Թուրքիա Չի Կրնար Միաժամանակ Ամէն Ինչ Ըլլալ Բոլորին Համար

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ
«Հիւրրիյէթ»

Ուաշինկթըն խարազանուած է իր ճոռոմ ծրագիրներուն պատճառով, որոնց նպատակն է միջինարեւելեան երկիրներուն ժողովրդավարութիւն բերել, Իրաք իր ուժերու ներխուժումէն ետք, որուն ընթացքին կ՛ակնկալուէր, որ ամերիկացի զինուորները իբրեւ ազատագրողներ, փրկարարներ դիմաւորուէին:

Ատիկա չպատահեցաւ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ վստահաբար աւելի ողջունելի չեն շրջանին մէջ, քան` Իրաք ներխուժելէ առաջ:

Իսկ խօսելով Միջին Արեւելքի երկիրներուն ժողովրդավարութիւն բերելու մասին իր պնդումին մասին` ըսենք, որ ատիկա շատոնց մոռցուած է:

Ուաշինկթըն այսօր կ՛ապաւինի ոչ ժողովրդավարական երկիրներու, ինչպիսիք են` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Քուէյթ, շրջանին մէջ իր շահերը աւելի հեռու տանելու, յառաջացնելու ձգտումով:

Ահաւասիկ թէ ի՛նչն է, որ Թուրքիան նոյնիսկ աւելի կարեւոր կը դարձնէ Ուաշինկթընի համար, որովհետեւ Թուրքիա ոչ միայն շրջանային ուժ մըն է, որ անդամ է ՕԹԱՆ-ի, այլեւ յաւելեալ արժէք ունի` նկատի առնելով այն նախատիպարը, որ ան կ՛ապահովէ գերազանցապէս իսլամական երկրի մը մէջ:

Անշուշտ դիւրին է ոստում մը կատարել դէպի այն ենթադրութիւնը, որ ուրեմն Թուրքիա ոչ աւելի է, քան` գործիք մը Ուաշինկթընի ձեռքին, որպէսզի շրջանին մէջ ամերիկեան շահերը աւելի յառաջ տանի: Մինչ այս ենթադրութիւնը հոս պիտի մնայ դաւադրութեան տեսաբաններուն մէջ, փաստը այն է, որ Թուրքիա իր սեփական փառասիրութիւններն ու հաւակնութիւնները ունի Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, խորհրդարանին մէջ քանի մը շաբաթ առաջ պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխաններուն հարցումներուն, բաւական յստակացուց ասիկա, երբ ըսաւ.

«Թուրքիա պիտի վարէ եւ ղեկավարը պիտի ըլլայ շրջանին մէջ այսօրուընէ ընթացքի մէջ եղող փոփոխութեան»: Մտածելով, որ պատգամը կրնայ լաւ հասկցուած ըլլալ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, թէ իրենք իբրեւ կուսակցութիւն (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, Ա.), կը նպատակադրեն նոր Միջին Արեւելքի մը կերտումը, ինչպէս կը նպատակադրեն նոր Թուրքիոյ մը կերտումը:

Ասոնք յաւակնոտ արտայայտութիւններ, նշումներ են եւ կը մղեն մարդու մտածելու, հարցնելու, թէ Թուրքիա, որ խորքին մէջ անտեղեակ էր, անակնկալի եկաւ Արաբական գարունէն, իրականութեան մէջ արդեօք ունի՞ կարողութիւնը «կառավարելու փոփոխութիւնը» Միջին Արեւելքի մէջ:

Իրական եւ շատ աւելի խիստ, կարեւոր հարցումը, սակայն, այն է. կարելի՞ է արդեօք ենթադրել, թէ Միջին Արեւելք մը, որ դիմադրած է Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան, աւելի ենթարկելի պիտի ըլլայ Ահմեթ Տաւութօղլուի նշած, առաջարկած միջամտութեան տեսակի մը:

Կարելի է ենթադրել, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ իսկական տարբերութիւնը այն է, որ Ուաշինկթըն արեւմտեան ուժ մըն է` Իսրայէլի  զօրակցող, մինչ Թուրքիա գերազանցապէս իսլամական երկիր մըն է` Իսրայէլի ընդդիմացող: Սակայն այս առնչութեամբ խնդիրը այն է, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ինք անձամբ լրագրողներուն յայտարարեց, որ (երբ Քաթարի մէջ Սուրիոյ հարցին մասին կը խօսէր) Թուրքիոյ սահմանները ՕԹԱՆ-ի սահմաններն են:

Սակայն ՕԹԱՆ իսլամական զանգուածներուն կողմէ կը նկատուի Արեւմուտքի զինեալ ուժը, ոչ միայն Աֆղանիստանի մէջ իր մասնակցութեան, այլ նաեւ` Իսրայէլի զօրակցելուն համար: Այս հանգամանքը առանձինն կը հեռացնէ որեւէ առաւելութիւն, որ գերազանցապէս իսլամական եւ հակաիսրայէլեան ըլլալը կրնայ բերել Միջին Արեւելքի մէջ Անգարայի յաւակնութիւններուն:

Բայց նոյնիսկ եթէ ասոնք հարցեր չեն, յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս ինքնաբերաբար կարելի է ենթադրել, որ Իրան եւ գերազանցապէս շիի Իրաք մը կամ նոյնիսկ Ռուսիա մը, որ շրջանային յաւակնութիւններ ունի, պիտի արտօնէ Թուրքիոյ` Միջին Արեւելքի մէջ ընթացքի մէջ եղող «փոփոխութիւնը կառավարելու»` ըստ իր սեփական նախագիծերուն, ծրագիրներուն:

Յստակ է, որ Թուրքիա չի կրնար նոյն ատեն ամէն ինչ ըլլալ բոլորին համար:

Կարելի չէ ընդգծել ՕԹԱՆ-ի քու անդամակցութիւնդ` մինչ նոյն ատեն ակնկալելով, որ շրջանը ողջունէ իր հարցերու քու միջամուխ ըլլալդ, հիմնուած այն ենթադրութեան վրայ, թէ դուն շատ լաւ պիտի դիմաւորուիս, ընդունուիս, որովհետեւ առաւելաբար իսլամական եւ հակաիսրայէլեան ես:

Ոչ ալ շօշափելի պատճառ մը կայ, թէ ինչո՞ւ շրջան մը, որ չ՛ընդունիր իր հարցերուն Ուաշինկթընի կամ այլ արեւմտեան մայրաքաղաքի մը միջամտութիւնը, պիտի ողջունէ այսպիսի միջամտութիւն մը Թուրքիայէն, երկիր մը, որ գամուած է արեւմտեան անվտանգութեան համակարգի մը, զոր շատեր կը տեսնեն իբրեւ հակաիսլամական:

Ուրեմն արտաքին գործոց նախարար Տաւո՞ւթօղլուի ակնարկութիւնները պէտք է նկատի առնել լայն պտղունց մը աղով, բացի եթէ ան եւ իր կուսակցութիւնը աւելի հոյակապ ծրագիրներ ունին Թուրքիան հեռացնելու Արեւմուտքէն եւ վերածելու Միջին Արեւելքի մէջ իսլամական անկախ ուժի մը:

Բայց եթէ նոյնիսկ ատիկա այդպէս ըլլար, կամ այդ ըլլար պարագան, պատճառ մը չկայ, որ հաշուի առնելով Թուրքիոյ պատմական բեռը շրջանին մէջ` Անգարայի միջամտութիւնը ամէն պարագայի ողջունելի պէտք է ըլլայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES