«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Յստականայ Ուլիսի Մրցակիցը

Այսօր` երկուշաբթի, 25 յունիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 14:00-ին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող Եու. Է. Էֆ. Ա.ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. եւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Հայաստանի ախոյեան Ուլիս զտումի իր մրցումներուն պիտի սկսի Բ. հանգրուանէն: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 17-18 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումները` 24-25 յուլիսին:

Նշենք, որ զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 6 խումբեր, իսկ Բ. հանգրուանի մրցումներուն` 34 խումբեր:

 

Share this Article
CATEGORIES