ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. Քաղաքներու Կախարդանքը (Եռամաս Դիտարկումներ). Նիւեորքցիները

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Սփիւռքահայ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մըն է Մարզպետ Մարկոսեան, որ նուիրուած է գիտութեան գաղտնիքները վերծանելու աշխատանքին. ըլլալով հանդերձ դասախօս Նիւ Եորքի մէկ համալսարանին, չէ հեռացած հայկական մթնոլորտը աշխուժացնող յանձնառութենէ: Նման տիպարներու հազուադէպօրէն կը հանդիպինք: Արեւելքի մէջ ուսում ստանալէ ետք, մասնագիտանալու համար Արեւմուտք մեկնողներ ընդհանրապէս իրենց ետին չեն նայիր, կը կորսուին, կորուսեալ մը կ՛ըլլան թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ազգին համար: Բացառիկ անձնաւորութիւն մըն է Մարզպետ Մարկոսեան, որուն վերջերս լոյս ընծայած հատորը` «Քաղաքներու կախարդանքը», իր «Եռամաս դիտարկումներ»-ով, ընթերցողին կը ծանօթացնէ «նիւեորքցիները», անոնց դրական ու բացասական կեանքով:

Հեղինակին առաջին հատորը չէ այս: Քանի մը տարի առաջ լոյս ընծայած էր նաեւ միեւնոյն «աշխարհագրութիւնը» ունեցող հատոր մը: 2012-ին հրատարակուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած հաստափոր այս հատորը 609 ծաւալուն էջերով մեզ կը փոխադրէ Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, Եւրոպա եւ այլ հայաշատ գաղութներ` ծանօթացնելով հայ ազգային կեանքին վերիվայրումները, եկեղեցական, մշակութային, գաղութային այլազան պատկերներով:

Մարզպետ Մարկոսեան ծնած է Պէյրութ, իր ուսումը ստացած է հայկական վարժարաններու մէջ: Իր հայերէնագիտութիւնը նախանձելի է: Հաւատարիմ մնացած է Մեսրոպ Մաշտոցի փոխանցած հայոց լեզուի ժառանգութեան, երբեք չէ դաւաճանած` հակառակ ամերիկեան բարձրագոյն ոստաններու մէջ իր իւրացուցած անգլերէն եւ այլ լեզուներու: Այս մատնանշումը կատարելով` կը շեշտենք Մարզպետ Մարկոսեանի գրական հայերէնին բացայայտ գրաւչութիւնը: Ան կ՛օգտագործէ այնպիսի բառեր, փոխան հոմանիշներու, խուսափելով սովորականէն: Այս իրողութիւնը ցուցամոլական ոչինչ ունի, ընթերցողը կը զգայ անմիջականութիւնը հեղինակին պարզ գիտակցութեան, որովհետեւ այդ բառերը իր գրչին տակ կու գան ամենայն ինքնեկութեամբ: Անկեղծ ըլլալու համար` զարմացանք Մարզպետին այդքան բծախնդիր հայերէնասիրութեան…

Մ. Մարկոսեան ըսելիքներ շատ ունի: Սրտցաւ հայորդին է, կապուած առհաւական մեր ժառանգութեան, եկեղեցի ըլլայ թէ դպրոց, Էջմիածին ըլլայ թէ Անթիլիաս, եկեղեցական արարողութիւններու առողջ կամ աղաւաղուած «պատկեր»: Ազգային-կուսակցական հարցերու վերաբերեալ կը կատարէ խորազնին վերլուծումներ, արդար տրամադրութեամբ կը ձաղկէ խոցելին եւ կ՛ուրախանայ ազգօգուտ նուաճումներու ի տես: Ան բարեկամութիւն հաստատած է որքան եկեղեցական, նոյնքան բարեսիրական, կուսակցական, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու հետ` միշտ հայկական կեանքը հետաքրքրող-յուզող հարցեր արծարծելով եւ լուծումներ որոնելով: Պատանի հասակէն եղած է մոլի ընթերցող` տիրանալով ընդհանուր զարգացման: Վանականի մը նման գիտէ մեր եկեղեցական ծէսերու, արարողութիւններու հոգեթով ներգործութիւնը, որոնց մասին կ՛անդրադառնայ իր այս եւ նախորդ հատորներուն մէջ: Այս եւս ցուցանիշ մըն է անոր նախանձախնդրութեան` հանդէպ մեր ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ նոր սերունդին փոխանցման:

Ինչ կը վերաբերի լեզուական ու ոճային յատկանիշներուն, որքան բարդ, նոյնքան պարզ է իր գրականութիւնը` ազգային մղումով հիւսուած:

Վերջին 25-30 տարիներու ընթացքին գրուած յօդուածներ են այլազան նիւթերով` սփիւռքի մեր մամուլին էջերէն արձագանգուած: Ըսինք` յօդուածներ, բայց խորքին մէջ կարելի է զանոնք նկատել արձակ գրականութիւն, պատմուածքներ, պատմագրութիւն, հարցազրոյցներու բնոյթով` տեղ-տեղ: Կան գրական վերլուծումներ բանաստեղծներու ստեղծագործութեանց: Իր համակրանքը կ՛երթայ հայրենի գրողներու, բանաստեղծներու, նաեւ` պոլսահայ քանի մը բանաստեղծներու, զանոնք նկատելով նորարար եւ Պոլսոյ նախքան Ցեղասպանութիւն մշակուած անկրկնելի գրականութեան շարունակողները նորագոյն ոճով:

Երկարաշունչ գրողն է Մարզպետ Մարկոսեան, նիւթերը` առատ, ոչինչ վրիպած է իր ուշադրութենէն: Պատմագիր է եւ պատմող, գրականագէտ է եւ թարգմանիչ, օտար գրականութեան` մասնաւորաբար ամերիկեան, անգլիական նորութիւններուն հետեւող: Աւանդապահ հայն է ան, փարած մեր հիանալի մշակոյթին պահպանման: Մեր հոգեւոր մշակութային  ժառանգութեան պաշտպան, դիտող, իր բնութագրումով` դիտարկումներ կատարող: Ընթերցողը կրնայ ըսել նաեւ քննադատ մը` մեր կեանքին «թիւրն ու թերին» մատնանշող անվերապահ ազատամտութեամբ:

Իւրաքանչիւր երկ արձանագրուած է իւրայատուկ լեզուամտածողութեամբ, բառամթերքի, հոմանիշներու հարստութեամբ, երբեմն` բառարան բանալու պարտադրող: Օրինակ, ո՞վ կը յիշէ այսօր պանդոյր բառը, որ ունի շատ պարզ այլ բացատրութիւն, տխմարը կամ ապուշը… Յիշենք` անստգիւտ (անշեղ) բառերը, պատուտակը եւ այլն:

Արձակագիր Մարզպետ Մարկոսեան մօտէն հետաքրքրուած է օտարներու կարծիքով, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայկական հարցին վերաբերեալ անոնց ներկայացուցած գրականութեամբ, երբեմն ի նպաստ մեզի, յաճախ Թուրքիոյ իրաւունք տուող, մանաւանդ անտեղեակ մեր իրականութեան, սխալ եւ ժխտական հաստատումներ արտայայտող: Այսպիսի կարեւոր հարցերու վրայ դրած է ան իր մատը եւ կոչ կ՛ուղղէ արթուն մնալու: Հեղինակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հատորին խմբագիր, սրբագրող եւ վերստուգող իր երբեմնի ընկերուհիներուն եւ բարեկամին` Երուանդ Գոչունեանին եւ Արմենակ Եղիայեանին, անոնց յանձնառու եւ անվերապահ գործակցութեան համար:

Յիշենք նաեւ, որ հատորը բովանդակած երկերուն մեծ մասը տպուած է «Յառաջ» (Փարիզ), «Պայքար» Հայրենիք» (Պոսթըն), «Դրօշակ» (այժմ Երեւան), «Սիոն» (Երուսաղէմ), «Նոր կեանք» (Լոս Անճելըս), «Հորիզոն» (Քանատա), «Հայոց եկեղեցի» (Նիւ Եորք):

Մ. Մարկոսեան երախտագիտական զգացումներ կը տածէ հայ թերթերու խմբագիրներուն, որոնց աշխատանքներուն շնորհիւ կը պահպանուի հայ մամուլը:

Շնորհակալութիւն` նաեւ հեղինակին, որ ջատագովն է եւ հաւատարիմ ընթերցողը, ստեղծագործողը, յօգուտ եւ ի շահ հայ գիրին ու գրականութեան անաղարտ պահպանման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES