Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումի Ողջոյնի Խօսքը
Լիբանանահայ Գրողներու համախմբումի անունով համաժողովի բացման նիստին բանասէր եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան արտասանեց ողջոյնի հետեւեալ խօսքը:
Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումի անունով սրտագինս կ՛ողջունեմ Գրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովը եւ անոր մասնակից հայրենի եւ սփիւռքահայ բոլոր գրողները:
Մեր այս համաժողովին կայացումը հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը մեզի կը թելադրէ չորս մեծ ու պատմական իրադարձութիւններ, որոնց առաջինը հայ տպագրութեան 500-ամեակի տօնակատարութիւններն են, երկրորդը` 2012 թուականը Հայ Գիրքի Տարի հռչակող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին որոշումը, երրորդը` Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը, իսկ չորրորդը` Հայաստանի Գրողներու Միութեան վերամշակուած Կանոնագրութիւնը, որ վերջ տուաւ մեզ իրարմէ բաժնող արուեստական պատնէշներուն ու պատերուն` սփիւռքահայ արժանաւոր գրողները նկատելով լիիրաւ անդամ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, նոյն իրաւունքներով եւ միեւնոյն պարտաւորութիւններով:
Այսպիսով, «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանը, գէթ հայ գրողին համար, դադրեցաւ պարզ կարգախօս մը եւ ցանկալի երազ մը ըլլալէ եւ բառին ամբողջական առումով եղաւ, է՛ եւ պիտի ըլլայ միշտ ու ամէն ժամ ներշնչման աղբիւր ու ոգեղէն զօրութիւն` պայծառ ապագայի լաւագոյն հեռանկարներ ու հորիզոններ աւետող: Գիտակից, քաջ ու ողջունելի որոշում մը միաժամանակ, որուն իրագործումը կը պարտինք Հ.Գ.Մ.-ի հայրենասէր ու հեռատես նախագահին եւ իր գործակիցներուն: Նախագահ Լեւոն Անանեան, վերջերս, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Մեր սփիւռքահայ գրողները մեր Գրողների Միութեան լիարժէք անդամներն են: Ստեղծուել է ընդհանուր դաշտ եւ արհեստական ջրբաժանը վերացել է»:
Իրաւամբ: Բանիւ եւ գործքով:
Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ նման շինիչ ու հայրենաշէն որոշումները նաեւ ընդգրկեն հայ մշակոյթի բաղկացուցիչ բոլո՛ր ոլորտները, որպէսզի «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» կարգախօսը դառնայ մեզ մէկացնող ամբողջական, կենսաթրթիռ ու հոգեզինող իրականութիւն:
Հայրենիքի ու Սփիւռքի միացեալ ուժերով հզօրացած Հայաստանի Գրողներու Միութեան առջեւ կը ծառանան ծանրակշիռ ու պատասխանատու օրակարգեր: Հաւանաբար տեղին չէ այժմ մատնանշել բոլորը: Կարելի է արծարծել մի քանին:
Միացեալ ուղղագրութեան` Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերադառնալու գաղափարը նոր չէ: Սակայն, միացեալ ճիգերով, Մեսրոպեան ուղղագրութեան արդիականացումով ու ժամանակակից հնչեղութեան յարմարեցումով, հանգրուանային եղանակով պէտք է կատարել յատուկ աշխատանք այս ուղղութեամբ:
Հայ գրահրատարակչութիւնը, հայուն յատուկ քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ ուրիշ պատճառներով, ծնաւ ու ծաղկեցաւ հայրենիքի սահմաններէն հազարաւոր մղոններ հեռու: 16-18-րդ դարերուն հայ գիրքի մայրաքաղաքը հանդիսացան Վենետիկը, ապա` Ամսթերտամն ու 18-րդ դարէն սկսեալ` Կ. Պոլիսը, իսկ 1920-1990` քաղաքամայր Երեւանը դարձաւ նաեւ մայրաքաղաքը հայ գիրքին: Այդ եօթանասունամեակին, ըստ մատենագիտական տուեալներու, լոյսին բարիքը վայելած են շուրջ 65 հազար անուն գիրք, 375 միլիոն տպաքանակով: Իսկ նոյն շրջանի վերջին տարիներուն` տարեկան 1250 անուն գիրք, 10 միլիոն տպաքանակով:
Մեր սիրելի նախագահին` Լեւոն Անանեանի համաձայն, ներկայիս Հայաստանի մէջ կը տպագրուի 2500 անուն գիրք: Տպաւորիչ թիւ մը արդարեւ: Հապա՞ տպաքանակը. հայրենի գրողները մեզմէ աւելի իրազեկ են իրողութեան: 200-էն, լաւագոյն պարագային` 1000-1500: Միջին հաշուով` 500: Սփիւռքի պարագային նուազագոյնն է 500-ը: 17-րդ դարուն, Ոսկան Երեւանցիի Ամսթերտամեան հրատարակութիւնները լոյսին կու գային 2000-5000 օրինակով:
Չեմ ուզեր յիշեցնել Խորհրդային շրջանի վերջին տասնամեակներու տպաքանակները: Յիշեմ միայն «Գարուն» ամսագրի պարագան,- մինչեւ 80 եւ 100 հազար: Եթէ սխալած եմ` սրբագրեցէ՛ք խնդրեմ. խմբագիրներէն ոմանք հոս են:
Մեր` այս համաժողովին մասնակից ու ակամայ բացակայ լիբանանահայ գրողներուս մաղթանքն է, որ Երեւանն ու ամբողջ հայրենիքը բարգաւաճին բոլոր մարզերուն մէջ: Թող շատնան նաեւ սրճարաններն ու ճաշարանները, սակայն ո՛չ անհետացումովը Երեւանի նշանաւոր գրատուներուն, որոնցմէ մէկ քանին են մնացեր:
Փակելու համար մեր խօսքը, Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին անունով կրկին անգամ կ՛ողջունեմ համաժողովին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները եւ կը մաղթեմ, բոլորիս կը մաղթեմ, արդիւնաւէտ աշխատանք:
Բարին ընդ մեզ:

