Արի Արանց Ծրագիրներ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախի մէջ ներդրումները քաջալերելու պետական ծրագիրը սկսած է արդիւնք տալու: Պէյրութէն այցելուս, հին բարեկամ մը` Մասիս Ալեքսանեանը, խանդավառութեամբ կը պատմէ «ԱՌԻ» եւ «ԱՌԻ-2» անունով` Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներուն մասին, որոնք արդէն սկսած են բարելաւելու Քաշաթաղի բնակչութեան կենսամակարդակը:

«ԱՌԻ»-ն ծնած է Քաշաթաղի զարգացման նուիրուած համագումարէն ետք, երբ խումբ մը լիբանանահայ ձեռնարկատէրեր որոշած են խօսքը գործի վերածել եւ շրջանը այցելելով` տեղւոյն վրայ քննել իրենց օգնութեան ծրագիրները: Արցախի վարչապետին` Արա Յարութիւնեանի հետ ունեցած քանի մը խորհրդակցական հանդիպումներէ ետք, խումբը որոշած է, փոխանակ օգնութիւն բաշխելու, մշակել ներդրումային ծրագիր մը:

Արցախի կառավարութեան առաջարկը ընդունելով` Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի շրջանակէն ներս աշխատող այս ձեռնարկատէրերը կը կազմեն արտասահմանեան ներդրումային, բաժնետիրական ընկերութիւն մը, զոր կը կոչեն «ԱՌԻ» (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ), որուն կեդրոնը, զանազան նկատառումներով, կը դառնայ Կիպրոսը:

Ընկերութիւնը Արցախի «Ակրոֆոնտ»-ին կը փոխանցէ գումարներ, որոնք համեմատաբար ցած տոկոսով պարտք կը տրուին Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի բնակիչներուն` գիւղատնտեսական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Ցարդ «ԱՌԻ»-ն ու «ԱՌԻ-2»-ն 1,300,000 տոլար փոխանցած են «Ակրոֆոնտ»-ին: Յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ գումարներ պիտի փոխանցուին. զոյգ ընկերութեանց դրամագլուխը 1,800,000-ի հասած է: Արցախի կառավարութիւնը երաշխաւորած է այս ներդրումները եւ ներդրողներուն տարեկան 9 տոկոս կը վճարէ: Գիւղացիներուն կը տրուին երեք հազար տոլարի վարկեր: Ցարդ, ուրեմն, վեց հարիւր քաշաթաղցիներ ու քարվաճառցիներ իրենց կեանքը բարելաւելու հնարաւորութիւն ստացած են:

«ԱՌԻ»-ները արի ձեռնարկատէրեր կը փնտռեն: Ներկայ արիներու շարքին ամերիկահայեր ալ կան: Հրաւիրուած էք նաեւ դուք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES