Պարզանիի Տարբեր Այցելութիւնը
Ոչինչ մնայուն է: Պայմանները կը փոխուին, մարդիկ կը փոխուին, երկիրներ կը փոխուին, պատկերացումներ կը փոխուին:
Մասուտ Պարզանի` հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահը, ժամանակին Անգարայի մէջ կը նկատուէր ոչ աւելի քան «կօշիկ լզող» մը, վտանգաւոր եւ անվստահելի «աւատապետ» մը:
Է՜հ, այդ տարիներուն Թուրքիա շատ մտահոգ էր հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութեան մը յառաջացումի հաւանականութեամբ: Մէկ կողմէ Պարզանի կը գործէր ամբողջական անտեսումով` քրտական հարցին հանդէպ Թուրքիոյ զգայնութեան: Բացի ատկէ, վախնալով իր դրացիին հետ խզումէ` Անգարա կը փորձէր օգնել ամրապնդելու Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը, մինչ Պարզանի եւ քրտական անանուն ինքնավար վարչակարգը կը փորձէր քաղել Իրաքի պատերազմին մէջ Միացեալ Նահանգներուն աջակցելու օգուտները:
Ասոնք այն ժամանակներն էին, երբ Պարզանիի փեշմերկաներ (քիւրտ մարտնչողներ, Ա.) կ՛օգնեն ամերիկեան ուժերուն, 4 յուլիս 2003-ի տխրահռչակ գլխարկի միջադէպին, Սիւլէյմանիէյի մէջ: Գլխարկը իրենց գլուխներուն դրած թուրք զինուորներուն մեղսակցութիւնը նուաստացուցիչ եւ վիրաւորական մանրամասնութիւն է նոյնիսկ այսօր, բազմաթիւ թուրքերու համար: Ձեւով մը, այնպէս կը թուի, թէ ատիկա տակաւին չէ աւարտած:
Այդ ժամանակ, Պարզանիի համար միայն երազ էր Անգարա գալ եւ հանդիպիլ թուրք ղեկավարներու հետ, թէեւ ան որոշ տեսակի «պետութեան ղեկավարի» վերաբերմունքի կ՛արժանանար «պատերազմի ժամանակի իր դաշնակիցին` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ: Առաւելագոյնը, որ ան այդ օրերուն կրցաւ Անգարայի մէջ ստանալ, գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնատարներու կողմէ հիւրընկալութիւնն է, եւ կարճատեւ, զգուշաւոր տեսակցութիւնն է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Այն տարիներուն Պարզանի մնայուն կերպով յանդիմանուած, ստորագնահատուած եւ որակազրկուած էր, որովետեւ Անգարա զայրացած էր, որ ան բաւարար ջանք չի տանիր անջատողական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) խմբաւորումին դէմ պայքարին մէջ:
Եթէ Պարզանի ԱնքլՍեմին (Միացեալ Նահանգներ, Ա.) զօրակցութիւնը չունենար, Անգարա աւելի լաւ կը գիտնար ի՛նչ ընել անոր, բայց սահմանափակում մը կար:
Ժամանակները փոխուեցան, պատկերացումները փոխուեցան, եւ օր մը նոյն այդ Պարզանին Թուրքիոյ մէջ արժանացաւ կարմիր գորգի վերաբերումին, կարծէք թէ Ուաշինկթըն կ՛այցելէր:
Երէկուան «կօշիկ լզողը» վերածուեցաւ շատ յարգելի, պատկառելի քաղաքական գործիչի մը, որ արժանացաւ ամբողջական շքեղութեան, պերճանքի` նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, մինչ այս անգամ Պաղտատի կառավարութեան վարչապետը հրապարակաւ Թուրքիան պիտակաւորեց իբրեւ «Թշնամի պետութիւն» մը, համայնքային օրակարգով:
Այսպիսի զարգացումներ քանի մը տարի առաջ ամբողջովին «անհաւատալի կ՛ըլլային:
Իսլամ եղբայրութիւնն ու համերաշխութեան գաղափարը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (ԱԲԿ) կուսակցութեան համար բացայայտօրէն ունի համայնքային ճակատագրական որոշ սահմանափակումներ:
Սատտամի Իրաքին մէջ թէեւ սիւննիները շատ աւելի նուազ համեմատութիւն մը կը կազմէին, քան շիիները, Պաասի վարչակարգը ճնշող մեծամասնութեամբ սիւննիներ էին: Բոլոր կառոյցները փոխուեցան այդ ատենէն եւ բազմաթիւ գլուխներ ներառեալ` Սատտամինը, Թաւալեցան պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Նոր եւ շիիներու գերակայութեամբ քաղաքական դրուածքը Պաղտատի մէջ սկսած է ըլլալ, ըստ հակառակորդներու, նախկին ճնշող վարչակարգին շիի տարբերակը:
Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի այժմ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է գաղտնի սպասարկութեան ցանցը, ինչպէս նաեւ` զինուորականութիւնն ու դիւանակալութիւնը: Բացի ատկէ, ան կը վայելէ դրացի Իրանի ամբողջական աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը:
Անգարա այժմ նոր դաշնակից մը պէտք ունի: Կրնա՞յ Պարզանիէն աւելի լաւ թեկնածու մը ըլլալ: Անշուշտ կայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան խնդիրը:
Է՜հ, հաւանաբար Պարզանի հասկցած է կարմիր գորգին գինը:
ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԻ
«Հիւրրիյէթ»



