Երեւանի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք Հրավառութիւնը Եւ Պարերը Դիտելէ Ետք
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Իսկական համաժողովրդական տօն էր ապրիլ 23-ի լուսաւորուած պայծառ գիշերը, Մատենադարանի բարձունքին եւ այնտեղէն դիտուած` Մաշտոց պողոտայի ամբողջ երկայնքը, ուր հարիւրաւորներ տարբեր ազգերու պարերով կ’ողջունէին իրադարձութիւնը: Ներկայ էին` նախագահը, վարչապետը, նախարարներ, բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչներ, նոյն օրերուն Հայ գրողներու համագումարին մասնակցողներ, արուեստագէտներ, հայ եւ օտար:
Երեւան հռչակուեցաւ 2012-ի ԳԻՐՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ: Հպարտութեան առիթ եւ մարտահրաւէր, Մատենադարանի առջեւ գտնուողներուն, եթէ կ’ուզէք` աւագանիին, բայց նաեւ Մաշտոց պողոտային վրայ պարողներուն, եւ անոնցմէ անդին` հայրենաբնակներուն եւ սփիւռք(ներ)ի հայութեան: Լոյսերը եւ բեմադրութիւնները հոգեպարար են: Այնքա՛ն: Սովորաբար յաջորդ օրը կը վերսկսի նախորդի պատկերով եւ շնչառութեամբ:
Նոյն օրերուն Հայ գրողներու միութեան համագումարը տեղի կ’ունենար:
Պատկեր. հարիւրաւոր գիրքեր լոյս տեսած էին եւ կը տրուէին ներկաներուն:
Խոստովանութիւն. հեղինակներէն ոչ իսկ մէկը կը մտածէր գիրքը վաճառելու մասին, ոչ թէ այդ ցանկութիւնը կը պակսէր, այլ պարզապէս անոր համար, որ գիրք գնող եւ ընթերցող հազուագիւտ դարձած էին:
Հայ գիրքը ժամանակակիցներուս ազգային կարեւոր խնդիրներէն մին է, պէ՛տք է ըլլայ: Թերեւս ան խնդիր է Սիզիփոսի առասպելը ապրող եւ կրկնող մեմասնութեան մը մէջ խեղդամահ եղող եւ իր գրածը տպուած տեսնելով երջանկացող փոքրամասնութեան մը համար:
Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գիրքեր կը հրատարակուին, բայց` չնչին տպաքանակով, մեկենասներ կը հոգան ծախսերը, բայց գնող-ընթերցող զանգուածը կը նօսրանայ: Նօսրացումը անգամ դրական պատկեր է: Կը սպառին դպրոցական եւ մանուկներու յատուկ գիրքեր: Գրական երկերը ընդհանրապէս նուէր կը տրուին: Նոյնն է ճակատագիրը պատմութեան եւ արուեստի վերաբերող հրատարակութիւններու:
Գրատուները կը փակուին: Օրինակ, զարմանալի կրնայ թուիլ, Ֆրանսայի նման հոծ համարուող գաղութը ոչ իսկ մէկ հայկական գրատուն ունի: Միակը, ուր դեռ կարելի է հայերէն կամ հայութեան մասին գրականութիւն գտնել, Սամուէլեան «Արեւելեան գրատուն»-ն է: Նոյնիսկ Լիբանան եւ Լոս Անճելըս դեռ գոյութիւն ունեցող գրատուները կը տեւեն դասագիրք եւ յուշանուէրներ («կաճեթ»-ներ) վաճառելով:
Կ’ըսենք, որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք: Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր ըսել` էինք:
Բանաստեղծ մը տարիներ առաջ գիրք հրատարակեց 200 տպաքանակով, ի հարկէ` մեկենասութեամբ, արձանագրելով, որ գիրքը նուէր կը տրուի հեղինակի բարեկամներուն: Գիրքի շնորհահանդէսներ կ’ըլլան, եւ հեղինակը կը մակագրէ գիրքերը, մարդիկ կը սպասեն, որ նուէր ստանան, երբեմն կը գտնուին բացառութիւններ, որոնք գիրքը կը գնեն: Հեռու վայրերէ մարդիկ կը փափաքին գիրքը ստանալ, եւ հեղինակը պարտաւոր կ’ըլլայ առաքման ծախսն ալ հոգալ:
Հայերէն գրական գիրքեր կը տպուին Հայաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ երբեմն ալ` Հիւսիսային Ամերիկա: Հեղինակները ոչ մէկ յոյս կրնան ունենալ, որ մէկ գիրքի ապահոված եկամուտով երկրորդը կրնայ հրատարակել: Ֆրանսայի մէջ, «Յառաջ»-ի փակուելէն ետք, հայերէն գիրքի տպագրութիւն ծանօթ չէ ինծի: Հեղինակները իրենց գիրքերը կը տպեն Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա կամ Հիւսիսային Ամերիկա: Գիրքի հրատարակութենէն ետք դէմ յանդիման կը գտնուինք փոխադրութեան եւ ցրւումի հարցին, քանի որ գիրքերու առաքումը ծախսալից է: Հետեւաբար, գիրքերը կը մնան փակ շրջանակի մէջ: Համադրական ոչ մէկ նախաձեռնութիւն գոյութիւն ունի իրականացնելու համար ցրուումը:
Վենետիկի երախտաշատ տպարանը չի գործեր այլեւս, եւ ոչ ոք կ’անհանգստանայ:
Անթիլիասը հրատարակեց հայ հին գրականութեան բազմահատոր շարքը, բայց առաքման հարց կայ, քանի որ առաքումը ծախսալից է:
Թարգմանական կամ օտարալեզու հրատարակութիւններու խնդիրը երբեմն յուզիչ կը թուի ըլլալ: Անցեալին, երբ հայ հեղինակի գործը կը թարգմանուէր, այդ կ’ըլլար հայ գրականութիւնը ծանօթացնելու համար օտարին: Հիմա այդ թարգմանութիւնը թէական կերպով որպէս թիրախ ունի հայածնունդները: Իբր թէ լեզուի արգելքը յաղթահարելով` գրականութիւն կարելի կ’ըլլայ հասցնել անոնց: Բայց կը հետաքրքրուի չնչին փոքրամասնութիւն մը:
Քանի մը տասնամեակէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ կը գործէ «Փարանթեզ» հրատարակչութիւնը, որ հայկական բաժին ունի` ֆրանսերէնով գործերու եւ թարգմանութիւններու: Իւրաքանչիւր գիրքի տպաքանակը 2000-էն 3000-ի միջեւ կը տարուբերի: Ուրիշներ ալ կը զբաղին գիրքերու ֆրանսերէնի թարգմանութեամբ : «Փարանթեզ» հրատարակչութեան սպառած գիրքերուն կէսը հայերու կողմէ կը գնուի, միւս կէսը` ոչ հայերու: Հրատարակչութիւնը կը փորձէ ցրուումը ապահովել, նաեւ` ոչ հայկական շրջանակի մէջ, ֆրանսախօս երկիրներ, սպառումը դանդաղ է եւ պահեստին մէջ կը մնան մեծ թիւով գիրքեր: Այժմ կը մտածէ թուայնացման մասին:
Այսինքն հայերէն գիրքը հեղինակին համար սիրոյ տուրք է եւ իր գրիչով կարենալ ապրելու ոչ մէկ կարելիութիւն ունի հայ հեղինակը: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայ գրականութեան զարգացումը եւ հայ գիրքի տարածումը նիւթական օժանդակութեան կը կարօտին, ինչ որ ոչ մէկ տեղ օրակարգ է: Փողոց թափուելիք թռուցիկներու, որմազդներու եւ քարոզչական պրակներու համար կարելի է դրամ յատկացնել, բայց ոչ` ազնիւ գրականութեան: Հարցը ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ ամպագորգոռ ժողովի օրակարգ է: Մինչդեռ տոկալու, տեւելու, միացնելու, իրաւունք հետապնդելու համար ինքնութիւն պէտք է, ոգի, եւ այդ ոգին գրականութեան մէջ պէտք է գտնեն ժողովուրդը եւ անոր բարձրամակարդակ գիտակցութիւն ունեցող «ղեկավարութիւններ»-ը: Եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարին հինգ գործի հրատարակութիւնը յանձն առնէր, եթէ հայ մշակութային եւ քաղաղաքական կազմակերպութիւններու իւրաքանչիւր անդամ տարին երկու գիրք գնէր, եթէ իւրաքանչիւր հայ տարին մէկ գիրք գնէր… Երեւակայեցէ՛ք հայ գրողին ընծայուած առանց ճառի իսկական պատիւը…
Գիրքի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին: Կը տպաւորուինք, բայց գիրքերու սպառումը ոստում չի կատարեր:
Առաւել, սփիւռքի մէջ լոյս տեսած գիրքերը Հայաստան չեն հասնիր, կամ եթէ հասնին, անոնք կու գան հեղինակի ճամպրուկով: Հայաստան լոյս տեսած գիրքերը երբեմն կը հասնին սփիւռք` գրական հետաքրքրութիւն ունեցողներու ճամպրուկով:
Կլենտէյլի գրատան պաշտօնեային հարցուցէք, թէ ի՞նչ տարիքի հայեր հայերէն գիրք կը գնեն : Հարցուցի. բախտաւոր պարագային` յիսունը անցածներ:
Ֆրանսայի մէջ երբեմն կը հանդիպիք, կիրակնօրեայ պատարագէն ետք, եկեղեցիի կողքի սրահին վաճառքի դրուած գիրքերու եւ անխուսափելի «կաճեթ»-ներու:
Իսկ առանց սպառող գիրքի եւ այդ գիրքը սպառող զանգուածի` գրականութիւնը կը դառնայ մենախօսութիւն:
Քանի մը տարին անգամ մը, բաժակ մը ջուրի մէջ ստեղծուած փոթորիկի պէս, կ’իմացուի հայ հեղինակի մը մասին, ի հարկէ` հայագիր (քանի որ օտարագիր գրականութիւնը այդ միւս լեզուի ազգի ժառանգութիւն է, նոյնիսկ երբ հեղինակը հայածնունդ է) միջազգային մրցանակի ներկայացնելու մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է միջազգային մակարդակով անծանօթ, միջազգային գնահատումներու եւ դատումներու չարժանացած հեղինակին համար նման փառասիրութիւն ունենալ: Ճափոնցին, չինացին, մեքսիքացին, եգիպտացին, եւ ուրիշներ, կը թարգմանուին բազմաթիւ լեզուներու, անոնց գիրքերը հարիւրհազարաւոր տպաքանակով կը հասնին աշխարհի բոլոր գրախանութները, թերթեր եւ հեռատեսիլ կ’արձագանգեն, համալսարաններու մէջ կը քննուին եւ կ’ուսուցուին:
Հայ գրականութեան որակաւոր ծանօթացման եւ հայ հեղինակի գիրքին իսկական տարածման ո՛չ ռազմավարութիւնը ունինք եւ ո՛չ ալ մարտավարութիւնը: Ինչո՞ւ չունինք: Կրնա՞նք ունենալ: Այս խնդիրը, որ մեր ոգեկանութեան կը վերաբերի` որպէս ինքնուրոյն ազգ տեւելուն, մի՞թէ արժանի չէ համազգային խորհրդաժողովի մը, ոչ միայն գրողներու: Հայու ոգեկանութեան վերականգնումը խորհրդաժողով մը չ’արժեր` մեր բազմատեսակ աւագանիներու մասնակցութեամբ: Պղատոն Սոկրատի ըսել կու տար, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները: Եթէ պատասխան ալ չունինք, գէթ հարցումը երբեմն բաձրաձայն կրկնենք: Թերեւս պայծառատեսութեան պահու մը պատասխան տուող մը կ’ըլլայ:
Բանաստեղծուհի մը օր մը ընդվզումով ըսաւ հետեւեալը. կը բաւէ, որ մէկը անգլերէն էջեր մրոտէ հայութեան մասին, քաղաքէ քաղաք եւ դռնէ դուռ կը պտտցնենք ու կ’աղմկենք, հայերէն գիրքը լոյս կը տեսնէ, կարծէք` գաղտնի գրականութիւն ըլլայ:
Յարգելի անձ մը, յայտնի անուն, գիրք մը գրեց ֆրանսերէն, ընտանիքի պատմութիւն, յուշագրութիւն, լսուած եւ ծամծուած նիւթով. գաղթ, ջարդ, տառապանք: Քանի մը անգամ տասը շնորհանդէսներ կազմակերպուեցան, քանի մը անգամ ալ հայերէնի թարգմանեցին, բայց քիչեր կարդացին գիրքը: Մեծանուն յաջողած անձ էր, գիրքերը, գէթ ֆրանսերէնը, մարդիկ գնեցին եւ մոռցան:
Եւ հիմա նոր տխրութիւն մըն ալ կայ, քիչ մը ամէն տեղ: Դեռ կարգ մը տուներու գրադարաններուն մէջ հայերէն գրադարաններ կան: Ազնիւ մարդիկ դպրոցի մը կամ միութեան կու տան այդ գիրքերը, որովհետեւ իրենցմէ վերջ այդ գիրքերը ընթերցող պիտի չունենան: Այլապէս զանոնք կը գտնէք փողոցի դրան առջեւ դրուած աղբամանին մէջ:
Միթէ հայերէն գիրքը միայն մատենադարանի զա՞րդ պիտի ըլլայ: Մատենադարանին առջեւ տօն էր, Երեւան գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած էր:
Այս ամփոփ նշումները ամբողջական պիտի չըլլան, եթէ չխօսինք մամուլի մասին. թերթեր, ձայնասփիւռներ, հեռատեսիլ: Ֆրանսայի մէջ աւանդութիւն ունեցող «Յառաջ»-ը փակուեցաւ` իրեն հետ տանելով հայ գրական-մշակութային-լեզուական բծախնդրութիւնը: Երկօրեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Նոր Յառաջ»-ը, որ նախկինի շարունակութիւնը չէ, բայց հայերէնը կը բերէ տուները: «Նուվել տ’Արմենի» որակաւոր ֆրանսերէն «մակազին» է, լրատուութիւն կը կատարէ, հետաքրքրասիրութիւններու սահմանին վրայ կը մնայ: «Ֆրանս-Արմենի»-ն նոյնպէս, ուր երբեմն հայերէն էջերու կը հանդիպինք, որոնք արտատպումներ են, քաղաքական-քարոզչական բովանդակութեամբ: Ուրիշ հրատարակութիւն մը` «Ազատ Հայ», ֆրանսերէն, ուր կը գտնենք պատահական հայերէն էջեր, զորս արտատպում անգամ կարելի չէ կոչել, նկարուած եւ տպուած հայաստանեան գրութիւններ, համակարգիչի լեզուով` «քոփի-քոլլէ»: Եկեղեցին ունի իր համացանցային տեղեկատու թերթը: Կը գործեն նաեւ շրջանային ձայնասփիւռի կայաններ,` հայերէն եւ ֆրանսերէն հաղորդումներով: Նոյնն է կացութիւնը ամէնուրեք: Ամերիկայի հայկական հեռատեսիլի կայանները, մոռցած դասական կոչուած սփիւռքի արեւմտահայերէնը, զայն անտեսելով, անտեսելով արեւմտահայ ժողովուրդի ոգեկանութիւնը կրող լեզուն, երեւանեան արեւելհայերէնով հաղորդումներ կ’ընեն:
Մատենադարաններ կան Հայաստան եւ սփիւռք: Յիշատակ եւ ժառանգութիւն ամբարող կեդրոններ, ուր կու գան հազուագիւտ մասնագէտներ:
Կարգախօսային քաղաքական քարոզչութիւնը կը թուի խցած ըլլալ հայերէնի եւ գրականութեան զարգացման դռները, մինչդեռ անցեալին հայ թերթը հայ գրականութեան տնկարանն էր. յիշել` ՄՇԱԿ-ը, ՀՈՐԻԶՈՆ-ը, ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ-ը, ՅԱՌԱՋ-ը եւ այլն: Առանց ՄՇԱԿ-ի Րաֆֆի կ’ունենայի՞նք, առանց ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ-ի Զարդարեան եւ Զօհրապ կ’ունենայի՞նք, առանց ՅԱՌԱՋ-ի Նարդունի կ’ունենայի՞նք:
Հայ գիրքը յիշատակի զարդ է փոքրամասնութեան մը համար, հին սերունդի մարդիկ, կամ` միջինարեւելեան երկիրներէն գաղթածներ: Իսկ թարգմանական գրականութիւնը ստեղծագործական գրականութիւն չէ, բախտաւոր պարագային ինքնահաստատման միջոց է, ոչ իսկ օտար միջավայր մուտքի:
Ֆրանսական հրատարակչատուն մը լոյս ընծայեց Հրանտ Մաթեւոսեանի գիրքը քանի մը հազար տպաքանակով: Չվերահրատարկեց: «Փարանթեզ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Պերճ Զէյթունցեանի գիրքը կրկին քանի մը հազար տպաքանակով: Այդքա՛ն:
Իսկ հայերէն գիրք հրատարակելը պերճանք է: Մինչեւ ե՞րբ… Եւ ո՞ւր կը հասնինք:
Աշխարհի տասը միլիոն հայերը տարեկան մէկ գիրք եթէ գնէին… Փորձենք եզրակացնել:
Հպարտացանք: Մեր մայրաքաղաքը հռչկուեցաւ ԳԻՐՔԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ: Ուրախառիթ լուր մը:
Ե՞րբ պիտի ըսենք, թէ հայ ժողովուրդը օրինակելի կերպով ընթերցող ժողովուրդ է, որպէսզի անոր համար ալ հաւաքուինք եւ հրավառութիւններ ընենք:
Կը թուի, թէ շռնդալից յայտարարութիւնները կը գինովցնեն: Բայց մեզ կը մեծցնե՞ն խորքով…
«Թամ-թամ»-էն եւ «թամաշա»-էն առաջ եւ վերջ` պատասխանող կը փնտռուի:
Երեւան-Նուազի-լը-Կրան
Ապրիլ 2012

