Լուսարձակ. Քո՜յր Քաղաքներ Յանուն Նահատակաց Յիշատակի Անճիտումի՞ն (6 Մայիս 1916)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ընդունուած է ըսել, թէ քաղաքական կեանքի մէջ սոփեստութիւնը շատ անգամ բնական հետեւութիւնն է այսպէս ասած գործնապաշտութեան եւ հաճոյակատար վարքագծերու, որոնցմով կը բնորոշուին քաղաքագէտի պատմուճանը հանդերձած բազմաթիւ անհատներ:

Առհասարակ նման մօտեցումներու պարարտ հող է ներկայ աշխարհի կարգն ու սարքը, որ կը յատկանշուի համաշխարհայնացում ընդհանուր եզրաբանութեամբ:

Սակայն ողբերգականը կը մնայ այն, որ փոքր պետութիւններու կամ ազգերու ներկայացուցչութիւններ` տարուած նման ստուերային եւ սին քարոզչութիւններէ, աւելի հակամէտ են ենթակայ դառնալու նման հասկացողութիւններու` ի հեճուկս սեփական ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ հաւաքական յիշողութեան:

Դառնութեամբ պէտք է արձանագրել, որ վերոյիշեալին բնօրինակը կարելի է նկատել Լիբանանի պարագան, որուն հազարամեայ պատմութեան ու քաղաքակրթական նուաճումներուն քաջածանօթ է նոյնինքն լիբանանցին:

Այդուամենայնիւ, վերջին տարիներու լիբանանեան իրականութեան մէջ ականատես ենք ապազգային  յամեցող այնպիսի երեւոյթներու, որոնք առիթ կու տան բազմաշերտ հարցադրումներու:

Անցնինք:

Պահ մը զանց առնելէ ետք լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառած խենեշ ու ահռելի տարողութիւնը, ընդգծենք, թէ ինչո՛ւ ցարդ լիբանանեան պետական մտածողութեան համար` ազգային ինքնութեան եւ ընդհանուր պատմութեան նկատմամբ ըստ ամենայնի արժեւորում գոյութիւն չունի, եւ կամ` սովորական արտայայտութիւններ կլանած են քաղաքական դէմքերն ու ղեկավար շրջանակները:

Արդեօ՞ք կը բաւէ՞ ըսել, թէ համայնքայնութեան, քաղաքական կողմնորոշումներու եւ գաղափարական նկատառումներու թատերաբեմ այս երկիրը դատապարտուած է մնալու իբրեւ այդպիսին` հատուածական հաշուարկներու եւ անհատական շահարկումներու պատճառաւ:

Փաստօրէն, եղբայրասպան ամէնէն վայրագ ժամանակներուն անգամ, սեփական պատմութեան հանդէպ առկայ էր յարգանքի որոշ ըմբռնում մը:

Յայտնապէս օսմանեան տիրապետութեան ժամանակներուն, երբ լիբանանցի ժողովուրդն ու անոր ընտրանին կ՛ենթարկուէին թուրքի ամէնէն վայրագ ու բարբարոս հալածանքներուն, սովի ու կախաղանի, յաջորդող սերունդներ երկիւղածութեամբ յիշեցին նախնեաց տառապանքն ու սպանդը, եւ յուշակոթողով մը յաւերժացուցին անոնց յիշատակը:

Այսպէս, 6 մայիս 1916 թուականի ամրագրումը կը հասնէր իր լրումին, իրերայաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելով անոր իմաստն ու թելադրականութիւնը:

Ցաւ ի սիրտ, ժամանակի թաւալքին հետ ազգային յիշատակելի թուականները պարպուեցան իրենց բովանդակութենէն, եւ դարձան սոսկ թուանշաններ, քաղաքական պէս-պէս միտումներու հաշուոյն:

Յստակացում:

Լիբանանահայութիւնը երբեւէ ինքնագոհի կամ բարոյախօսի պատմուճան չէ հանդերձած` յորդորներու տարափի մը ներքեւ դաս տալու բոլոր անոնց, որոնք գիտակցաբար կը զոհեն իրենց ազգային յիշողութիւնը Թուրքիոյ հետ պետական  մակարդակի յարաբերութիւններ մշակելու համար:

Եւ, այսպէս, զոյգ քաղաքապետութիւններու «ջանասիրութեամբ» Պէյրութն ու Պոլիսը կը հռչակուէին քոյր քաղաքներ` եղբայրական ժողովուրդներու բարեկամութիւնը հաստատագրելու դիտաւորութենէ թելադրուած:

Պիտի ըսուի, հաւանաբար, քաղաքական կեանքի մէջ ծուռ եւ յամառ նկատառումներ գոյութիւն չեն ունեցած, եւ չունի՛ն, մանաւանդ այս ժամանակներուն, երբ անձնապաստան եւ խօլ մրցակցութիւններ կը յօշոտեն զիրար:

Ըստ երեւոյթին, լիբանահայութիւնը ճակատագրուած է ըլլալ նաեւ` անմիջական շրջապատին յիշեցնողի կերպարին ընդառաջ, որպէսզի քաղաքացիական իրաւունքի թէ արմատներու կառչածութեան իր առաքելութեան մէջ պահէ ու պահպանէ իր ազգային յիշողութիւնը` ցոյց տալով գիտակցական վերաբերումի ամէնէն նուիրական աստիճանաւորումը:

Օր ըստ օրէ, լիբանանահայութեան նկատմամբ տեսանելի կը դառնան բացայայտ ոտնձգութիւններ: Այսօր, աւելի քան երբեք, պահանջ է դարձած միահամուռ կերպով համապատասխան դիրքորոշումներու ընդգրկումը, ազդու եւ առաջադրուած քարոզարշաւներու որդեգրումը` յանուն մարդկային առողջ, արդար, գերիշխան, արժանահաւատ եւ յառաջադէմ կեանքի մը սատարումին:

Այլ պարունակի մէջ ներառած, արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած իբրեւ հայկական արմատներով վերապրող լիբանանցիներ, երկրի կառուցման ու յառաջդիմութեան անգնահատելի ներդրումը բերած քաղաքացիներ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ ամբողջ Լիբանանէն, որպէսզի խեղկատակ վիճակէ դուրս գալով, լիբանանեան պետութիւնը խոնարհի հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ, եւ համապետական մասշտապով Ապրիլ 24-ի օր յայտարարէ վերածնունդի օր` փակ պահելով պետական հաստատութիւններն ու կառոյցները:

Գէթ այս ձեւով, Հայոց ցեղասպանութեան համամարդկային տարողութեան եւ պահանջատիրական երթին նկատմամբ քաղաքական իմաստութեան մը խայծը պարգեւած կ՛ըլլան անոնք, նոյնինքն լիբանանցի յետնորդ սերունդներու դաստիարակութեան համար:

Հաստատօրէն, նման իրագործումի մը շօշափելիութիւնը ապահովելու համար, ներհայկական անտեղիտալի կամքի եւ քաղաքական ամուր կեցուածք է պէտք` յանուն մէկուկէս միլիոն նահատակաց յիշատակին, Լիբանանի քաղաքացիական արժանապատութեան եւ պատմութեան պահպանումին:

Այս ձեւով քաղաքական տարբեր շերտերու եւ հոսանքներու բազկերակի եւ թաքնուած միտումներու հարթակը բացայայտած կ՛ըլլանք, հաւաքաբար:

Ի դէպ, ազգովին երախտապարտ կը մնանք  Լիբանանի խորհրդարանին` (2000-ին անոր կողմէ որդեգրուած)  Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին համար:

Իսկ շնորհակալ կը մնանք Պէյրութի քաղաքապետութեան, որ նաեւ Պէյրութն ու Երեւանը հռչակած են քոյր քաղաքներ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, գործենք նաեւ այս ուղղութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES