Եօթը Գոյն Բանաստեղծութիւն

Մեկնումը

Կ՛ելլեմ ու կը մեկնիմ ամայաստանէն,
տուերէն նաեւ` երբ կէսօրը կը բարձրանայ
եւ կը հնչէ ոտնաձայնը կրիային – ոտքեր`
մեռած տերեւի մարմինին վրայ,
վերջին աշնան անկիւններուն:

Կ՛ելլեմ ու կը մեկնիմ ամայաստանէն,
կը թօթուեմ փոշին մարմնիս վրայէն`
եւ երբ կը հասնիմ դարձուածքին վերջին`
հոն կը կորուսի եւ վարագոյրը կ՛իջնէ իմ ետին,
այնտեղ կը մոռնամ ես դէմքերը քարերուն
եւ կը մոռնամ խոտերն իր` գլուխներով ասեղի,
որոնք կառչեցան լիճերու նեխած`
զովանալու անոնցմէ, երբ չկար որեւէ կաթիլ անձրեւի,
եւ կը մոռնամ ագռան ալ, որուն թառիլը
այնտեղ տեսանք արդարեւ. թառեցաւ ճիշդ հոն` փնտռելով լէշ մը – ո՛չ կեանք,
ոչ ալ մահ` քաղաքին մէջ այդ:

Կ՛ելլեմ ու կը մեկնիմ ամայաստանէն`
տխուր, անընկեր,
ինչպէ՞ս ունենամ` երբոր ծնունդն եմ ամայաստանի,
ուր եւ կախեցի, ճամբու ընթացքին, պատի մը վրայ
ես աստուածը իմ: Եւ աւազին մէջ,
ամուլ տառերու խաւարներուն մէջ
վար դրի զէնքս, փաթթեցի թեւը իմ իսկ գոյութեան
եւ ոճիրը ծրարեցի:
Ամայաստանի աւազներուն մէջ,
իմ նորածին աղջիկներս թաղեցի
եւ եղայ շիրիմ` ես անոնց համար.
ձեւազերծուեցաւ իմ դէմքս այնտեղ,
հեռացաւ ինձմէ
եւ ամէն քամի իրմով շրջեցաւ:

ԵՈՒՍԷՖ ԷԼ-ԽԱԼ   

Անկումը

Կ՛ապրիմ կրակին եւ ժանտախտին միջեւ
իմ լեզուիս հետ – աշխարհներուն հետ այս համը:

Կ՛ապրիմ խնձորի պտղաստանին եւ երկնքի
առաջին երջանկութեան եւ յուսահատութեան մէջ
Եւայի մը ձեռքերուն միջեւ –
ան է տէրը անիծեալ ծառին
եւ անիծեալ պտուղին:

Կ՛ապրիմ ամպերուն եւ կայծերուն միջեւ
քարին մէջ որ կը մեծնայ, եւ գիրքին մէջ
որ գաղտնիքներն ու անկումը կ՛ուսուցանէ:

ՈՒՆՍԻ ԷԼ-ՀԱԺԻՆ

Սկիզբ Մահուան

Մահը կը բարձրանայ աստիճանէ մը, ուսերն իր
կարապ են եւ կին

մահը կ՛իջնէ աստիճանէ մը, ոտքերն իր
կայծեր են եւ մնացորդներ
քաղաքներու հանգչած.

եւ անջրպետը, որ թեւեր էր, կ՛երկարի,
կ՛երկարի…

ԱՏՈՆԻՍ

Բառեր` Տանս Դրան

Տանս դուռը կան բառեր,
ովկիանոս է, որմէ կեանքին ես կ՛անցնիմ,
ան օրերը կը շալկէ եւ գիտէ,
որ իմ կեանքիս ծառան է.

ան իմ շուրջս խրախճանքը կ՛օղակէ
եւ կ՛աղօթէ:

ՇԱՈՒԳԻ ԱՊԻ ՇԱԳՐԱ

Մարմինին Շրջանառութիւնը

Լուսինը կանաչ էր
այդ առաւօտ

մարմինը խոտերէ էր առատ
խօսքերը տերեւներէ անաւարտ

լուսինը կանաչ էր
այդ կէսօր

մարմինը քաղաքէ էր ծոյլ
խօսքերը ուղիղ արմաւենիէն

լուսինը կանաչ էր
այդ երեկոյ

մարմինը սպիտակութենէ ընդարձակ
խօսքերը ստուերներէ դողդղացող

լուսինը կանաչ էր
այդ գիշեր

մարմինը մատներուն խաւարէն
խօսքերը գետնին ուշաթափութենէն

ՓՕԼ ՇԱՒՈՒԼ

Քարտէսներուն
Փտածութիւնը

Ամպը եւ թռչունը միասին չեն ժամաներ: Ըսէ՛ք Լիբանանի, որ պարտէզին մէջ,  մտատանջութիւնը անքուն ու առանձին կը սպասէ, բարեկամներն ու գիրքերը լոյսեր են հոն: Չյստակացաւ տակաւին մարմին մը ճենճերումին կամ արիւնին համար: Այցելուները կ՛իյնան ցնորքէն եւ ոչ թէ հրդեհէն, կողոպտուած աչքերով, որոնք իրենց պղտորութիւնը յափշտակեցին եւ ձգեցին զիրենք գաղտնիքներու ճամբուն վրայ, շատ մօտ պահուըտուքին: Գայթակղաբար կը բացայայտուին իրենց քունէն: Մեզ չարչարողներն են, առանց որ իրենց ձայները լսենք: Միայն խաւարումը իրենց դէմքերուն մեր հայեացքներուն տակն է: Իրենց նամակները երթալով կը նուազին, եւ երբ ա՛լ չենք յիշեր, մեզ կը քարկոծեն իրենց կողմնացոյցով: Զիրենք չճանչցող ամիսները ոտքի են կանգնած` առանց որ մեր քայլերը կրեն, քարտէսներուն փտածութիւնն է: Ըսէ՛ք Լիբանանի, որ կը տառապի իր բոլոր արժանիքներէն` համաճարակէն ա՛լ կայծ դուրս չի գար:

Համաճարակը իր արուները կը տարածէ: Սխալները առանց եղբայրներու են, նոյնպէս` երջանկութիւնը, որ ջարդուփուշուր եղաւ իր քունին մէջ: Եղի՛ր մոռացում, որ քու մոլորակդ ունենաս: Աստուա՜ծ իմ, մի՛ ըսեր, թէ ամպդ ուր պիտի ղրկես: Կարիք չկայ պատերը չորցնելու: Ազատութիւնն է, որ կը փակուի նարտի քարի մէկ հարուածով: Ընկերները միայն: Ամենակարծր պատիւը մեր կորուստներուն համար:

ԱՊՊԱՍ ՊԱՅՏՈՒՆ

Քայլ Մը Անդին

Դանակի սուր հարուածով մը
այս անգամ մաշկը հաւանաբար երկփեղկուի
եւ դուրս գան արիւնէս նժոյգներ
երակները երկնցած` անփութօրէն լքուած ոճիրի մը պէս
եւ քայլ մը անդին
սայթաքում մը որ կրնայ հրաշքներ գործել
որովհետեւ բոլոր հրաշքները
եւ կախարդութիւնները
ոտքի սայթաքումներ են:
Քայլ մը անդին
գործարանն է նեղուցին վրայ
հոն անվերջ նորոգութիւններ կան
եւ գինովներ մեղմ անձրեւին տակ
կը զուարճանան իրենց մատներով
պոռնիկին հետ նաւահանգիստի
քայլ մը անդին
ուր կը լուացուին հագուստները պատմութեան
կը փռուին ճամբու եզրին
եւ բոլոր տղամարդիկ հրացանները կը բարձրացնեն
կէտ մը նշանակելու համար:

ՈՒԱՏԻՀ ՍԱԱՏԷ

 Օրերն Ու Հսկաները

Ես կը սիրեմ յիշատակներն օրերուն, որոնք միայն կը քալէին, կը քալէին անգիտակից, թէ գրքի մը էջերուն իրենք եւս օր մը պիտի աւարտին: Ես կը սիրեմ յիշատակը աշխատունակ, միգամած ու խորասուզեալ ժամանակի շրջաններուն, որ տէր էին հսկաներուն, որ քալեցին, քալեցին, երբեւիցէ չգիտնալով, թէ գրքի մը էջերուն օր մը պիտի աւարտին:

Օրեր էին, որոնք գիտէին, թէ մեզմէ ազնուականներ չեն: Ու գիտէր ան, թէ մենք պիտի ըլլանք իրմէ աւելի ազնուական եւ անգիտանանք փառքը մեր թշուառութեան, հաւատքը մեր ստրկութեան, ունայնութիւնը մեր ազատութեան ու տակաւին` աղերսանքը մեր անկումին:

Ես կը սիրեմ յիշատակն ա՛յն օրերուն, որ պիտի գան: Նոյն այդ օրերը ներկայ…

ՈՒՆՍԻ ԷԼ-ՀԱԺ

 

Share this Article
CATEGORIES