Մայրիների Երկրի Ծիածանաբոյր Հմայքը

ՌՈԲԵՐՏ ԵՍԱՅԵԱՆ

Բանաստեղծ, գրականագէտ եւ թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանի ջանքերով կազմուեց ու հրատարակուեց մի բացառիկ գիրք` «Մայրիներուն ծիածանը» խորագրով: Գրքի խմբագիրն է Լեւոն Անանեանը: Գիրքը լոյս է տեսել Հայաստանի ԳՄ հրատարակչութեան տպարանում պետական պատուէրով եւ Լիբանանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի օժանդակութեամբ: Ուզում եմ առանձնայատուկ շեշտել Սարգիս Կիրակոսեանի կատարած ահռելի ու բարձրորակ աշխատանքը. նա ոչ միայն խորապէս ուսումնասիրել եւ հայերէն ճոխ ու հարուստ լեզուով թարգմանել է արդի լիբանանեան եօթը տաղանդաւոր բանաստեղծների ընտիր բանաստեղծութիւնները, այլեւ գրել է «Ուրուանկար` լիբանանեան արդի բանաստեղծութեան» առաջաբանը, հեղինակների ստեղծագործութիւնները բնութագրող ներածականներ եւ ծանօթագրութիւններ: «Մայրիներուն ծիածանը» իր խորհրդանշական խորագրով,- գրում է Ս. Կիրկոսեանը,- կը նպատակադրէ ըլլալ ամբողջական հանդիսարանը գրական նպատակասլաց շարժումի մը, որ սկսաւ 1957-ին Պէյրութի մէջ լոյսին եկած «Շը՛ըր» («Բանաստեղծութիւն») անուն զուտ բանաստեղծական յառաջապահ եռամսեայ հանդէսով եւ յեղաշրջեց դիմագիծն ու էութիւնը ո՛չ միայն անցեալ դարու 50-ական թուականներու լիբանանեան բանաստեղծութեան, այլեւ` արաբական ժամանակակից քերթողութեան»:

Գիրքը («Մայրիներու ծիածանը») բացւում է Եուսէֆ Էլ Խալի բանաստեղծութիւններով, որոնք ներհայեցողական պատարագ են, «ուր պատկերը ծնունդն է բանականութեան ու տեսիլքին հեռաւորութիւններուն յանդիման, զոր յաճախ երազ կը կոչենք»:

Արթնութեան պահուն`
ամառնային գիշերներու երազները ապրեցայ
եւ ամէն ու անմշակ վայրի մեղրէն ես իմ գահս շինեցի,
յաւերժացուցի քերթուածով մը զայն`
ներշնչուած կեանքէ մը լաւ սերտուած,
ուր ամէն բան ունի ժամանակ` սլաքին պէս ժամացոյցին,
եւ փոխ առի ոստումները թափառական եւ մտացիր եղնիկին,
որպէսզի ան ըլլայ կամուրջ` իմ ու երկինքին միջեւ.
որովհետեւ հրեշտակները երկնի եւ Գաբրիէլը նոյնիսկ
իրենց բառերը կը շաղեն իբրեւ հաց հանապազօրեայ:

«Ումրու՛ուլ Գայսին»

Եուսէֆ էլ Խալը համարւում է «արաբական արդի բանաստեղծութեան պատրիարքը:»:

Ատոնիսը համաշխարհային հռչակ վայելող այն բանաստեղծներից է, որի ստեղծագործութիւնները թարգմանուել են աւելի քան քսան լեզուներով: Բանաստեղծ, գրականագէտ, տեսաբան, քննադատ, խմբագիր, թարգմանիչ եւ դասախօս Ատոնիսը (Ալի Ահմետ Սայիտ) ինքն իրեն անընդհատ կատարելագործող այն հեղինակներից է, որ կայունը մերժելով` յայտնագործում է Անյայտի ոգին, բացայայտում անծանօթ եզրեր եւ հասնում անակնկալ ընդհանրացման: «Բանաստեղծական արդիականութիւնը, որեւէ լեզուի մէջ, առաջին հերթին նոյնինքն այդ լեզուին արդիականութիւնն է»: Բանաստեղծութիւնը հողմին ծաղիկն է» երգած Ատոնիս կ՛երեւակայէ գրել «ամբողջական քերթուած»-ին փոթորիկը, որ կը քանդէ գրական սեռերը իրարմէ անջատող պատերը, անցեալ, ներկայ ու ապագայ ժամանակները, տրամաբանութեան ու իմաստասիրութեան անշարժ պատնէշները եւ գիտութեան ու տեսիլին ողջագուրումով կ՛արարէ անսանձ շարժումին…», գրում է Ս. Կիրակոսեանը:

Այլեւս այս քաղաքը
հորիզոն չէ, այլ ծիր:
Պէտք է ուրիշ մը հիմնենք, որ զինք տեսնենք
եւ տեսնենք, որ կը տեսնենք զինք.

նայուածք մը, որ դեռ սաղմ է
եւ լեզու մը, որ ծածուկ է տակաւին

«Սկիզբ լեզուի»

 

«Արտասովոր խօսքի երկրպագուն» է Շաուգի Ապի Շագրան` լիբանանեան բանաստեղծական ակունքները նորովի վերածնող յեղափոխական բանաստեղծը, որը հիմնադրել է լիբանանեան գերիրապաշտութիւնը, որ «տեղայնական բնոյթ ու նկարագիր ունէր ե՛ւ իր միջավայրով, ե՛ւ առօրեայով, ե՛ւ հոգեբանութեամբ, ե՛ւ աշխարհահայեացքով ե՛ւ, մանաւանդ` իր բառապաշարով ու լեզուամտածողութեամբ»:

Խարկէ սուրճը
քաղէ երիցուկը եւ ծիրանին չիրը
անտառը քակէ ապարանջան առ ապարանջան
ցանէ շաքարաւազ ու մանուշակ
գոգնոցիդ վրայ
երկրին վրայ
ոսկիին ափսէին մէջ
եւս սկիւռը կը ծագի
կը թաւալի, կը թաւալի կը թաւալի
եւ տաբատը կը բարձրացնէ
եւ երկինքէն համրիչը վայր կ՛իյնայ

«Ոսկիին ափսէն»

 

Բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ խմբագիր Ունսի Էլ Հաժը, որ «ազատ բանաստեղծութեան սրբազան կրակին քուրմն է», «սաղմոսերգուն եւ խմբավարը իր արեան ու երազին սիրերգութեան համանուագին», բանաստեղծական հետաքրքիր ու անակնկալ ժողովածուներով («Չպիտի», «Հատուած գլուխը», «Գալիք օրերի անցեալը», «Առաքելուհին` մինչեւ աղբիւրները երկարող իր վարսերով», «Վեհաճաշը») ստեղծում է իր ուրոյն առասպելաշունչ աշխարհը, ոգու համանուագը, սիրոյ շրջապտոյտը:

Ճեղքուած հագուստիդ ծալքերէն
կը մեկնին
ստուերներն արձակ
եւ աչքերուդ սպիտակութենէն կը բաժնուին
պաղեր
սահմանները վերստին կը բացուին
եւ կը կղպեն զայն…

«Փակ դուռը»

Փոլ Շաւուլը` «նորարութեան նշաններուն խիզախ խորհրդակատարը», որի ստեղծագործական ճանապարհի համար մեկնակէտ էին «Շը՛ըր» հանդէսի նորարարական աւանդները, արաբական պոէզիայի տափաստանում ոգու մի հզօր փոթորիկ է, որ համանուագների եզրագծերով ամբողջացնում է տիեզերական որոնումների եւ տուայտանքների նորայայայտ պատկերը: «Արեան կողմնացոյցը պոէմում իւրովի եւ ինքնատիպօրէն արտայայտել է «հակասութիւնների ողբերգութիւնը», յուզիչ եւ խորը պատկերներով լուսաւորել ճշմարտութեան արահետը:

Արդեօք ան եւ նեղուցները պողպատին-մետաղը տառերուն-կեղեւը բունին մարմինէդ պոկուած-անցքը անքնութենէ տառապող կատուներուն- մեղրացումը ինքն իր շուրջ թաւալող գետին
արդեօք ան եւ անդամներդ անջատուած հոսքն են ակնթարթին տախտակին լարերուն մէջ
արդեօք ան եւ անդամներդ անջատուած հայրենիքի մը դիակն են ծովուն երեսին ծփացող

«Արեան կողմնացոյցը»

Ապպաս Պայտունը` «կորսուած ժամանակներուն առասպելը երգող բանաստեղծը», հրատարակել է 13 գիրք, իրեն հաստատել «առասպելաբանութեան ու հիացումին կշռոյթներով»:

«Ներկայութեան եւ բացակայութեան հակադիր բեւեռներուն միջեւ զարգացող այս տարբերումը,- նշում է Ս. Կիրակոսեանը,- ծնունդ կու տար նոր գոյավիճակներու եւ բանաստեղծ մարդը ինքզինք կը գնէ կոյս ու հետաքրքրական աշխարհներու աղբիւր հաւանականութեանց դէմ յանդիման: «Կեանքը դրացուհիս է» յայտարարած բանաստեղծը կը փորձէր դուրս գալ պահանջին, պարտադրանքին եւ տրամաբանութեան վայրացեալ թակարդներէն, սակայն, անհեթեթին անառիկ պարիսպներուն բախելով` կը խոստովանէր ահաւորութիւնը մերօրեայ դժբախտ մարդուն ճակատագրին` «Անունս կը գնդակահարուի դրան ետին»:

Կը նստիմ շրջապատուած
բոլոր անոնցմով
որոնք զիս ըրին
միայնակ:

«Անոնք»

Ուատիհ Սաատէի թախծաշունչ պոէզիան յուզիչ ալիքաւորումներով կ՛ընկղմուի հոգուդ մէջ, հոգեհարազատ կենսաթրթիռներ ծնելով լայնածածան համբերութեամբ:

Այս ջուրերը
մարմինին մէջ կը բանան նեղուցները գիշերուան
այս ջուրերը եւ այս նաւակները
կ՛առաջնորդեն կոյրերը
որոնք իրենք զիրենք մոռցան լոյսին մայթերուն
եւ մոռցան
բարձրացնել ուռկանը տարիքին

«Գիշերը եղբայրներ չունի»

Ու. Սաատեն իր ինքնատիպ ու վարակիչ պոէզիայով կ՛արարի իր ժամանակը, «իր ապրումներուն ու հոգեկան շիկացումներուն թարմաշունչ ժամանակը»:

«Մայրիներուն ծիածանը» գիրքը մի անակնկալ է հայ ընթերցողի համար, երեւոյթ` թարգմանական ասպարէզում, որ ազդեցիկ ու ճոխ լեզուով իրականացրել է տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրականագէտ եւ թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանը` լիբանանեան պոէզիայի խորը եւ անկրկնելի պատկերացումներն ու փարատոքսալ միացութիւնները հաղորդելով հայ ընթերցողին, միաժամանակ` ընդլայնելով պոէտական արուեստի սահմաններն ու հնարաւորութիւնները, տարածելով Մարիների երկրի ծիածանաբո՜յր հմայքը:

Օգտուելով առիթից, ուզում եմ Սարգիս Կիրակոսեանին առաջարկել (հնարաւորութեան դէպքում) արաբերէն թարգմանել եւ արաբ ընթերցողին ներկայացնել Արցախի ժամանակակից եօթ բանաստեղծների լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, որպէսզի մայրիների երկրի ծիածանաբոյր արարումներին խառնուեն եւ երա՜նգ ու բո՜յր հաղորդեն արցախեան ոգու խաչքարալոյս պոռթկումները:

 

ք. Շուշի

Share this Article
CATEGORIES