլալուն, պարապ է նաեւ անոր աթոռը: Եւ շուտով հասկցաւ, որ «հաւաքական ղեկավարութիւն» մը նստած էր այդ աթոռին վրայ, ու միշտ վտանգաւոր էին անոր սաստերն ու հրամանագրերը: Մէկի փոխարէն` 5-6 բռնակալներ, քիչ մը փոքր գաւազանով` իւրաքանչիւրը: Բայց` մի՛շտ գաւազանով…

Արուեստագէտի ապահովութիւ՞ն` սովետ աշխարհին  մէջ…: Շատ կը նմանի առակի «շան կեանքին, որ ամէնէն ընտիր ոսկորները ունէր, եւ հանգստաւէտ բնակարան»: Սակայն վզէն կապուած շղթայ մը կը պահէր զայն ստրուկ, իր տիրոջ կեանքին ու գործին պահապան…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES