«Զօրաւոր Քացախը Իր Իսկ Կուժը Կը Ճաթեցնէ»
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժողովրդային բարբառին մէջ տեղ գտած ասոյթները, առածները, պատկերները եւ օրինակները որքա՜ն դիպուկ են ու խօսուն, կարծես իրենց մէջ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն: Ասոյթներ «ստեղծող»-ները ընդհանրապէս ժողովուրդին համեստ խաւի մարդիկը, այս պարագային գիւղացիներն են եղած, որոնք իրենց պարզութեամբ ու հեզութեամբ եւ առանց շահադէտ նպատակի ու հասցէագրումի արտաբերած են զարմանազան ու սրտախօսիկ առածներ, որոնք առ այսօր մեր կենսընթացին մէջ իրենց այժմէականութիւնը եւ ուժգնութիւնը պահած են:
«Զօրաւոր քացախը իր իսկ կուժը կը ճաթեցնէ» խօսքը ամէնէն շատ օգտագործուած առածներու շարքին կարելի է դասել: Երբ կը տեսնուի անձ մը, որ նախանձով, եսապաշտութեամբ, ինքնահաւանութեամբ, ինքնասիրութեամբ, յաչաղանքով, դժկամութեամբ, յոռետեսութեամբ լեցուն է, անմիջապէս քացախի առածը կը մտաբերուի ու կ՛արտասանուի` պարզապէս տուեալ անձին մէջ ցոյց տալու անոր նկարագրային ախտաւոր կէտը:
Դարերու ընթացքին մարդիկ քացախը օգտագործած են թէ՛ որպէս համեմ` կերակուրը աւելի համեղ դարձնելու համար եւ թէ՛ որպէս դեղամիջոց: Միջին դարերուն քացախը կը գործածուէր մանրէազերծման գործողութեան ժամանակ: Օրինակ, բժիշկներ ո՛չ մէկ հիւանդի քով կ՛երթային` առանց իրենց ձեռքերը քացախով մաքրելու: Մանաւանդ հին Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ տեղւոյն բժշկագէտները գիտէին քացախի առողջարար յատկութիւնները եւ լայնօրէն կը կիրարկէին զայն իրենց բժշկութեան ընթացքին: Իսկ այսօր գիտութիւնը քացախի օգտաշատ արդիւնքները կը տեսնէ մարսողական, կազմախօսական, բնախօսական, սրտանօթային համակարգերու եւ այլ հիւանդութեանց բժշկութեան մէջ: Սակայն, երբ քացախը շատ կ՛օգտագործես, երբ քու ծայրայեղ գործածութեամբդ անոր դրական ազդեցութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնես, այն ատեն կազմախօսական բոլոր օրկաններդ կրնաս վնասել եւ տեղի տալ բազում անդարման հիւանդութեանց:
Պարզունակ գիւղացին այս օրինակէն մեկնելով` աղերսած է զայն մարդուն հոգիին, նկարագրային գիծերուն եւ նմանակած մարդուն վարուելակերպին, առանձնական ու համայնական կեանքին: Մարդն ալ քացախի պէս կրնայ չարազդեցիկ վտանգներ պատճառել իր չորսդին, սակայն իր քաղցրանուշ խօսքերով ու օրինակելի ապրելաձեւով միաժամանակ կրնայ դառնալ խարխափող մտքին, շուարած կամքին, մթագնած հոգիին յոյս ներշնչող, չարախինդ մոլութեանց մէջ տուայտողին համար` առաքինութիւն սերմանող, սրտակեղէք թշուառականներուն համար` առկայծող լոյս, յուսալքուած անհատին համար` ամոքիչ սպեղանի մը:
Քացախանման նկարագիր ունեցողները իրենց թերութիւններով եւ չարախոհ մտածումներով նախքան ուրիշը վնասելը, իրե՛նց անձն է, որ կը կործանեն ու կը դառնան գործիք` սատանային: Նմանօրինակ անձնաւորութիւններ իրենց ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԵԱՆ պատճառով, դժուարութեան, յուսախաբութեան ու դժբախտութեան հագուստները հագած` իրենք իրենց մութ աշխարհ մը ստեղծած են եւ «ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՍԵՒ Է» (իրենց կողմէ) նիւթուած նշանախօսը պատրուակելով, դադրած են իրենց կեանքը ապրիլ` հեռու մարդավայել արժեւորեալ չափանիշներէ:
Հոգեբանական պրիսմակէն դիտած` յոռետեսութիւնը ունի ե՛ւ դրական, ե՛ւ ժխտական կողմեր, որոնք պատճառ դարձած են շարք մը տարակարծութիւններու եւ վարկածներու: Հոգեբաններու խումբ մը յայտնած է այն կարծիքը, թէ անոնք, որոնք կ՛երեւակայեն իրենց նպատակներն ու երազները իրագործել, բայց հնարաւորութիւնը կամ կարելիութիւնը չունին զանոնք կեանքի կոչելու, նախընտրած են յոռետեսութիւնը, որպէսզի ոեւէ մէկը յանկարծակի հիասթափումի վիճակին մէջ չգտնուի: Ասոր դիմաց, երկրորդ խումբի հոգեբաններ յոռետեսութիւնը հիւանդագին վիճակ համարած են, որ կրնայ իր կարգին պատճառել բազում հոգեկան հիւանդութիւններ եւ յառաջացնել բարդոյթներ, որոնց հետեւանքներն ու ազդեցութիւնները ապագային կրնան երեւան գալ: Հիտըր Պէրի Քեփս եւ Կապրիէլ Էօթինկըն հանրայայտ հոգեբաններ, երկար ուսումնասիրութենէ ետք, տարբեր տեսակէտ մը յայտնած են եւ ապա ցուցանշած յոռետեսութեան ձախաւեր ազդեցութիւնը մարդ արարածին հոգեկանութեան վրայ` ըսելով. «Այն անձերը, որոնք անորոշ ապագայով կը յուսադրուին եւ կամ անհասանելի բարձունքներ նուաճելու յոյսեր ունին, եւ միշտ լաւատեսութեամբ կը դիտեն իրենց ապագան, շատ աւելի դիւրութեամբ կը հասնին իրենց դժուարահաս թուացող երազներուն, որովհետեւ ա՛յդ համոզումներով տոգորած եւ զսպանակած են իրենց անձերը: Իսկ այն մարդիկը, որոնք «իտէալականացած» ապագայ մը կերտած են իրենց իսկ հայեցակէտով եւ օրինաչափութիւններով, ժամանակի ընթացքին այդ գոյացած եռանդը կը խամրի եւ ապա կը չքանայ»:
Եթէ յոռետես ես կամ ինքնավստահութեան պակասէն կը տառապիս, եթէ երբեք յուսալքուած ես կամ ընկերոջդ ունեցածին կը ցանկաս, եթէ կը կարծես կեանքիդ մէջ որեւէ մէկ ձեռնարկած գործդ ձախողութեան պիտի մատնուի կամ յաջողութեամբ պիտի չպսակուի, ամբողջապէս սխալ ընթացքի մէջ ես: Յոռետեսութեամբդ դուն քեզ կ՛իրաւազրկես, գիտակցաբա՛ր ցեխին մէջ կը նետես Աստուծոյ կողմէ քեզի ընծայուած կեանքը, ուրիշներու դատարկ հարցերով կը չարչրկես քու ամբողջ միտքդ, կը տանջես դուն քեզ այլոց բարձրացումով, փոխանակ դուն ինքդ բարձրանալու: Յոռետեսութեան հականիշն է ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ: Լաւատեսութեամբ կրնաս համակ կեանքդ փոխակերպել եւ գերերջանկութեամբ ողողել քու, ընկերոջդ եւ շրջապատիդ կեանքը: Առ այդ, այսուհետ լաւատե՛ս եղիր, որովհետեւ կեանքը լի է նորանոր միջադէպերով, հնարաւորութիւններով, յաջողութիւններով եւ բարիքներով: Յուսա՛, որովհետեւ յոյսը ամօթով չի ձգեր (Հմմտ. Հռ 5.5): Երազէ՛, հետապնդէ՛ եւ իրագործէ՛ զանոնք, որովհետեւ քու խրոխտ կեցուածքովդ, յարադէտ եւ նպատակասլաց ընթացքովդ կրնաս դիմակայել բոլոր արգելակումներն ու խոչընդոտները: Ժամանակ մը ետք, երբ յետադարձ ակնարկով մը նայիս դէպի քու անցեալիդ, պիտի տեսնես, որ անիրագործելի երազներդ կեանքի կոչուած են եւ վերածուած` իրականութեան:
«Զօրաւոր քացախ»-ի համանման նկարագիր ունեցողները ո՛չ միայն յոռետեսութեան հոգեհիւանդութեամբ կը պարապին, այլեւ յանձնապաստանութեան, ինքնատեսութեան, եսակուրութեան եւ մանաւանդ հպարտութեան մոլութեամբ հետզհետէ աւելի եւս կը տագնապին ու կը տագնապեցնեն իրենց նմանակիցները: Այսպիսիք կը սիրեն ուրիշներուն թերութիւնները մատնացուցել, եւ սակայն իրենք չեն ուզեր, որ մէկը ցոյց տայ իրենց սխալները: Կ՛ուզեն, որ իրենց եղբայրը խստութեամբ յանդիմանուի, խայտառակուի ու պախարակուի, բայց չեն ուզեր յանդիմանութիւն լսել կամ գէթ իրենց «մաքրամաքուր» անունը արատաւորել: Զգայուն կը ձեւանան, չեն կրնար համբերել ու դիմադրել իրենց անձին դէմ կատարուած «յերիւրածոյ» բամբասանքները, զրաբանութիւններն ու «զրպարտութիւն»-ները, բայց չեն մտաբերեր իրենց դրացիին հասցէին կատարած ստայօդ դատարկախօսութիւններն ու ցեխարձակումները: Բարեկա՛մ, Աւետարանի խօսքը կ՛ըսէ, թէ ինչ որ կ՛ուզես, որ մարդիկ քեզի ընեն, դուն ալ նոյնը ըրէ անոնց (Հմմտ. Մտ 7.12: Ղկ 6.31): Ճիգ թափէ համբերութեամբ տանելու եղբօրդ աննկատ թերութիւններն ու տկարութիւնները, ինչ որ ալ ըլլան անոնք, որովհետեւ դուն ալ նոյնատիպ թերութիւններ ունիս: Դուն քեզ մի՛ տեսներ, այլ ինքզինքդ դիտէ ներքին հայելիիդ` խղճիդ դիմաց, որպէսզի գիտնաս քու մեղանչականութիւնդ եւ անկատարութիւնդ:
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքը մրցապայքար մըն է, որուն մէջ մենամարտողները տարբեր նկարագրի տէր մարդիկ են: Մրցապայքարին մասնակցողները կարելի է երկու խումբի տարանջատել: Առաջին խումբը յոռետեսներն են, որոնք մրցապայքարը կորսնցնելու մտավախութենէն տարուած` չեն կրնար թատերաբեմին վրայ կանգնիլ եւ ոչ իսկ մաքառիլ իրենց թշնամիին դէմ: Իսկ երկրորդ խումբին պատկանողները լաւատեսներն են, որոնք նպատակակէտ ու նշաւակ ունենալով, ոգի ի բռին մինչեւ մահ կը կռուին` ի խնդիր իրենց յաղթանակին ձեռքբերման: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Մրցադաշտին վրայ վազքի մասնակցողներուն օրինակը գիտէք, չէ՞: Վազելը` բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի: Դուք ալ այնպէս վազեցէք, որ մրցանակին հասնիք» (Ա.Կր 9.24):
Յոռետեսութիւնդ զօրաւոր քացախի նման վնասներ կը պատճառէ թէ՛ քեզի եւ թէ՛ շրջապատիդ, քեզ մտակորոյս կ՛ընէ եւ սիրտդ կը ճաքեցնէ, այնպէս` ինչպէս թանձրացեալ քացախը: Ըսուած խօսք է, թէ` «Յոռետեսը այն անձն է, որ իր իսկ ձեռքով իր կեանքին խաչմերուկներուն դժուարութիւններ կը բարդէ, մինչ լաւատեսը ելք մը կը փնտռէ դուրս գալու համար այդ վաղանցուկ դժուարութիւններէն» (Հերի Թրուման):
Քացախի՞ նման կ՛ուզես կեանքդ ապրիլ, թէ՞ ոչ քաղցրաբարութեամբ ու լաւատեսութեամբ կեանքդ դրսեւորել: Եթէ այո, ուրեմն միշտ յիշէ՛, թէ զօրաւոր քացախը իր իսկ կուժը կը ճաթեցնէ:

