Հոգեզմայլ Սուրբ Պատարագ Մոսկուայի Հայոց Հոգեւոր Հովիւ Մարտիրոս Քհնյ. Պէրպէրեանի Մատուցմամբ

Կիրակի, 8 յուլիս 2012-ը դրոշմուած պիտի մնայ հայաշատ Պուրճ Համուտի հաւատացեալ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Տարիներ ետք, անբասիր հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ` Նուպար Պէրպէրեանի որդին Մարտիրոս քհնյ. Պէրպէրեան սուրբ պատարագ մատուցեց Սրբոց Վարդանանց նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ:

Այժմ Մոսկուայի հայոց հոգեւոր հովիւ, նոյնպէս հայաշատ Պուրճ Համուտի զաւակ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրեալը այսօր մեծ յարգանք ու պատիւ կը վայելէ աւելի քան 2 միլիոն հաշուող Ռուսիոյ մայրաքաղաքի հայ բնակչութեան մօտ` ամէն կարգի աջակցութիւն ցուցաբերելով սփիւռքահայ թէ մայր հայրենիքէն ժամանած հիւրերուն թէ այցելուներուն:

Տէր Մարտիրոս այսօր իրաւամբ կը նկատուի Մոսկուայի հայոց հոգեւոր հովիւն ու ազգային սիւներէն մէկը:

Հոգեզմայլ սուրբ պատարագին առանձնապէս փայլ տուին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասն ու երգչախումբը: Սուրբ պատարագի աւարտէն ետք ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի դահլիճին մէջ, ուր բարեմաղթանքներէ ետք, երգչախումբը հիանալիօրէն կատարեց եկեղեցական եւ ազգագրական երգեր` ի պատիւ արժանաւոր հիւրին:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES