Լուսարձակ` Ապու Տապիի Հայութեան Իրավիճակին. «Առանց Լիբանանահայութեան` Սփիւռքահայութիւնը Վտանգուած Է» «Ազդակ»-Ին Ըսաւ Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան
Արաբական թերակղզիին մէջ, Պարսից ծոցին մօտ գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երկիրը կը նկատուի շրջանին մէջ արագօրէն զարգացող տնտեսապէս խոստմնալից վայրերէն մէկը: 2 դեկտեմբեր1971-ին պաշտօնապէս անկախ հռչակուած այս երկիրը ունի դաշնակցային վարչակարգ, դրամանիշը` տիրհամ (100 ֆիլս) ու կ՛ընդգրկէ` Ապու Տապիի (որ նաեւ մայրաքաղաք է 67,340 քառ. քմ. տարածութեամբ ու կ՛երկարի Ա. Մ. Էմիրութեանց ընդհանուր տարածութեան 80 առ հարիւր տոկոսին վրայ), Աժմանի, Շարժայի, Ումմ Քուէյնի, Ռաս Խայմէի, Տուպայի եւ Ֆուժայրայի եօթը էմիրութիւնները: Մեծ մասամբ անապատային այս երկրին աւելի քան 80 հազար քառ. քմ. հաշուող տարածութեան վրայ կ՛ապրի շուրջ 9 միլիոն մարդ (2009-ի տուեալներով, 8,9 միլիոն մարդ կը հաշուէր բնակչութիւնը). անոնց 9 տոկոսը միայն Ա. Մ. Էմիրութիւններու քաղաքացիներ են, իսկ մնացեալ 91 տոկոսը կը կազմեն 160 զանազան ազգութիւններու քաղաքացիներ, որոնց կարգին նաեւ` հայեր:
Հայերու գոյութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կ՛երթայ մինչեւ 16-րդ դարու սկիզբը, երբ հայ վաճառականներ փորձած են նախաձեռնել առեւտրական կապերու հաստատման ու կազմակերպման` Ծոցի շրջանի արեւելեան ու արեւմտեան մասերուն միջեւ: Իսկ 20-րդ դարուն, յատկապէս` 60-ական թուականներուն, հետզհետէ հայեր հաստատուած են այս շրջաններուն մէջ, առաւելաբար` առեւտրական հետաքրքրութիւններով: Աւելի ուշ, 1975-ին բռնկած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը, 1979-ին Իրանի մէջ շահի վարչակարգին փոփոխութիւնը, Իրան-Իրաք պատերազմը, այս բոլորը մղած են նշեալ շրջաններու եւ մերձակայքի, յատկապէս` Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի հայերը, կայք հաստատելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Անոնք առաւելաբար հաստատուած են Ապու Տապիի, Շարժայի եւ Տուպայի մէջ: Նմանապէս, հայեր, գլխաւորաբար տնտեսական պատճառներով ու աշխատանքի պաշտօնի բերումով, Ա. Մ. Է. ժամանած են Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Քանատայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն: Ազգային վարչական ու յատկապէս կրօնական իմաստով, Ա. Մ. Էմիրութիւններու հայ գաղութը մաս կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետեւող Քուէյթի եւ Արաբ. ծոցի երկիրներու թեմին, որ կ՛ընտրուի չորս տարին անգամ մը եւ կը բաղկանայ 21 անդամներէ: 1998-էն ի վեր Շարժայի Եարմուք շրջանին մէջ գոյութիւն ունի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Վերջերս շրջանին մէջ իրագործուած կարեւոր քայլերէն են, օրինակ, 23 դեկտեմբեր 2010-ին Տուպայի մէջ հիմնուած ՀՕՄ-ի մէկ նոր մասնաճիւղը եւ 16 ապրիլ 2011-ին Շարժայի մէջ հիմնուած Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղը:
Հայութեան Թիւը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ
Թուական Հայ Աղբիւր Նոյեմբեր 2007 3900 «Ազատ-Հայ» կայքէջ Յուլիս 2009 5000 «Ազատ-Հայ» կայքէջ Ապրիլ 2011 7900 Ամերիկեան Ճ. Բ. կայքէջ Մայիս 2012 3000-6000-ի միջեւ Ուայքիբիտիա կայքէջ — 5000-6000-ի միջեւ Ա. Մ. Է.-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն — 3000 Արմինիա Տիասփորա տոթքոմ Ա. Մ. Էմիրութիւններու հայութեան թիւին մասին տեղեկութիւնները կը տարուբերին 3000-8000-ի միջեւ, իսկ Ապու Տապիի հայութեան գծով` 300-1000-ի միջեւ: Հաւանաբար նշեալ թիւերուն տարբերութիւնը կամ ճշգրտութեան շփոթը կարելի է վերագրել այն իրողութեան, որ որոշ թիւով հայեր, հայրենիքէն թէ սփիւռքի զանազան գաղութներէն, գործի բերմամբ ժամանակաւոր կամ կարճատեւ այցելութեամբ Ա. Մ. Էմիրութիւններ կը մեկնին, ինչպէս` Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական (նախկին) փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Վանայ Ձայն»-ին հետ իր հարցազրոյցով կը լուսաբանէ: Հոս ալ, ինչպէս համայն սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մէջ, կան հայեր, որոնք հետաքրքրուած կամ հաղորդուած չեն ազգային կեանքով ու հեռու են հայութեան հետ առնչուող ազգային որեւէ ձեռնարկէ: Գաղութի հայութեան մասին տեղեկատուական կարեւոր աղբիւրներ կը նկատուին` հայկական զանազան կայքէջեր, ինչպէս, օրինակ, Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջերը, ինչպէս նաեւ անհատական նախաձեռնութիւններ, օրինակ` գաղութի ազգային գործունեայ դէմքերէն` Հրաչ Քալսահակեանի 2003-ին հիմնած «Ազատ հայ» կայքէջը եւ այլն:
Ա. Մ. Էմիրութիւններու գաղութը, հայկական այլ գաղթօճախներու նման, իր կարգին ենթակայ է աշխարհասփիւռ հայութեան սպառնացող բազմաթիւ վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ ամէնէն լուրջը կը նկատուի այլասերման «սպիտակ ջարդ»-ը, ինչպէս իրաւացիօրէն ախտաճանաչում կատարած է Կորիւն արք. Պապեան` իր նշեալ հարցազրոյցին մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի Էմիրութեանց մէջ տեղի ունեցող ամուսնութիւններուն, աւելի քան 160 զանազան ազգերու այդ խառնարանին մէջ պատկերը շատ տխուր է: Խառն ամուսնութիւնները 70-80 տոկոսի հասած են: Այսուհանդերձ, հսկայական ճիգեր ի գործ կը դրուին տեղւոյն ազգային վարչութիւններուն եւ անոնց գործակից մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն միջոցով պայքարելու մեզի սպառնացող «սպիտակ ջարդ»-ին դէմ»: Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու
Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ`ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Այս եւ նման մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու նախանձախնդրութեամբ է, որ կը գործեն այդ շրջանի ազգային, հոգեւոր մարմիններն ու կազմերը:
Այս առնչութեամբ, օգտուելով Ապու Տապիի Հայ ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վարդգէս Ոսկեբերան Արզումանեանի Լիբանան կատարած կարճատեւ այցելութենէն` «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ:
Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Օգտուելով Լիբանան կատարած ձեր կարճատեւ այցելութենէն, ուզեցինք մօտէն ծանօթանալ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, յատկապէս Ապու Տապիի հայութեան իրավիճակին: Ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի այս մասին: Կ՛ուզէ՞ք պատմական ամփոփ ակնարկ մը փոխանցել մեզի:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ.- Պատմական իմաստով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ հայութիւնը 1960-ական թուականներէն իսկ ներկայութիւն է, սակայն հոգեւոր ու ազգային կեանքը հետզհետէ թափ առաւ ու աւելի կազմակերպուեցաւ 80-ական թուականներէն ետք, յատկապէս երբ 1979-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Օշական արք. Չոլոյեան այցելեց Քուէյթ եւ մերձակայ երկիրները` մօտէն ծանօթանալով շրջանի հայութեան իրավիճակին: Ապա Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ իր նշանա կումէն ետք զարկ տուաւ ու նպաստեց մեր գաղութի կազմակերպման: Քուէյթի եւ մերձակայ երկիրներու, ներառեալ Ա. Մ. Էմիրութիւններու շրջանին համար կայ չորս տարին անգամ մը ընտրովի թեմական մարմին մը` բաղկացած հոգեւոր ու աշխարհական 21 անդամներէ: Թեմական խորհուրդը իր կարգին կը նշանակէ նշեալ շրջաններու ազգային վարչութիւնները` երկու տարուան համար: Ապու Տապիի շրջանէն ազգային չորս երեսփոխաններ մաս կը կազմեն թեմական այս խորհուրդին:
«Ա.».- Խօսինք Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան մասին, որուն ատենապետն էք դուք: Գլխաւորաբար ո՞ր մարզերու ուղղութեամբ կը կիրարկէք ձեր երկամեայ գործունէութեան ծրագիրը: Ներկայիս որքա՞ն է հայութեան թիւը Ապու Տապիի մէջ:
Տ. Վ. Ա.- Նախ ըսեմ, որ մեր գաղութի հայորդիները կու գան զանազան երկիրներէ եւ մենք, իբրեւ գաղութ, պաշտօնական ճանաչում չունինք յաչս պետութեան, որովհետեւ մեր ազգայինները կը կրեն իրենց պատկանած երկրին քաղաքացիութիւնը: Միակ հասարակ յայտարարը մեր ծագումով հայ ըլլալն է: Այլ խօսքով, իբրեւ հայ` պետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը ճանչնայ իբրեւ ներկայացուցիչ, իսկ իբրեւ լիբանանցի` լիբանանեան դեսպանատունը կը ճանչնայ եւ այլն: Ներկայիս մօտաւորապէս 600-800 հայ կը հաշուենք Ապու Տապիի մէջ: Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան մեր ծրագրին մէջ, գլխաւորաբար թիրախ կը նկատենք ազգային, հոգեւոր, ընկերային, կրթական ու մշակութային մարզերը: Ու այս բոլորին իրագործման համար կը նշանակենք յատուկ յանձնախումբեր, ինչպէս` երիտասարդաց յանձնախումբ, տիկնանց յանձնախումբ, կրթական, մշակութային, եկեղեցական մարմիններ, թաղական խորհուրդ եւ այլն:
«Ա».- Կրնա՞ք աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել իւրաքանչիւր մարզի մասին, օրինակ, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կամ մարտահրաւէրներ կը դիմակալէք:
Տ. Վ. Ա.- Այո՛, ազգային առումով մեր դիմաց ծառացող հիմնական մարտահրաւէրը հայապահպանման հարցն է: Այս առնչութեամբ ներքին դասախօսութիւններ կը կազմակերպենք, վառ պահելու համար մեր ազգային տօներն ու աւանդութիւնները, ինչպէս, օրինակ, Ս. Ծնունդի, Վարդանանցի, Ս. Զատկուան, ապրիլ 24-ի, մայիս 28-ի տօնակատարութեան, Հ. Հանրապետութեան 21 սեպտեմբերի վերանկախութեան եւ այլ յարգելի առիթներով:
Կրթական մարզը առանցքը կը կազմէ մեր գործունէութեան: Ապու Տապիի մէջ ունինք Ազգային միօրեայ վարժարանը, որ կը գործէ 1981-էն ի վեր: Իբրեւ հայ օճախ` հայապահպանման գլխաւոր կռուան մըն է այս վարժարանը: Հոս կը փորձենք մատղաշ սերունդին ջամբել ազգային դաստիարակութիւն, հայոց պատմութիւն, մայրենի լեզու եւ անշուշտ` հոգեւոր կրթութիւն եւ կիրակնօրեայ ծրագիր: Ապու Տապիի վարժարանը մեր սրտի հատորն է, մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ դասարանի մակարդակով աշակերտներ շաբաթական միօրեայ հերթականութեամբ կը հետեւին մեր կրթական մշակներու կամաւոր դասաւանդութեան: Տարեվերջին յատուկ հանդիսութեամբ կը նշուին մեր ազգային աւանդական տօներն ու սուրբ առիթները, ինչպէս` Ս. Ծնունդ, Զատիկ, Բարեկենդան, Վարդանանք եւ այլն:
Մշակութային առումով նկատի կ՛ունենանք ազգային թէ հոգեւոր յատուկ առիթներ, ինչպէս` հայ տպագրութեան 500-ամեակը եւ այլն:
Ընկերային իմաստով կը փորձենք կապ պահել գաղութի զանազան պատկանելիութեանց հայորդիներուն հետ, տեղեակ ըլլալ անոնց կացութեան մասին, եւ եթէ պէտք է, ի հարկին օգնութեան հասնիլ: Երբեմն դուրսէն երգիչներ կը հրաւիրենք ու ընկերային ձեռնարկներ կը կազմակերպենք:
Հոգեւոր, յատկապէս կրօնական իմաստով Շարժայի քահանան պարբերաբար Ապու Տապի կու գայ եւ սուրբ պատարագ կը մատուցէ շրջանի յունական եկեղեցիին մէջ` ներկայութեամբ գաղութի հայորդիներուն: Հոս կ՛ուզեմ ուրախութեամբ աւետել, որ պատմական անկիւնադարձային իրագործում էր վերջերս Ապու Տապիի մէջ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնարկէքը Արամ Ա. վեհափառին կողմէ:
«Ա.».- Նշեցիք Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, ի՞նչ պայմաններու տակ ծնաւ այդ գաղափարը եւ ինչպէ՞ս կարելի եղաւ իրագործել զայն. կրնա՞ք մանրամասնել:
Տ. Վ. Ա.- Այո՛, Ապու Տապիի մէջ առաջին այս եկեղեցւոյ հիմնարկէքի գաղափարը օրուան ծնունդը չէ: Երջանկայիշատակ, վախճանեալ Գարեգին Ա. վեհափառին օրով է, որ առաջին անգամ ծնաւ այս փայլուն գաղափարը, երբ ան աւելի քան 15 տարիներ առաջ այցելեց մեր շրջանը եւ ծանօթացաւ շրջանի հայութեան իրավիճակին եւ օրուան նախագահ (այժմ հանգուցեալ) նորին վսեմութիւն շէյխ Զայետ Պըն Սուլթան Ալ Նահիանի մօտ արծարծեց եկեղեցւոյ կառուցման համար յատուկ հողաշերտի մը հայթայթման հարցը: Սկզբնական շրջանին գրեթէ երազ մը կը թուէր ըլլալ այդ մէկը, որ սակայն իրագործուեցաւ շնորհիւ Արամ Ա.ի խորհուրդներուն եւ հետեւողական ճիգերուն: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ, իր կարգին, շրջան կատարած իր այցելութեանց ընթացքին այս հարցը արծարծեց երկրի գերագոյն իշխանութեանց հետ: Եւ 1998-ին երկրի նախագահին կողմէ Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրուեցաւ 100 հազար ամերիկեան տոլար` խոստանալով մօտիկ ապագային իրագործել նաեւ եկեղեցւոյ շինութեան համար յատուկ հողաշերտի յատկացումը: Անցնող տարիներու ընթացքին, շնորհիւ կատարուած հետապնդումներուն, ինչպէս նաեւ` հայ համայնքին նկատմամբ Արաբական Էմիրութեանց իշխանութեան ցուցաբերած բարեացակամութեան ու վստահութեան, 2006-ին երկրի գահաժառանգին յատուկ հրամանագրով Ապու Տապիի արուարձաններէն Մուսաֆֆահ շրջանին մէջ եկեղեցւոյ կառուցման համար յատկացուեցաւ յատուկ հողաշերտ մը` 2475 քառ. մեթր տարածութեամբ: Ինչպէս գիտէք, անցնող մայիսի 4-ին պատմական շքեղ հանդիսութեամբ հիմնարկէքը կատարուեցաւ Ապու Տապիի առաջին հայ եկեղեցւոյ, որ Արամ Ա. վեհափառ հօր որոշումով կոչուեցաւ Սուրբ Նահատակաց եկեղեցի` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Այս առիթով Լիբանանէն յատուկ կերպով հրաւիրեցինք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը: Ազգային այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ, վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին նաեւ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու կինը` տէր եւ տիկին Գեղամ Ղարիբջանեան, Տէր Զօրի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան, Տուպայի, Ապու Տապիի ու Քաթարի ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ: Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, մեր եկեղեցին ունի 16 սիւներ` համապատասխան Քրիստոսի 12 առաքեալներուն եւ 4 աւետարանիչներուն: Եկեղեցւոյ 16 սիւները կ՛ունենան իրենց կնքահայր բարերարները, որոնք հիմնարկէքի յատուկ քարերը իրենց ձեռքին` մէկ առ մէկ ներկայացան վեհափառ հայրապետին, որ միւռոնով օծեց քարերը, եւ ապա անոնք զետեղուեցան բարձրանալիք 16 սիւներուն վայրերը:
«Ա.».- Իսկ ազգային ձեր գործունէութեան ծիրին մէջ Հայ դատի ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի՞ք:

Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան, Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Արամ Ա. վեհափառ
Տ. Վ. Ա.- Վստահաբա՛ր. հակառակ նախորդ տարիներու սովորութեան, երբ ներքին դասախօսութիւններ կը կազմակերպէինք, ուզեցինք այս տարի յատուկ ձեւով նշել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այս առիթով անցնող 28 ապրիլին կազմակերպեցինք կլոր սեղան մը եւ հրաւիրեցինք զանազան շրջաններու Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուները` Երեւանէն ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի մարմինի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը, Պէյրութէն` Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանը, Ուաշինկթընէն` Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեանը եւ Պրիւքսելէն` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետեանը: Այս կլոր սեղանի քննարկումին առանցքը կազմեցին ազգային բնոյթի թեմաներ, ինչպէս` «Որքանո՞վ իրապաշտ ենք», «Ի՞նչ է մեր թիրախը, նպատակը», «Ի՞նչ կ՛ակնկալուի մեզմէ` իբրեւ գաղութ», «Ո՞վ է մեր իսկական թշնամին», «Ո՞ւր հասանք» եւ այլն: Մեծ շուքով կազմակերպուած այս ձեռնարկը աննախընթաց ու գօտեպնդիչ էր: Երեքուկէս ժամ տեւած քննարկումները նկարահանուեցան պատկերիզի վրայ ու հետագային լոյս պիտի տեսնեն յատուկ հրատարակութեամբ: Ձեռնարկին հիւրաբար ներկայ էին Հայաստանի դեսպանը, Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ արք. Փանոսեանը եւ այլ հրաւիրեալներ:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս է ձեր կապը գաղութի հայորդիներուն հետ, յատուկ կայքէջ կամ ե-նամակի հասցէ ունի՞ Ազգային վարչութիւնը: Եթէ ոեւէ մէկը Ապու Տապի ժամանէ, յատուկ կեդրոն մը կամ ակումբ մը կա՞յ, որ այցելէ:
Տ. Վ. Ա.- Դժբախտաբար տակաւին յատուկ կեդրոն մը չունինք, բայց կրնամ աւետել, որ մօտ ատենէն Ս. Նահատակաց եկեղեցիի կառուցման առընթեր կ՛ունենանք նաեւ յարակից բաժիններ, որոնց կարգին` յատուկ կեդրոն մը: Ապու Տապիի Ազգային վարչութիւնը ունի իր սեփական կայքէջը` դիմատետրի վրայ (Ֆէյսպուք), ուր յատուկ դիմումով կը հրաւիրենք անդամները: Նմանապէս, երբ փոխանցուելիք կարեւոր լուր կամ նորութիւն մը ըլլայ, շուտով իրարու կը կապուինք մեր անհատական ե-նամակներուն միջոցով եւ անդամները տեղեակ կը պահենք գաղութի նորագոյն քայլերուն մասին:
«Ա.».- Նիւթական գործունէութեան գծով նշեցիք, թէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցման կնքահայր բարերարներ կան, նաեւ նշեցիք, թէ ի հարկին գաղութի անդամներուն օգնութեան կը հասնիք, այս մէկը նաեւ նիւթակա՞ն օգնութիւն կ՛ենթադրէ: Ծանօթ է, որ դուք անձնապէս նիւթական մեծ ներդրումով կը մասնակցիք ազգօգուտ քայլերու եւ նպատակներու, ունիք «Ոսկեբերան Արզումանեան կրթական ֆոնտ»-ը, եւ ճի՞շդ է որ մտադիր էք դուք ստանձնել վերոյիշեալ ապրիլեան ձեռնարկի պատկերիզներու հրատարակման ծախսերուն մեկենասութիւնը: Իսկ արտաքին գծով, քոյր միութիւններու կ՛օժանդակէ՞ք, օրինակ` հայրենիքի կամ Արցախի համար նպաստի կամ «թելեթոն»-ի կը մասնակցի՞ք:
Տ. Վ. Ա.- Անձնապէս իմ նիւթական ներդրումիս թէ մեկենասութեան գծով տեղեկութիւնները ճիշդ են ու կը նախընտրեմ չմանրամասնել այս մասին: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցման, ճիշդ է, նուիրատու մեկենասներ գտած ենք ու այս գծով թեմական մարմինին որոշումով արդէն կազմուած է շինարարական յանձնախումբ մը: Նմանապէս, եթէ տեղեակ ըլլանք, թէ գաղութը հայ մը ժամանած է, մնայուն թէ ժամանակաւոր կերպով կամ գործի բերումով, կը կապուինք հետը, ու եթէ պէտք է, կ՛օգնենք: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտաքին օժանդակութեանց` արտաքին քոյր միութիւններու օժանդակութեան, հայրենիքի թէ Արցախի գծով, կամ ազգային յատուկ առիթներով, ինչպէս` հայ տպագրութեան 500-ամեակ, «Ազդակ»-ի 85-ամեակ եւ այլն, կը նպաստենք ու կը մասնակցինք «թելեթոն»-ին, ով որ կը փափաքի` անհատաբար եւ ոչ թէ իբրեւ Ազգային վարչութիւն:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր յարաբերութիւնները Ապու Տապիի մէջ պետական մարմիններուն, քոյր միութիւններուն, Լիբանանի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն հետ:
Տ. Վ. Ա.- Ապու Տապիի մէջ անջատ կամ ինքնուրոյն քոյր միութիւններ չկան. սակայն մեր կապերը շատ լաւ են պետական պատկան մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն հետ: Նմանապէս, մեր կապերը շատ լաւ են արտաքին մեր ազգային կառոյցներուն թէ մարմիններուն հետ, ինչպէս` սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ այլն:
«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ ունիք ըսելիք հայութեան ու յատկապէս` լիբանանահայութեան:
Տ. Վ. Ա.- Իբրեւ սփիւռքահայ, ուր որ երթանք կը տեսնենք, որ լիբանանահայութիւնը սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտն է, Լիբանանը պարզապէս քարտէսի վրայ հասցէ մը չէ, լիբանանահայութիւնը այն աւիշն է, որ ղեկավարներ կը հայթայթէ… Մօտէն կը հետեւինք անոր գործունէութեան ու նախանձախնդիր ենք այս գաղութի բարգաւաճման ու ծաղկումին: Առանց լիբանանահայութեան` սփիւռքը տկար է, առանց լիբանանահայութեան` սփիւռքը վտանգուած է: Առանց լիբանանահայութեան` մենք չենք կրնար գոյատեւել, ի մասնաւորի` ազգային մեր բոլոր հիմնարկներուն եւ կառոյցներուն մէջ, որովհետեւ լիբանանահայութիւնն է, որ կը կրէ հիմնական դերն ու բեռը սփիւռքի կեանքին մէջ: Լիբանանահայ մեր եղբայրները հիմնական դեր ունին սփիւռքի կեանքին մէջ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ լիբանանահայ մեր եղբայրներուն:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ



