Հայկական Հարցերու Շուրջ Միջազգային Օրէնքի Երկու Մասնագէտներու Կարծիքները

Փետրուարի վերջաւորութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած «Ճանաչումէն փոխհատուցում» միջազգային գիտաժողովի առիթէն օգտուելով, կապ հաստատեցի խորհրդաժողովին մասնակից կարգ մը միջազգային մասնագէտներու հետ` անոնց ուղղելով հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու շուրջ միեւնոյն երեք հարցումները, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրէնքին եւ Հայոց ցեղասպանութեան փոխհատուցման թղթածրարի պատրաստութեան:

Որոշ ատեն ետք Նափոլիի «Լ՛Օրիանթալ» համալսարանի փոխնախագահ փրոֆ. Ճիզեփէ Քաթալտի եւ քանատական ՄքՔկիլ համալսարանի դասախօս Ֆրետերիք Մեկրէ ե-նամակով ուղղած հարցումներուս հետեւեալ պատասխանները տուին.

«Ազդակ».- Քոսովոյի եւ Հարաւային Սուտանի նախադէպերէն,Լեռնային Ղարաբաղի, Աբխազիոյ Հարաւային Օսեթիոյ պարագաներէն եւ սկովտիական անկախութեան հեռանկարին լոյսին տակ ինչպէ՞ս կը գնահատէք հողային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները: Արդեօք նշեալ զարգացումները միջազգային օրէնքին մէջ այդ սկզբունքներուն կարգավիճակը կը փոխե՞ն:

Փրոֆ. Ճիզեփէ Քաթալտի.- Ըստ իս, պետութեան գերիշխանութեան համար ճգնաժամային այս ժամանակաշրջանին մէջ իսկ պետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը նոյնքան կշիռ ունի, որքան, ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Ընդհանուր առմամբ, հոն, ուր երկու սկզբունքներուն միջեւ լարուածութիւն գոյութիւն ունի, լուծումը «ներքին ինքնորոշում» է. այսինքն` փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու պետութեան պարտաւորութիւնը եւ փոքրամասնութեանց իրենց մշակոյթին համաձայն գոյատեւելու արտօնութիւնը: Միջազգային օրէնքին կողմէ ինքնորոշման իրաւունքին տրուած իրաւական արժէքը յանուն ազատութեան ժողովուրդի մը պայքարի կարելիութիւնը կը սահմանափակէ միայն այն պարագայով, երբ (տուեալ ժողովուրդը)օտար երկիրի կողմէ ճնշուած է, (օրինակներ` Իրաքի կողմէ Քուէյթ ներխուժումը, Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը եւ Կազա), կամ` գաղութատիրական ուժի մը կողմէ: Մնացեալ բոլոր պարագաներուն բռնարարքի դիմելու իրաւունք չկայ, եւ անջատումը կրնայ միայն խաղաղ ճանապարհով տեղի ունենալ, իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ այդ հոլովոյթին վրայ որեւէ ձեւով ազդէ: Բայց եւ այնպէս, թէեւ միայն ջարդ մը կասեցնելու համար մարդասիրական միջամտութեան մը կարելիութիւնը չեմ վիճարկեր, կը կարծեմ, որ Քոսովօ վտանգաւոր նախադէպ մը եղաւ: Սկովտիան այլ հարց է, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ անկախութեան կարելիութիւն պիտի ըլլայ: Անոնք ապակեդրոնացում պահանջեցին եւ զայն ստացան, ուստի,  լայն ինքնավարութիւն մը ունեցան, թէեւ` բրիտանական գերիշխանութեան ներքոյ:

Փրոֆ. Ֆրետերիք Մեկրէ.- Նշեալ բոլոր պարագաներէն Քոսովոյինը թերեւս ամէնէն զգայացունցն էր, որովհետեւ այդ տարածքին վրայ նախապէս գերիշխանութիւն ունեցող պետութեան` Սերպիոյ բուռն ընդդիմութիւնը նկատի ունենալով` միջազգային օրէնքի մէջ անոր ինքորոշման իրաւունքի հիմքը բաւական տկար էր: Պարզապէս այն իրողութիւնը, որ կարգ մը պարագաներու միջազգային ընտանիքին մէկ մասը կրնայ իրողական կացութիւններ իբրեւ որոշ իրաւական հետեւանքներ ունեցող ճանչնալ, անջատուելու իրաւունք մը իրապէս չի մատնանշեր: Հարաւային Սուտանը եւս յատուկ պարագայ մըն է, որովհետեւ խաղաղութեան համաձայնութենէ մը ետք ճանչցուեցաւ: Բայց եւ այնպէս, բոլոր այս պարագաները ենթադրել կու տան, որ մինչ անջատուելու ինքնեկ իրաւունք մը գոյութիւն չունի, այն խմբաւորումները, որոնք կը յաջողին զէնքի ուժով տարածքային որոշ անել կացութիւն մը ստեղծել, իրենց անջատման շուրջ բանակցելու, շատ աւելի լաւ դիրքի վրայ կ՛ըլլան: Բրիտանիոյ մէջ կամ Քեպեքի հաւանական անջատումները ամբողջովին կը կառավարուին ժողովրդավարական երկիրներու մէջ գործադրուող սահմանադրական դրոյթներով, իսկ եթէ տեղի ունենան, մեծապէս աստիճանական եղող հոլովոյթէ մը ետք տեղի պիտի ունենան: Դարձեալ կը կրկնեմ, թէեւ ոչ անկարելի, սակայն աւելի յարափոփոխ քաղաքական կացութեան մը իբրեւ արդիւնք պիտի ըլլան, քան` ի յառաջագունէ եղող իրաւունքի մը:

Վստահ չեմ, թէ այս բոլորը Լեռնային Ղարաբաղի համար ի՛նչ կը նշանակեն, բացի հաւանաբար անկէ, թէ միջազգային օրէնքը այս հարցերուն մէջ քաղաքականութեան կողմէ լուսանցքայնացուած է: Անջատուելու իրաւունք գոյութիւն չունի, սակայն այդ մէկը կատարելը ապօրինի չէ: Իրաւական գետնի վրայ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կախեալ է առնչակից տարածքներու ապագայ կարգավիճակին շուրջ միակողմանի կամ, իտէալական պարագային, երկկողմանի համաձայնութիւն մը գալու կարողութենէն:

«Ա»- 13 յուլիս 1990-ին Ողջակիզումի ժխտումը քրէական յանցանքի վերածելէ ետք, Ֆրանսայի ծերակոյտը 23 յունուար 2012-ին որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ սակայն խօսքի ազատութիւնը խախտող օրէնք մը նկատուեցաւ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

Փրոֆ. Քաթալտի.- Ինչպէս գիտէք, վերջերս Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրէնքին դէմ վճիռ մը արձակեց: Ասիկա վիճելի հարց է: Ըստ իս, Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք չէ քրէականացուի: Ամէն մարդ իրաւունք ունի նոյնիսկ ամէնէն անմիտ եւ սխալ բանը ըսելու: Այն, ինչ որ պէտք է քրէականացուի,  այդ գաղափարներուն շուրջ համախոհութիւն յառաջացնելու փորձերն են: Ուստի շարժումներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, որեւէ պետական կամ ընկերային խմբակներ, որոնք այդպիսի քայլերու ջատագովման կը ձգտին, պէտք է այդպիսի նախաձեռնութիւնները արգիլող օրէնքի միջոցով արգելակուին:

Փրոֆ. Մեկրէ.- Կեսոյի օրէնքը ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումին կողմէ խօսքի ազատութեան քննութենէն յաջողեցաւ: Անիկա փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու կամ ցեղային ատելութեան հրահրումը պատժելու եւ այլ նմանօրինակ պարագաներու համար խօսքի ազատութեան օրինական սահմանափակում մը կը նկատուի: Կը կարծեմ, որ կարելի է տրամաբանական կերպով առարկել, թէ անոր դրոյթներուն Հայոց ցեղասպանութեան պարագային կիրարկումը մարդկային իրաւանց օրէնքին չի հակասեր, մինչեւ այն ատեն որ օրէնքը նեղ սահմանում ունի եւ, օրինակի համար, պատմաբանական հետազօտութեան վրայ ժխտական ազդեցութեան վտանգ մը չի պարունակեր: Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ֆրանսական նոր օրէնքը մերժեց այնպիսի հիմնաւորումներով, որոնք ինծի շատ սահմանափակ կը թուին: Խորհուրդը եզրակացուց, որ օրէնքը խօսքի ազատութիւնը կը խախտէ, որովհետեւ կը պատժէ ժխտումը բանի մը, որ խորհրդարանը ինքնին ճանչցած է: Ես վստահ չեմ, թէ խորհուրդը ինչո՛ւ ատիկա խորհրդարանի իրաւասութենէն դուրս կը նկատէ, նկատի ունենալով, որ խօսքը Ցեղասպանութեան ժխտումին մասին է: Ըստ տեղեկութեանս, օրէնքը բարեփոխուած ձեւով կառավարութեան կողմէ դարձեալ խորհրդարանին պիտի ներկայացուի, թէեւ մօտ օրէն Ֆրանսայի մէջ նախատեսուող ընտրութեան լոյսին տակ` «բոլոր գրաւները չեղեալ են»:

«Ա.».- Ցեղասպանութեան զոհերուն ժառանգորդները ինչպէ՞ս կրնան հողային եւ կալուածային իրաւունքներու վերականգնման եւ փոխհատուցման համար միջազգային դատարանի մը ներկայացուելիք ամբողջական ու պատշաճ թղթածրար մը պատրաստել: Ո՞ր միջազգային դատարանը կրնայ այդպիսի դատի մը համար յարմարագոյնը ըլլալ:

Փրոֆ. Քաթալտի.- Իմ առաջարկս «ճամբու քարտէս» մըն է, որուն նպատակը այս նիւթին շուրջ համախոհութիւն եւ քայլեր յառաջացնելն է, առաջին հերթին` թրքական ներքին մակարդակի վրայ: 2011-ի թրքական այս նոր օրէնքը հետաքրքրական օրէնք մըն է. թէեւ անիկա 1936-ը ինչքերու եւ կալուածներու վերադարձի սկզբնակէտ կը ճշդէ, թուրք փաստաբաններու եւ մտաւորականներու ճամբով պէտք է թրքական դատարաններէն անդին երթալու որեւէ կարելիութիւն շահագործել: Ասիկա կրնայ գործի ծառայել նաեւ անդին երթալու համար Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանէն, որուն կարելի է դիմել միայն տեղական բոլոր միջոցներուն դիմելէ ետք: Միւս ուղին, որուն պէտք է զուգահեռաբար հետեւիլ, հետեւեալն է. հայկական պետութիւնը պէտք է հարցը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ արծարծէ, որպէսզի բանաձեւի մը որդեգրումը եւ Քրէական միջազգային դատարանէն խորհրդատուական տեսակէտը մը հրահրէ: Միւս ուղին (Թուրքիոյ մէջ ներքին կարգ մը քայլերէ ետք) Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Հայաստան ընդդէմ Թուրքիա դատ մըն է: Յամենայն դէպս, մինչ այդ ոչինչ պէտք է բացառել: Կարեւոր է, որ միջազգային ընտանիքը հարցին վերաբերեալ մինչեւ հիմա գիտցածէն եւ նկատի ունեցածէն աւելին գիտնայ եւ նկատի ունենայ:

Փրոֆ. Մեկրէ.- Ասիկա ինչպէս խորհրդաժողովը(Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կազմակերպած «Ճանաչումէն փոխհատուցում» խորհրդաժողովը) ցոյց տուաւ, դժուար հարց մըն է: Կախարդական լուծում չկայ: Միջազգային օրէնքը իր սահմաններն ունի եւ յաճախ գերիշխանութիւնը մեծապէս պաշտպանող է: Ձեւով մը, Հայոց ցեղասպանութեան մեծ ողբերգութիւնը այն է, որ գործուած է միջազգային օրէնքին մէջ ցեղասպանութեան մտապատկերի գոյութենէն եւ մինչեւ իսկ ներկայ դատարաններու կամ միջազգային այլ կառոյցներու գոյութենէն առաջ: Մինչ պատմական, բարոյական կամ քաղաքական առումով, այս իրողութիւնը մեծ տարբերութիւն մը չ՛ըներ, իրաւական առումով կենսական է, որովհետեւ այս կառոյցները միայն իրենց ստեղծումէն ետք իրաւասութիւն ունին, այլ խօսքով` հետադարձ իրաւասութիւն չունին: Լուծումը` ցեղասպանութիւնը, որոշ ձեւով, միջազգային օրէնքի շարունակուող բռնաբարում նկարագրելը կամ ներկայ բռնաբարումները ցեղասպանութեան կտակի տնտեսումին արդիւնք մը նկատելն է: Օրինակի համար, վերաքննականութեան հարցը կարելի է լուծել կարգ մը տեղական դատարաններու միջոցով, որովհետեւ անիկա «հիմա եւ հոս» տեղի կ՛ունենայ: Միջազգային քրէական դատարանը կրնայ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը կալուածներու իրենց սեփականատէրերուն չվերադարձնելը  միջազգային օրէնքի եւ մասնաւորաբար միջազգային մարդկային իրաւանց ոտնահարում մը ըլլալուն շուրջ խորհրդատուական տեսակէտ մը յայտնել, եթէ բաւարար թիւով պետութիւններ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ճամբով այդ մէկը պահանջեն: Բայց եւ այնպէս, կենսական հարցը ոտքի կանգնիլն ու միջազգային դատարաններու հասանելիութիւն ապահովելն է, բան մը, որ կանխաւ երաշխաւորուած չէ:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES