Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հայ Ընտանիքին Առո՛ղջ Գոյատեւումին Համար…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, Զմմառի «Վերափոխեալ Աստուածածին» հայավանքին հրաշագործ Ցաւամօր սրբանկարին հովանիին ներքեւ երէկ տօնեցինք «Հայ ընտանիքին օր»-ը:

Ելոյթները, վկայութիւնները, աղօթքներն ու խնդրանքները կեդրոնացան հայ ընտանիքին մասին, որ իրաւացիօրէն կը նկատուի շատ վտանգուած:

Եթէ հայ ընտանիքը վտանգուած է, ապա վտանգի ենթարկուած է նաեւ մեր ինքնութիւնը, մեր լինելութիւնը, մեր ազգութիւնը եւ ուստի` մեր լեզուն, մեր մշակոյթը:

Այսօր, սակայն, չեմ փափաքիր գրել այդ առկայ վտանգուածութեան եւ անոր բազմազան հետեւանքներուն մասին, այլ կ՛ուզէի առաջարկել դարմանումը:

Մէկ տարի առաջ ներկայացաւ վարդապետիս հայ երիտասարդ տիկին մը, որ ունէր շատ անձնական եւ ընտանեկան հարցեր: Միջնորդ քոյրն ալ ներկայ էր: Լիովին մտիկ ընելէս յետոյ տուի պէտք եղած թելադրանքները: Անդրադարձայ, թէ չէր համոզուած: Խօսակցութեան աւարտին շեշտեցի աղօթքին անհրաժեշտութիւնն ու պտղաբերութիւնը` թէ՛ անհատին եւ թէ՛ ընտանիքին համար: Նշմարեցի անոր քմծիծաղը…

Ասկէ քանի մը օր առաջ ծանօթ տիկինը հեռաձայնեց ինծի` անուղղակի փոխանցելու համար ներողութիւնն իր քրոջ անունով. զարմացայ. մեր հանդիպումէն երկար ժամանակ անցած էր: Անակնկալէս հարցուցի, թէ ի՞նչ պատահած էր…

«Վարդապե՛տ, երկու օր առաջ քոյրս գնաց բանախօսութեան մը, որմէ թեթեւցած եւ ուրախացած վերադարձաւ տուն: Բայց նաեւ շատ զարմացած էր, որ հոգեբան բանախօսը շեշտեց կարեւորութիւնը աղօթքին եւ մարդուն աղօթելուն` իր հանգստութեան ու հարցերուն լուծումին համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուք շեշտած էիք քրոջս, երբ ձեզի եկաւ տարի մը առաջ»:

Ժպտեցայ եւ լուռ մնացի: Ո՛չ առաջին անձն էր եւ ո՛չ ալ առաջին դէպքն էր: Ուղղակի կամ անուղղակի հասած էի նպատակիս, եւ այս է կարեւորը: Բայց աւելի անհրաժեշտն է, որ վարդապետէն եւ հոգեխօսէն ստացած դասը թէ՛ ջանայ ու թէ՛ սորվեցնէ իրագործել իր անձնական եւ ընտանեկան ապրելակերպին մէջ ամէնօրեայ:

Ամէն մարդ գիտէ, որ կեանքին մէջ կան դժուարութիւններ: Բայց ամէն մարդ չի գիտեր, որ ամենայոռի տառապանքը կը սկսի, երբ անձ մը կը խորհի, թէ ինքն է վարպետը իր արարքին կամ տէրը իր կեանքին…: Ուստի կը յանգի այն սխալ եզրակացութեան, թէ չկայ Նախախնամութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ, կը վարէ եւ կ՛օժանդակէ:

Այսպէս, կը խզէ բոլոր կապերը երկնայինին հետ, ինքզինք կը դադրեցնէ ըլլալէ զաւակն Աստուծոյ: Այսպէս, հազիւ կտրէ իր զօդը Տիրոջ ու Տիրամօր հետ, ամէն տեսակ նեղութիւն կը հասնի մարդուն, որ ինքզինք կը զգայ բոլորովին առանձին:

Բայց այսպիսի անհատ մը հասկնալու եւ ընդունելու է, թէ ի՛ր սխալն է իր առանձնութիւնը, քանի երկինքը չէ, որ կը լքէ զինք, այլ ի՛նքն է, որ կռնակ կը դարձնէ երկնայինին:

Այսպիսի անհատ մը, սակայն, նաեւ հասկնալու եւ ընդունելու է, որ իր հարցերը լուծել եւ իր առանձնութիւնը փարատել, ինչպէս ալ օգնութիւն, հոգեսնունդ եւ լուսաւորում ստանալ կարենալու համար, երբեք խզելու չէ իր կապերը երկնայինին հետ, որովհետեւ երկինքը երբեք չի ձգեր իր զաւակը, որ տնքայ, լայ եւ մնայ առանձին:

Այսպիսի անհատներ եթէ կ՛ուզեն ըլլալ եւ մնալ հզօր, երջանիկ ու մանաւանդ` ազատ, պէտք է սորվին ենթարկուիլ աստուածային օրէնքներուն: Այս ենթարկումը, սակայն, այն ամէնէն բերրի՛ ու ճի՛շդ ազատութիւնն է, որ մարդերուն մէջ կը գոյացնէ անբացատրելի գոհունակութիւնը եւ կեանքին կու տայ իմաստը:

Աստուածային օրէնքներուն հեղինակն է Յիսուս Քրիստոս, որ ոչ միայն աղօթեց  եւ սորվեցուց աղօթել, այլ նաեւ հրահանգեց բոլոր դարերուն եւ բոլոր մարդերուն. «Աղօթեցէ՛ք եւ հսկեցէ՛ք»:

Վերոյիշեալ հայ տիկինէն երբ կը խնդրէի, որ աղօթէ թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ՛ իբրեւ ընտանիք, աչքիս առջեւ ունէի երկու պատմական եւ սուրբգրային դրուագներ, որոնք կը պատկերեն հաւատացեալ անձերու եւ անոնցմէ կազմուած առո՛ղջ ընտանիքներու առո՛ղջ ապրելակերպը` հպատակ աստուածային օրէնքներուն:

Երկու դէպքերուն հեղինակն է Ս. Ղուկաս աւետարանիչը, որ «Առաքեալներու գործերը» իր մատեանին մէջ կը նկարագրէ յիսուսական խմբակին եւ ապա աւելի ուշ` քրիստոնեայ հաւատացեալներու առաջին հասարակութեան կենցաղավարումը: Երկու պարագաներուն ալ կազմուելու սկսած էր «Աստուծոյ ընտանիքը», որ նախատիպն ըլլալու է «Հայ ընտանիքին»…

Յիսուսի համբարձումէն ետք` «առաքեալները … միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքին մէջ քանի մը կիներու ու Յիսուսի Մօր` Մարիամի եւ անոր ազգականներուն հետ» (Գ. Առ. 1, 12 եւ 14):

Աստուած Ս. Հոգիին գալուստէն ետք` «անոնք կը յարատեւէին առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացին բեկանումին եւ աղօթքներուն» (Գ. Առ. 2, 42):

Արդ, կը լսեմ նախկին հայ աշակերտիս` այսօր երիտասարդ փաստաբանին փորձառութիւնը. «Վարդապե՛տ, երբ վերսկսայ աղօթել, սկսայ զգալ ինքզինքս հզօր, ապրիլ երջանիկ եւ ըլլալ ազատ…»:

Հուսկ, անցեալէն կը մտաբերեմ աւստրիացի բարեկամիս` միջազգայնօրէն հռչակեալ սրտաբան բժշկապետին վկայութիւնը. «Կինս, զաւակներս եւ ես կ՛աղօթենք ամէն օր: Աղօթքն է, որ մեզ իրարու աւելի կը սերտացնէ իբրեւ ընտանիք. մեր ամէնօրեայ աղօթքով կը յաղթահարենք ամէն տեսակ դժուարութիւն, բայց մանաւանդ վարդարանի աղօթքն է, որ զիս եւ ընտանիքս կը զօդէ երկնայինին հետ` ուրախ, զօրաւոր ու անկաշկանդ պահելով մեզ Աստուածամօր հովանիին ներքեւ…»:

Այնճար, 18 յունիս 2012             

 

Share this Article
CATEGORIES