Ո՞վ Կ՛Որոշէ Զատկուան Թուականը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սկզբնական օրերուն եկեղեցին Զատիկը կը տօնէր շաբթուան տարբեր օրերուն, մինչեւ Ք. ե. 325 թուականը: Այդ թուականին Նիկիոյ եկեղեցական ժողովը կը գումարուի, եւ այս ժողովին ընթացքին կ՛որոշուի,  որ Զատիկը պիտի տօնուի լիալուսինին յաջորդող առաջին կիրակին, գարնանային գիշերահաւասարին օրը կամ այդ օրէն ետք:

Այս ձեւով Զատիկը կրնար տօնուիլ ամէնէն կանուխը մարտ 22-ին, մինչեւ, ամէնէն ուշը, ապրիլ 25-ին:

* * *

Մինչեւ Ք. Ե. 325 թուականը Զատիկը կը տօնուէր ուրբաթ, շաբաթ կամ կիրակի օր մը, մարտ ամսուան: Կոստանդին կայսրը որոշեց փորձել անշարժ թուական մը նշանակել. սակայն այս հարցը լուծելը շատ խրթին էր:

Ըստ Նիկիոյ եկեղեցական ժողովի որոշումին, Զատիկը պիտի տօնուէր լիալուսինէն ետք եկող կիրակին գարնանային գիշերահաւասարի օրը (մարտ 20) գարնան պաշտօնական առաջին օրը կամ անկէ ետք: Այս թուականը աւելի դժուար է հաշուելը, երբ նկատի ունենանք, որ եկեղեցական հաշիւներով լիալուսինը յաճախ ուրիշ թուականի կը հանդիպի, քան` աստղագիտական լիալուսինը: Սակայն Զատիկը միշտ պիտի իյնայ 22 մարտէն 25 ապրիլի միջեւ:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Զատիկը պիտի տօնուի առաջին կիրակին, որ կու գայ գարնան առաջին օրէն ետք երեւցող առաջին լիալուսինէն ետք»:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՊՐԱԶԻԼԱԿԱՆ ՔԻՆՏԻՄ
(ՀԸՆԴԿԸՆԿՈՅԶՈՎ ՊԻՍՔՈՒԻ)

«Քինտիմները» պզտիկ անուշեղէններ են, յատուկ` Պրազիլի Պահիա շրջանին, որ ծանօթ է ուտելիքի իր համեղ տեսակներով: Հոն հնդկընկոյզը կ՛իշխէ, զայն կը գործածեն նախաճաշէն մինչեւ ընթրիքին մէջ, աղի ուտելիքներու մէջ, քաղցրեղէններու մէջ, խմիչքներու մէջ, կամ պարզապէս` թարմ, զայն կը համտեսեն ծովեզերքը, արեւուն տակ:

* * *

Պրազիլցիները Բարեկենդանի թագաւորներն են: Ապա պիտի գայ պահքի շրջանը, որուն ընթացքին, 40 օր, հարուստ ուտելիքները պիտի արգիլուին: Հետեւաբար, սամպա երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, անոնք պիտի սպառեն իրենց ունեցած պահեստները, ձէթը` խմորեղէնները տապկելու համար, հաւկիթները` անուշեղէններ պատրաստելու համար: Իսկ շաքարը անոնց աշխուժութիւն պիտի տայ ամբողջ գիշերը պարելու համար:

* * *

Պէտք ունիս.- 5 ապուրի դգալ հնդկընկոյզի տաշուքի, 5 ապուրի դգալ կաթի, 50 կրամ կարագի, առաւել պզտիկ կտոր մը` կաղապարներուն համար, 80 կրամ փոշի շաքարի, 3 հաւկիթի դեղնուցի, 1/2 կիտրոնի:

Պատրաստութիւն.-

1.- Կարագը բարակ շերտերու վերածէ եւ պնակի մը մէջ 30 վայրկեան ձգէ, որ կակուղնայ:
2.- Խորունկ ամանի մը մէջ դիր հնդկընկոյզը, կաթը եւ զանոնք ձեռքերովդ խառնէ:
3.- Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ դիր փոշի շաքարը եւ կարագը. լաւ խառնէ: Մէկ-մէկ աւելցուր հաւկիթները:
4.- Աւելցուր հնդկընկոյզը եւ վրան քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ սրսկէ. լաւ մը խառնէ:
5.- Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ: Փուռի յատուկ չորս պզտիկ կաղապարներու մէջ կարագ քսէ: Խմորը պարպէ ամաններուն մէջ եւ անոր մակերեսը հաւասարցուր:
6.- Այս պզտիկ կաղապարները դիր կարկանդակի մեծ կաղապարի մը մէջ, անոր մէջ 2 սմ. ջուր դիր եւ բոլորը միասին փուռին մէջ դիր: Ձգէ, որ պիսքուիները այս ձեւով եփին 30 վայրկեան. անոնք պէտք է ոսկեգոյն գոյն մը ստանան:
7.- Ձգէ, որ պիսքուիները պաղին` զանոնք կաղապարներէն հանելու համար:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զատկուան Զարդարանքներ

Այս գեղեցիկ ձեռայինները կրնաս գործածել Զատկուան սեղանը զարդարելու համար` անոնց մէջ դնելով գոյնզգոյն պոնպոններ եւ տուրմէ հաւկիթներ:

Գարնանային ծաղիկներ

– Պէտք ունիս.- Գունաւոր խաւաքարտերու (նախընտրաբար` դեղին, նարնջագոյն, ճերմակ…), փուռի յատուկ թուղթէ փոքր գաւաթներու (քափքէյքերու, եւ մաֆֆիններու համար, խէժի, դեղին եւ նարնջագոյն պոնպոններու:

– Ինչպէս.- Գունաւոր խաւաքարտերուն վրայ գծէ եւ կտրէ ծաղիկներուն շրջագիծը: 2) Անոնց կեդրոնը փակցուր թուղթէ փոքր գաւաթները, գաւաթներուն մէջ լեցուր դեղին կամ նարնջագոյն պզտիկ պոնպոններ:

 

Ճուտիկէ կողովներ

– Պէտք ունիս.- Դեղին, նարնջագոյն, կարմիր, կապոյտ խաւաքարտի, խէժի:

– Ինչպէս.- 1) Դեղին խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ ճուտիկին մարմինը (առանց կտուցին): Կէտաւոր գծին երկայնքին ծալէ մարմինը եւ կտրէ զուգահեռ գիծերը (առանց թուղթին ծայրը հասնելու): 2) Նարնջագոյն խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտէ ճուտիկին կտուցը: Կարմիր կամ կապոյտ խաւաքարտի վրայ գծէ եւ կտրէ վզկապը: 3) Զանոնք փակցուր ճուտիկին մարմնին վրայ: Գծէ ճուտիկին աչքը: 4) Ճուտիկին մարմինը կլոր դարձուր չինական լամբարի մը նման, փակցուր կռնակի երկայնքին եւ քիչ մը վրան ճնշէ, որպէսզի երիզները բացուին: Կողովդ պատրաստ է, կրնաս զայն տուրմէ հաւկիթներով լեցնել:

Գոյնզգոյն բոյներ

– Պէտք ունիս. Գունաւոր խաւաքարտերու, խէժի:

– Ինչպէս.- 1) Խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ 8×14 սմ կողմերով քառանկիւն մը: 2) 7 մմ միջոցներ ձգելով, երիզներ կտրէ` ծայրը 1.8 սմ. լուսանցք մը ձգելով: 3) Քառանկիւնի երկու կողմերը իրարու միացուր եւ փակցուր: 4) Թուղթէ երիզները մէկ-մէկ դէպի ներս դարձուր եւ շրջանակին մէջը փակցուր:

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան` ճանապարհին վրայ հաւաքելով, ճիշդ կարգով, երեք կէտերը:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր թիւ հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին (օրինակի համար` 20=9+11):

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը տուրմէ հաւկիթները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES