ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ԼԵՄ-Ի «ՌԱԶՄԻԿ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ ՀՅԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԹԻՒԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
Իրերայաջորդ երիտասարդական փաղանգներ յատկանշուած են իրենց մտածումներուն եւ կենսափորձերուն իւրայատկութեամբ:
Շատ անգամ անոնք կլանուած ըլլալով օրուան քաղաքական թէ ընկերային հոսանքներէն, գտնուած են լուրջ կացութիւններու դէմ յանդիման` հետագայ աշխատանքներու ճիշդ հունաւորումներու տեսակէտէ:
Բարեբախտաբար, դաշնակցական իրականութեան մէջ նման երեւոյթներու առկայութիւնը այդքան ալ մտահոգիչ տարողութիւն չէ զգեցած, պարզ այն պատճառով, որ սերունդներու միջեւ ստեղծուած շաղախը, եթէ մէկ կողմէ եղած է գաղափարական դաստիարակութիւնը, ապա միւս կողմէ` եւ առաւելաբար, զիրար սնուցող եւ կենսաւորող աւիշը եղած է քննական մտքի զարգացումն ու տարբեր երեւոյթներու հանդէպ կեցուածքի ճշդորոշումը:
Այլ ասած, ճիշդ է, որ երիտասարդականի թէ ուսանողական միջավայրերու մէջ հասակ նետած դաշնակցական սերունդներէ գաղափարական արժէքներու պաշտամունքի եւ կենսակերպի կեդրոնացում պահանջուած է, այդուհանդերձ, ինքնակազմաւորման ամէն հրայրքի առիթներ անպակաս եղած են այս միջավայրէն, որովհետեւ պատմութեան ընդմէջէն ժառանգուած արժէքային ամէն սկզբունք համոզումի եւ աշխարհահայեացքի վերածուած է ըստ ամենայնի:
Անցնինք:
Նմանօրինակ մտորումներու առիթ մը հանդիսացաւ «Ռազմիկ»ի վերջին հրատարակութիւնը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր ՀՅԴաշնակցութեան 120-ամեակին:
Առաջին հայեացքով մատնանշելին կը մնայ այն, թէ երիտասարդ գրիչներ ըստ արժանւոյն փորձ մը կատարած են վերաթարմացնելու դաշնակցական գաղափարախօսական ակունքները, վերահաստատելու ծրագրային թէ առաջադրանքային արժէքներ, վերապրելու գաղափարական հնչեղութիւնն ու անժամանցելիութիւնը ամբողջ պատմական իրողութիւններու: Իսկ ամէնէն էականը, այն է, որ յանձնառու մօտեցումով եւ ընկալչութեամբ անոնք երիտասարդութիւնը հրաւիրած են ինքնագիտակցական արեւելումներու յստակեցման:
Խորքին մէջ, մտածումներու եւ կեցուածքներու նմանօրինակ արտայայտութիւններ իրենց նպաստը ունին եւ մեծապէս ընդգծելի են իբրեւ ուժական վահանակներ` նկատի առած մեր անմիջական կեանքին ու ժամանակներուն ունեցած բացասական ազդեցութիւնները:
Փաստօրէն, երբ պարբերաթերթին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ազգային կեանքին մէջ առկայ յոռի եւ անըմբռնելի երեւոյթներուն, երիտասարդական մակարդակի մոլութիւններու թէ դժբախտ ունակութիւններու, կրկին անգամ ի յայտ կու գան դաշնակցական մտածումներու եւ կենսակերպի իւրայատկութիւնները:
Ըսինք, երիտասարդ գրիչներ, պարզապէս շեշտադրելու տարիքային հանգամանքն ու ներկայ ժամանակներու հետ անոնց կապն ու յարաբերութիւնը: Այլապէս ալ արձանագրելու, թէ այս փաղանգի տղաքը կ՛ապրին արդի պայմաններու ամբողջ արհաւիրքը, հաղորդակից են ներկայ դարու պարտադրած բոլոր դժուարութիւններուն, քաջատեղեակ են իրենց դէմ ցցուած մարտահրաւէրներուն եւ, աւելի՛ն. անոնք առանց վարանումի կ՛ուզեն դիմակայել պահպանողական բոլոր մօտեցումները, որոնք կ՛արգելակեն ազգային ու մարդկային յառաջդիմութիւնը:
Առաւելաբար, «Ռազմիկ»ի ներկայ թիւին մէջ յիշատակելի կը մնայ այն պատգամը, թէ Դաշնակցութիւնը իր 120-ամեայ երթին մէջ, ազգային իր առաքելութեան ու կոչումին կառչած մնալով` ունի անյետաձգելի պարտաւորութիւններ եւ ընելիքներ:
Հետաքրքրական հայեացքներու ընդմէջէն` ըստ էութեան կ՛արժեւորուին նաեւ Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող ուղեկից թէ քոյր միութիւններ, որոնց ծնունդին ու աշխատանքներու ծիրին մասին տրուած են շնորհակալ ու համապարփակ մանրամասնութիւններ:
Իսկ, Այս հրատարակութեան մէջ առկայ յոյժ գնահատելի պատկերը կը կազմէ հարցազրոյցը, որ կատարուած է հայրենի պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի հետ:
Անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ վաստակաւոր մանկավարժի եւ հմուտ գիտնականի գերազանց արժանիքներով օժտեալ Աշոտ Մելքոնեան, ընձեռուած այս առիթին եւ սահմանափակ էջերու ընդմէջէն` կրցած է բնութագրել ՀՅ Դաշնակցութեան պատմական դերակատարութիւնն ու ունեցած կշիռը ազգային ազատագրական պայքարին մէջ` մատնանշելով անոր իւրայատկութիւնն ու փորձառութիւնը ազգային-գաղափարական թէ պետական-քաղաքական հարթակին վրայ:
Փաստօրէն, հարցազրոյցի ամբողջ տեսադաշտը էապէս խարսխուած է հայոց պատմութեան թէ ներկայ ժամանակներու առնչուող հարցերու նկատմամբ քննական մօտեցում կատարելով, հայրենի պետական այրերու ապիկար վարքագիծերը նշելով ու մանաւանդ` պատմական իրողութիւններէ թելադրուած ներազգային կեանքի ճիշդ հունաւորումին վրայ գրաւը դնելով:
Յայտնապէս, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի ժիր ու խանդավառ, ինքնավստահ ու հեռահայեաց մտքերուն եւ վերլուծութիւններուն պատուանդանը կը կազմէ անոր խոր հաւատքն ու համոզումը հանդէպ իր ժողովուրդին, հայրենիքին` ոգեկան բարձր տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու պայծառ յիշատակութեամբ:
Մտահան պէտք չէ ընել նաեւ այն իրողութիւնը, թէ անկուսակցական պատմաբանին գիտական եւ հետազօտող աշխարհահայեացքը յաւելեալ փայլք ու գրաւչութիւն տուած է անոր խօսքերուն, այլապէս Դաշնակցութեան մասին իր ունեցած արտայայտութիւններուն ընդառաջ:
Արդարեւ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթը իր անցեալի թէ ներկայի դերակատարութեամբ ունեցած է եզակի հնչեղութիւն, որ տարբեր սերունդի պատկանող երիտասարդներու համար եղած է հոգեմտաւոր դաստիարակութեան դարբնոց եւ ինքնակազմաւորման միջավայր:
Իր գոյութեան ամբողջ տեւողութեան, թէեւ ան դիմագրաւած է զանազան տեսակի դժուարութիւններ (մարդուժի, արհեստավարժ մօտեցումի, արհեստագիտական նորութիւններու ձեռքբերման) եւ այլն, այդուհանդերձ, որոշակի ինքնակազմակերպումի եւ խմբագրական աշխատանքներու ձեւաւորումներու օժանդակութեամբ ցարդ կը շարունակէ ապրիլ եւ դրսեւորել երիտասարդական խանդավառութիւն:
Առհասարակ գնահատանքի եւ քաջալերանքի առընթեր, ու մանաւանդ համացանցի եւ ընթերցանութեան նահանջի այս օրերուն, դաշնակցական երիտասարդութիւնը պարտաւոր է յարատեւօրէն վերաթարմացնելու ինք զինք, յատկապէս «Ռազմիկ»ի բովանդակութեան տեսակէտէ, ուր անպակաս պէտք է ըլլան` ներազգային կեանքի տխուր եւ դատապարտելի երեւոյթներ, քննական հայեացքներու առաւել ճառագայթումներ, խարանող եւ զգաստութեան հրաւիրող նշաւակներ, ինչպէս նաեւ` հայ մշակոյթի թէ գրականութեան գոհարներու մասին անդրադարձներ:
Ի հարկին, պարբերաթերթին մէջ համարձակութեամբ բաբախուն նիւթերու մատուցումը, յատկապէս միջազգային իրադարձութիւններու ծիրին մէջ, կամ համաշխարհային երիտասարդութեան հետ առնչուող բազմաթիւ երեւոյթներու կամ հարցերու գծով, անպայման որ իր շահեկանութիւնը պիտի ունենայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան մէջ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթը նուաճած է լինելութեան հանգրուանը, վաստկած է փորձառութիւն եւ հասունացման մակարդակ, սակայն, մաղթելին կը մնայ կառուցային հասկացողութեամբ օժտելու զայն, դառնալու կայացած երիտասարդական օրկան, այլապէս դիմակայելու հետագայ տարիներու յորձանուտները:
Աւելի՛ն. «Ռազմիկ»ի աւելի քան 25-ամեայ երթը` տեղատուութիւններով եւ յաջողութիւններով հանդերձ, կը մնայ խրախուսիչ` երիտասարդական խօսքի ու մտքի իբրեւ հոգեփոխիչ շտեմարան:
Այս առումով, դաշնակցական երիտասարդութիւնը վաղուց նուաճած է յանձնառութեան իրաւունքին տիրութիւն ընելու անյեղլի հանգամանքին:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ